Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Անցեալի յուշերէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Կիներու հաւաքը…

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Թէեւ ծնած եմ Երուսաղէմ, սակայն պատանեկութիւնս անցուցած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Ուրեմն այս յուշերը կու գան Հալէպէն, ուր գոյութիւն ունէր բաւական մեծ հայկական գաղութ մը՝ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն։

Այն ժամանակ՝ կիները չէին աշխատեր եւ կը գոհանային իրենց ամուսիններուն շահած եկամուտով, ըլլար այդ քիչ թէ շատ։ Կիներուն առօրեայ աշխատանքը կը կայանար առաւօտները շուկայ երթալով եւ գնում կատարելով, որպէսզի կերակուր պատրաստէին իրենց ընտանիքներուն։ Անշուշտ տնային այլ գործեր ալ մաս կը կազմէին՝ շաբաթական իրենց աշխատանքներուն։

Կերակուրի պատրաստութեան գնումները կը կատարուէին առաւօտները, երբ երեխաները դպրոց, իսկ մարդերը աշխատանքի գացած ըլլային։ Գնումները կատարելէ ետք, անոնք կը հաւաքուէին մէկու մը տունը, սուրճ խմելու եւ իրենց կերակուրի պատրաստութիւնը տեսնելու։ Պէտք է ըսել որ այս գործընթացը օրական կը պատահէր, քանի որ կերակուրցու ամբարելու սովորութիւն չկար՝ հոն։

Օրինակ՝ կին մը լուբիա կը մաքրէր, ուրիշ մը գետնախնձոր կը կեղուէր, երրորդ մը սմբուկ կամ դդում կը փորէր, չորրորդը ոսպ կը զատէր եւ այլն, նայած թէ ինչ կերակուր պիտի եփէին այդ օր։ Սակայն կերակուրի պատրաստութեան առընթեր, անոնք կը զբաղէին ընկերային հարցերով եւ մանաւանդ՝ բամբասանքով…

Հիմա եկէք պահ մը ականջ տանք անոնց խօսակցութեանց, որոնք տեղի կ՚ունենային «Խըրայ» Լուսինենց տունը։

– Լսեցի՞ք, շօֆէր Յակոբին աղջիկը նշաներ են ղասապ Սարգիսին մեծ տղուն հետ։

– Ի՞նչ կ՚ըսես, եթէ ես տասը աղջիկ ունենամ՝ մէկ հատն անգամ չեմ տար իրեն, շփացած զէվզէկին մէկն է։

– Այսօր շատ տխուր լուր մը առի։

– Ի՞նչ է, խեր ըլլայ։

– Դրացիս՝ «Ղարայ» Լուսընթագը, տղան ետ ըրեր է նշանածէն։

– Վա՜յ, իսկապէս շատ ցաւեցայ։ Ի՜նչ ալ գեղեցիկ աղջիկ է։ Ուսեալ, զարգացած եւ կար կարել ալ գիտէ։

– Գիտե՞ս, մեր եկեղեցիին Տէր Հօր քրոջ տղան՝ բանտ մտեր է։

– Ինչո՞ւ, ինչ յանցանքով բռնուած է որ։

– Խօսքը մէջերնիս, եկեղեցիին գանձանակէն դրամ գողցած է։

– Քոյրս, այս ի՞նչ օրերու մնացած ենք մենք…

Այս խօսակցութիւնը դեռ շատ կը շարունակուէր եթէ մէկը ժամացոյցին նայելով չյայտարարէր, թէ ժամանակը հասած է երթալու։ Յիշեմ, որ անոնք դեռ տուն չգացած՝ մսավաճառին կը հանդիպին, իրենց կերակուրի միսը գնելու։ Բայց չբաժնուած՝ անոնք որոշեցին յաջորդ առտու երթալ «Չիլ» Խաթընենց տունը։

 

Այրերու հաւաքը…

Այր մարդոց հաւաքը տեղի կ՚ունենար կամ սափրիչին խանութը եւ կամ ալ սրճարանին մէջ։ Անոնց խօսակցութեան նիւթը կը կեդրոնանար ազգային եւ քաղաքական հարցերու շուրջ։ Հոն ամէն մարդ՝ ինչ ալ ըլլար իր ասպարէզը, խոհուն քաղաքագէտ մըն էր եւ չեր կրնար հանդուրժել ուրիշին արտայայտած կարծիքին։

Այդ թուականներուն ելեւէջներով լի էր Սուրիոյ քաղաքական կեանքը։ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի միացումն ու ապա բաժանումը, արաբերէն լեզուի պարտադրութիւնը հայկական դպրոցներուն մէջ, արաբ-իսրայէլեան պատերազմը եւ ի վերջոյ՝ հայկական դպրոցներուն պետականացումը։ 

Հիմա եկէք պահ մը մտիկ ընենք անոնց խօսակցութեան։ Անոնք հաւաքուած էին Նոր
Գիւղի սրճարաններէն՝ «Չուխուր Ղայֆէի»-ին մէջ։

– Այդ Ապտըլ Նասէր ըսուածը գող աւազակին մէկը ելաւ։ Հալէպը կողոպտեց եւ բոլոր հարստութիւնը Եգիպտոս տարաւ։

– Հէչ, մի՛ ըսեր։ Հայաստան չուզեցինք երթալ, համայնավար է ըսելով։ Եկուր տես որ համայնավարութիւնը հիմա հոս եկաւ։

– Քեզի բան մը ըսե՞մ, Խորհրդային Միութեան զոհ գացինք։

– Հապա Իսրայէլին ի՞նչ կ՚ըսես։ Ամբողջ Պաղեստինը գրաւեց եւ Իսրայէլին միացուց։ Իրենց տարիներու երազը իրականացաւ։

– Արաբները ապուշ են, որովհետեւ չկրցան միանալ եւ մէկ զօրաւոր ճակատ կազմել։

– Արաբները մի՛ այպաներ, Անգլիոյ մատը կայ աս գործին մէջ։

– Մի՛ մոռնար նաեւ, որ հսկայ Ամերիկան Իսրայէլին կռնակն է։ Այլապէս երազին մէջ չէր կրնար տեսնել Պաղեստինը…

– Տղաս հինգերորդ դասարանին սկսաւ արաբերէն սորվիլ, ի՞նչ կ՚ըսես ասոր։

– Է՜հ, վերջ ի վերջոյ իրենց երկիրը կ՚ապրինք, չե՞ս խորհիր որ պէտք է իրենց լեզուն սորվինք։

Այս տաք խօսակցութիւնը դեր երկար պիտի շարունակուէր, եթէ սրճարանին տէրը չյայտարարէր որ սրճարանը փակելու ժամանակը հասեր է։ Ամէն մարդ դժգոհանքով բաժնուեցաւ, սակայն որոշեցին կէս մնացած խօսակցութիւնը շարունակել՝ յաջորդ օր…

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին