ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին Պրնենքի «Մարիոթ» պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիա-Հայաստան տնտեսական խորհրդաժողովը եւ համագործակցութեան հասկացողութիւն մը Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի միջեւ, որուն ներկայ էին 270 մասնակիցներ։
Ժողովին ներկայ էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Խորհրդաժողովը վարեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։ Խօսք առին հայ եւ ամերիկացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Վարչապետը եւ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան նախարար՝ Յակոբ Արշակեան, տնտեսութեան նախարար՝ Տիգրան Խաչատրեան խօսք առնելով անդրադարձան Հայաստանի հետ առեւտուր ընելու ստեղծուած լաւ պայմաններու, ներածելու եւ արտածելու հնարաւորութիւններու մասին։
Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ Հայաստան այն երկիրն է, որ լաւագոյնս կը համապատասխանէ Քալիֆորնիոյ հետ առեւտուր ընելու, իսկ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին գոյութիւնը համոզիչ այլ փաստարկ մըն է, որ Հայաստանի հետ պէտք է աշխատին՝ ուժեղացնելու առեւտուրն ու ներդրումային յարաբերութիւնները։
«Մենք հոյակապ հնարաւորութիւն ենք տեսնում՝ մտնելու Քալիֆորնիայի հսկայական առևտրի և ներդրումների պոտենցիալի մէջ: Միանգամայն ակնյայտ է, որ Հայաստանը երկիր է, որը լաւագոյնս համապատասխանում է Քալիֆորնիայի հետ բիզնէս անելուն: Գինեգործութիւնը, տեղեկատուական տեխնոլոգիաները, տուրիզմը և գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան ամենազարգացած սեկտորներից են», նշեց ան։
Ամերիկեան կողմէ խօսք առին ԱՄՆ առեւտուրի պալատներու եւ կառավարական անձնաւորութիւններ, անոնք նոյնպէս խօսեցան Քալիֆորնիոյ հետ առեւտուր ընելու հնարաւորութիւններու մասին։
Ապա Հայաստանի կողմէ նախարար Յակոբ Արշակեան եւ նախարար Տիգրան Խաչատուրեան, Մարիա Սալինաս, Լոս Անճելըսի Առեւտրական պալատի նախագահ եւ Սթիվըն Չանկ նախագահ՝ Միջազգային Առեւտուրի կեդրոնի, ստորագրեցին առեւտրական պայմանագիրը։
ՀՀ ԱՄՆ դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեանի փակման եւ շնորհակալական խօսքով, վերջ գտաւ այս իրապէս շահեկան ժողովը։
Ապա, ՀՀ վարչապետ Փաշինեան հարցազրոյց տալով “FoxNews11” հեռատեսիլի ալիքի թղթակից Ալեքս Մայքլսընին, ի միջի այլոց ըսած է. «Անխուսափելի է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը ճանաչեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ես վստահ չեմ, թէ կոնկրետ երբ դա կը լինի, բայց վստահ եմ, որ դա տեղի կ՚ունենայ»։
Խ. ՃԱՆՈՅԵԱՆ