ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Քալիֆորնիա կատարած այցելութեան շրջածիրէն ներս, Կիրակի, Սեպտեմբեր 22-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ղեկավարութեան հետ, գլխաւորութեամբ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի։
Հայաստանի վարչապետը ողջունելով ռամկավար-ազատականները նշեց.
«Յարգելի գործընկերներ, յարգելի պարոն Պալեան, շատ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար։ Սա շատ լաւ առիթ է՝ Լոս Անճելըսում հանդիպել, քննարկել։ Իհարկէ, այսօր մենք հանդիպելու, քննարկելու մի քանի առիթներ կ՚ունենանք։ Մենք բարձր ենք գնահատում ձեր կազմակերպութեան դերն ընդհանրապէս հայապահպանման գործում՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում, նրա տարածքից դուրս։
Մեր միւս գործընկերների հետ հանդիպման ժամանակ նոյնպէս այդ շեշտադրումն անում ենք: Մեր կառավարութեան կարևորագոյն խնդիրներից է՝ այն դրական ֆոնը, որն առկայ է Հայաստանի կառավարութեան և Սփիւռքի միջև, ոչ միայն պահպանել և զարգացնել, այլև դա դարձնել մշտական և աւանդոյթ Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնների համար: Այսօրուայ մեր իրավիճակում մեր խնդիրն է գեներացնել, կրկնապատկել, եռապատկել յաջողութիւնները և դա ազգային, համազգային արդիւնքի վերածել: Դրա համար շատ կարևոր է Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններում ճիշդ մթնոլորտ կառուցելը, ճիշդ աշխատանքային մեխանիզմներ ստեղծելը, և, ամենակարևորը, անել այնպէս, որ ամբողջ Սփիւռքն իրեն զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք շահառու։ Սա մեր խնդիրն է, որը մենք յոյս ունենք լուծել ինչպէս ձեր, այնպէս էլ Սփիւռքի մեր միւս կառոյցների և կուսակցութիւնների մասնակցութեամբ»։
Իր հերթին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան իր խօսքին մէջ ողջունելով Պրն. Փաշինեանն ու հայրենի պատուիրակութիւնը, շարունակեց.
«Մեծարգոյ պարոն Վարչապետ,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի ղեկավարութեան անունէն բարի գալուստ կը մաղթենք Ձեզի Մեծն Լոս Անճելըս քաղաք, ինչպէս նաեւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով։
Որպէս հայ աւանդական 100-ամեայ կուսակցութիւն, ՌԱԿ-ը Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին գործած է յատկապէս Ֆրեզնօ եւ Լոս Անճելըս քաղաքներուն մէջ եւ հայրենանուէր իր գործունէութիւնը կը շարունակէ առայսօր։
Մենք մշտապէս կանգնած ենք Մայր Հայրենիքին կողքին, փարած մնալով ազգահաւաքի եւ հայրենադարձութեան գաղափարին, ինչպէս 20-րդ կէսերուն գործնականօրէն զօրակցեցանք հայրենադարձութեան։ Կը հաւատանք, որ Հայը իր հողին վրայ միայն կրնայ գոյատեւել եւ ապրիլ ու շնչել որպէս Հայ։ Եւ ՌԱԿ 1991-ին վերադարձաւ Հայաստան ու անկախութեան առաջին տարիներուն գործօն դեր ունեցաւ Հայրենիքի մէջ, խորհրդարանէն ներս շրջան մը ունենալով 22 անդամ։
Դաւանելով ժողովրդավարական սկզբունքներ, մենք մշտապէս պահպանած ենք «Հայրենիքին հետ, Հայրենիքին համար» սկզբունքն ու կարգախօսը։ Եւ այսօր, ականատես ըլլալով Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացին, յայտնենք, թէ ընդհանուր գաղափարական տեսակէտի վրայ մենք գործընկերներ ենք։
Կասկածէ վեր է, մեծարգոյ պարոն Վարչապետ, թէ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը 2018-ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, ծայրայեղ՝ սակայն լաւագոյն ճանապարհը դուրս եկաւ, Հայրենիքի հիմնական բարեկարգման, կայունացման եւ զարգացման համար։
Մենք մասնակից եղանք յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն եւ կը հաւատանք այս յեղափոխութեան տալիք դրական արդիւնքներուն։
Մեր փափաքն է, որ ազգովին յաջողինք այս դժուարին հանգրուանին եւ համագործակցելով՝ յաղթական դուրս գանք։
Մենք համոզուած ենք, թէ Հայաստանի հասարակութեան գերագոյն նպատակը յառաջադէմ եւ ժողովրդավարական հայկական պետութեան մը իրական երազն է, եւ թիկունքին ունենալով նոյնքան ժողովրդավար Սփիւռք մը։
Բարի երթ եւ յարատեւ յաջողութիւններ կը մաղթենք Ձեզի»։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, Հայաստանի զարգացման, իրականացուող գործընթացներէն ներս Սփիւռքի լիարժէք ներգրաւման հարցեր։