Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրներ`
Շահան Գանտահարեան` «Ազդակ», Անի Եփրեմեան` «Արարատ» եւ Սեւակ Յակոբեան` «Զարթօնք», վերջերս, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին ազգային
բարերարը եւ լիբանանահայ օրաթերթերու խմբագիրները արծարծեցին
լիբանանահայ համայնքին առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Տրուած ըլլալով, որ Լիբանան այցելութեան նպատակը կրթական-հասարակական գործիչ Գրիգոր Գուտուլեանի յուշաքանդակի բացումին ներկայ ըլլալն էր, Ալեքքօ Պէզիքեան կեդրոնացաւ անոր կատարած գործերուն եւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի գործունէութեան վրայ։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ լիիրաւ եւ բոլոր համայնքներուն նման նոյնքան լիբանանցի համարուող լիբանանահայութեան` մայրիներու երկրին նկատմամբ ունեցած կառչածութեան եւ երախտագիտութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղի ունեցած զրոյցին հիմնական առանցքները։
Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ Լիբանան գտնուելուն առիթը Այնճարի 80-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնեան քոլեճի մուտքին իր կնոջ՝ Անի Պէզիքեանին մեծ հօր՝ Գրիգոր Գուտուլյ՛ա’եանի հարթաքանդակի զետեղման հանդիսութիւնն է, որուն ներկայ ըլլալը մեծ ու ազնիւ պարտականութիւն է իրենց համար: Գրիգոր Գուտուլեանը Պուլկարիայէն նոր հաստատուած էր Շթորա, երբ մուսալեռցիները ժամանած են Այնճար: Ան իսկոյն հիմնադրած է Այնճարի ազգային վարժարանը` վրանի տակ: Ա. Պէզիքեան իր խօսքով հաստատեց, որ մեծ քաջութիւն եւ զոհողութիւն կը պահանջէ վրանի տակ ու դժուար պայմաններուն մէջ դպրոց հիմնելը: Ան ըսաւ, որ Գրիգոր Գուտուլեանը սակաւախօս ու խոնարհ անձնաւորութիւն մը եղած է, լռելեայն բազմաթիւ յիշարժան ու արժանապատիւ գործեր կատարած է` առանց
անոնց մասին պատմելու, թէկուզ` իր ընտանիքի անդամներուն:
Գրիգոր Գուտուլեան մեծ դեր ունեցած է Շթորայի մէջ հայ գաղութի կազմաւորման եւ կազմակերպման աշխատանքներուն: Ան սերտ յարաբերութեան մէջ եղած է նաեւ Նիկոլ Աղբալեանին հետ: Շթորայի մէջ մեծ համայնք եղած են հայերը, ունեցած են եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ: Կանոնաւոր ձեւով աշխատակցած է «Ազդակ»-ին։
Ա. Պէզիքեան ըսաւ. «Իրապէս յիշատակութեան արժանի են բոլոր անոնք, որոնք այն օրերուն աշխատած են Այնճարի մէջ հաստատուելու, եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու, հայ ժողովուրդին նեցուկ ու օգտակար դառնալու եւ հայ կեանքը կազմակերպելու: Երախտապարտ եմ այն օրուան լիբանանեան իշխանութիւններուն, որ Այնճարը հայութեան տրամադրած են: Լիբանանցի ժողովուրդը սիրայօժար ընդունեց հայութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ»:
Ապա անդրադառնալով Լիբանանի մէջ հայութեան անքակտելի մաս ըլլալուն` Ալեքքօ Պէզիքեան ըսաւ, որ Լիբանանի համայնքներու խաղաղ համակեցութիւնը յոյժ գնահատելի երեւոյթ է: Լիբանանցիք այստեղ ապրելով հանդերձ` չեն
անդրադառնար այս կարեւոր իրականութեան, բայց եթէ մարդ դուրսէն դիտէ, բոլորովին իւրայատուկ երեւոյթ մը պիտի տեսնէ: Ան ըսաւ, որ
Պրիւքսելի խորհրդարանին մէջ յաճախ իրեն հարց տուած են, թէ ինչպէ՛ս Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին 16 տարբեր համայնքներ, որոնք իրարու հետ հաշտ, համերաշխ եւ յարգանքով կ’ապրին: Օտարներուն համար միշտ
ալ զարմանալի թուացած է այս իրականութիւնը:
«Մենք` որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներ, լիբանանեան բոլոր համայնքներուն նման, նոյնքան լիբանանցի ըլլալով, երախտապարտ կը մնանք Լիբանանին: Ասիկա զուտ մարդկային ու քաղաքացիական զգացում է, որովհետեւ երբ մարդ քեզ կը հիւրընկալէ, պէտք չէ ուրանաս: Այսօր չկայ երկիր մը, ուր հայ գաղութը ունենայ Լիբանանի չափ հայկական եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, օրաթերթեր, մշակութային միութիւներ, կեդրոններ եւ կուսակցութիւններ: Հայ համայնքը Լիբանանի մէջ կը գործէ ազատօրէն` առանց որեւէ
կաշկանդումի: Ֆրանսայի մէջ կէս միլիոն հայութիւն կ’ապրի, բայց հոն
չկայ հայեցութեան պահպանման այն ազատութիւնը, որ գոյութիւն ունի Լիբանանի մէջ:
Աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, որ
Հայութեան այսքան ազատութիւն տուած է, ինչպէս` Լիբանանը: Հայերը Լիբանանիմէջ երբեք չեն զգացած,
որ օտար հողի վրայ են, որովհետեւ ամէն ազատութիւն վայելած են:
«Լիբանանը սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքն է, ողնայարն է: Ազգային այն բոլոր գործիչները, որոնք գործած են եւ կը գործեն տարբեր հայ գաղութներուն մէջ, Լիբանանէն գացած են, որովհետեւ ազատութեան մէջ ապրած ու կազմաւորուած են:
«Զանազան առիթներով Լիբանանի մէջ թէ դուրս ապրող լիբանանահայերը երախտապարտ պիտի մնան լիբանանեան հայրենիքին, որովհետեւ անիկա ամէն տեսակ առիթ տուած է եւ կը շարունակէ տալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որ զարգանան, ուսում ստանան ու իրենց կարգին զարգացնեն Լիբանանը: Պէտք է գիտակցինք այն իւրայատուկ պայմաններուն, որոնց մէջ կը գործէ մեր համայնքը` ամբողջական ազատութեամբ»:
«Ինչ կը վերաբերի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, անիկա վերապրումի ամէնէն կարկառուն օրինակն է, նշեց Ալեքքօ Պէզիքեան, ապա շարունակեց` ըսելով, որ թանգարանը
երախտագիտութեան արտայայտութիւն է: Թանգարանը մեր
պատմութեան եւ կենցաղին մաս կը կազմէ: Հազարաւոր որբեր ապրած,
ուսում ստացած եւ աշխարհով մէկ ցրուած են Ժիպէյլի որբանոցէն:
Սփիւռքահայութեան ծնունդը հայ որբանոցներէն տեղի ունեցած է:
Որբանոցները հայութեան մեկնակէտը եղած են, այլապէս ի՞նչ պիտի
ըլլար հազարաւոր գաղթական հայ որբերու ճակատագիրը:
Ան ըսաւ, որ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը բաւական հանրածանօթ դարձած է հայ եւ օտարներուն համար, ինչ որ կարեւոր երեւոյթ է: Չկայ հայ մը, որ առնչութիւն չունենայ այս թանգարանին հետ:
Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ըստ վերջին վիճակագրութեան
«Արամ Պէզիքեան» թանգարան այցելած օտարներուն թիւը կը գերազանցէ հայերուն թիւը: Ան նպատակայարմար կը գտնէ թանգարանին արհեստավարժ կառավարումը, որ մասնագիտօրէն, բծախնդրութեամբ ու նուիրումով կարենայ
դիմաւորել այցելուները եւ զանոնք սպառիչ տեղեկութիւններով օժտել
թանգարանի բոլոր բաժիններուն մասին:
Հանդիպումի ընթացքին խմբագիրները շեշտեցին, որ «Արամ Պէզիքեան» Ցեղասպանութեան որբերու յիշատակի թանգարանը պատուաբեր կառոյց է, ուր այցելողը ազգային եւ համամարդկային առումներով իր նպատակին կը ծառայէ` իրազեկել դարձնելով հոն ացելող հասարակութիւնը թէ գիտական աշխատութիւններու համար ուսումնասիրութիւն կատարող ուսանողներն ու պատմագէտները։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր արծարծուեցան նաեւ թանգարանի գործունէութիւնը ընդլայնելու` միջազգային գիտաժողովներ եւ ցեղասպանագիտութեան նուիրուած դասընթացքներ կազմակերպելու առումով, «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը նաեւ գիտահետազօտական կեդրոն դարձնելու առաջադրանքով։
«Պէտք է գիտակցիլ Լիբանանի ունեցած իւրայատկութիւններուն, որոնք լիբանանահայութեան կ՛ընձեռեն դառնալու առաջատար համայնք` ամբողջ սփիւռքի մէջ», եզրափակեց Ալեքքօ Պէզիքեան։
Զրոյցը արտագրեց եւ համադրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ