Արփի Սարաֆեանի «Endless Crossings» գիրքի ներկայացում
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ Գործակցութեամբ Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան եւ ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան, «Ապրիլ» գրատան դասախօսական սրահը ժամադրավայրն էր գրասէր ընտրանիի մը եւ միութենական բարեկամներու, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու Արփի Սարաֆեանի անգլելէն լեզուով «Endless Crossing» հատորի ներկայացման։
Հատորի հեղինակը, պսակաւոր եւ մագիստրոս արուեստից վկայականները ստանալէ ետք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, դոկտորականը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն։
Երեսունչորս տարի պաշտօնավարած է որպէս դասախօս անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանէն ներս։
«Endless Crossings» հատորը կը պարփակէ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքին հետ առնչուած մշակոյթի եւ արուեստի հեղինակին յօդուածները, որոնք ատենին հրատարակուած են անգլիատառ թերթերու, ինչպէս «The Armenian Observer», «The Armenian Mirror Spectator», եւ “Armenian International Magazine»-ի մէջ։
Գրական երեկոյի բացումը հակիրճ կերպով կատարեց «Ապրիլ» գրատան արտօնատէր եւ ԹՄՄ-ի վարչական անդամ Արնօ Երէցեանը, որ հանգամանօրէն հրաւիրեց Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։
Քէշիշեան, որ ծանօթ մը եղած է Դոկտ. Սարաֆեանի գրական վաստակին, անդրադարձաւ հատորին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն ու կարգ մը ծանօթ անուններու, ակնարկելով Լոս Անճելըսի բազմամիլիոն բնակչութեան մէջ այլազանութիւնը փոքրամասնութեան պատկանող մշակոյթներուն։
Ապա, խօսքը տրուեցաւ հեղինակին, որ նախ շնորհակալութեան իր խօսքը ըսելէ ետք, անդրադարձաւ եւ ընթերցումներ կատարեց իր նախընտրա յօդուածներէն, մեկնաբանելով հոն տեղ գտած միտքերը, որոնք առհասարակ կը ձգտէին պահպանել գաղթական ժողովուրդի մը մշակոյթը, իր իւրայատուկ բարձրորակ արուեստով։
Հատորին մէջ տեղ գտած երկու արուեստագէտներու ներկայութենէն օգտուելով, առաջինը Արիզոնայէն յատկապէս ժամանած երգչուհի, դաշնակահարուհի Էլիզապէթ Փեհլիւանեանը, իսկ երկրորդը՝ բանաստեղծուհի Նելլի Տեմիրճեանը, որոնք իրենց սրտի շնորհակալական խօսքով դրուատեցին Սարաֆեանի հրատարակած հատորը։
Գրական երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն. իսկ ներկաներուն գնած գիրքերն ալ արժանացան հեղինակին մակագրութեան։
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ