Ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի երէկ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛աշխատի մինչեւ յառաջիկայ Դեկտեմբեր փորելու իր առաջին երկրախուզական հորը Միջերկրական ծովուն մէջ:
«Այս Լիբանանի առաջին քայլը պիտի ըլլայ քարիւղ ունեցող երկիրներու քարտէսին մաս կազմելու» ըսաւ ան իր խօսքին մէջ, որ կ՛արտասանէր Պէյրութի մէջ կայացող Ուժանիւթի Միջազգային Ժողովին ընթացքին:
Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ երեքի վրայ մէկ հաւանականութիւն կայ, որ առեւտրականօրէն արդարացող հումք գտնուի առաջին իսկ փորելու փորձով:
Պուսթանի նաեւ հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է գործակցելու դրացի բարեկամ երկիրներու հետ այս աշխատանքը յառաջ տանելու:






