«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանան ստիպուած պիտի ըլլայ իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն հարցը լուծել ուղղակի գործակցելով սուրիական կառավարութեան հետ: Ան ըսաւ, որ ինք ունի լուրջ հարցականներ մեծ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նկատմամբ, որոնք ոչ միայն պէտք եղածը չեն ըներ այս հարցին լուծման համար, այլ կը խոչընդոտեն գաղթականներուն տուն դարձը: Աուն այս կեցուածքը յայտարարեց ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին ուղղուած Լիբանանի խօսքին մէջ Նիւ Եորքի ՄԱԿԻ կեդրոնատեղիին մէջ: :
Նախագահ Աուն ամբաստանեց կարգ մը կողմեր գաղթականներուն մտքերուն մէջ վախ սերմանելու յանցանքով: Ըստ Աունի խօսքին, գաղթականները պատանդներն են միջազգային խաղի մը, օգտագործուելու համար շրջանին իրավիճակին ընդհանուր լուծման մէջ:
Մենք պէտք է լուծենք այս հարցը, որ կը սպառնայ մեր երկրին գոյութեան ըսաւ Աուն: Այս ընելու համար մենք ստիպուած պիտի ըլլանք անոնց տուն դարձը քաջալերել սուրիական կողմին հետ համագործակցութեամբ:
Այս առիթով Աուն քննադատեց միջազգային ընտանիքը, որ ձախողած է մինչեւ օրս պաղեստինեան լիիրաւ պետութիւն մը ստեղծել, պատճառ հանդիսանալով հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներու գաղթակայաններու մէջ ապրելուն արդէն 71 տարիներէ ի վեր:
Ան կոչ ուղղեց ներկայ երկիրներուն ֆինանսաւորել ԵՈՒՆԵՐՈՒԱՆ, որպէսզի ան կարողանայ հասնիլ պաղեստինցի ժողովուրդին պէտքերուն:
Նախագահ Աուն օգտագործեց այս առիթը շեշտելու համար Լիբանանի սկզբունքային յարգանքը ՄԱԿԻ 1701 որոշումին, իսրայէլեան կողմը ամբաստանելով անոր անդադար խախտումով:
Աուն իր խօսքին մէջ նաեւ հաստատեց Լիբանանի իրաւունքը ինչ կը վերաբերի իր ծովային սահմաններուն եւ միջերկրական ծովուն մէջ յայտնաբերուած կազի եւ այլ բնական հարստութեանց մէջ իր իրաւունքին: