Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Տեսակէտ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Վարկածը (Պահպանե՛նք Մեր Վերջին բեկոր՝ 10% Հայաստանը)

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

Ճիշտ է, որ մոռացութիւնը տիեզերական բարիք է,

բայց վերյիշումն ալ՝ չնաշխարհիկ փրկութիւն:

«Գիլգամեշ» դիւցազնավէպի (Գիլգամեշը շումերա-բաբելական հերոսական դիւցազնավէպի պայմանական անուանումն է, որուն բնագրերը կը թուագրուին՝ Ք.Ա. 20 -18 -րդ դարեր) շումերական եւ աքքադական բնագրաց մէջ յիշատակուած «անմահներու երկրի», «սուրբ օրէնքներու երկրի» եւ «Աստուածներու ժողովի լերան (երկրի)», ինչպէս նաեւ Աստուածաշնչեան չորս գետերու մէջ ամփոփուած եդեմային կամ դրախտային երկրի՝ Հայաստանի հնագոյն ու բնիկ բնակիչներս՝ հայերս մեր ուժականութեամբ, աշխատասիրութեամբ, աշխատունակութեամբ, ձեռներէցութեամբ, գործարարական հմտութեամբ եւ մասնաւորապէս ստեղծարար մտօք անարգել մուտք գործած ենք համաշխարհային քաղաքակրթութեան անդաստան, մեր հինաւուրց տեսակի կենաց ծառի անմահութեան բոյրը տարածելով աշխարհով մէկ:

Ազգի մը քաղաքակրթութեան գանձարանի բիւրեղացման ու հարստացման կարեւորագոյն մէկ գործօնը մարդ-աշխատուժին զուգակից, անկասկած, որ հողն ու ընդերքն է եւ անոնց շահաւէտ օգտագործումն ու արդիւնահանումը, մաշակումն ու սպառումը, անշուշտ առանց կորստեան մատնելու Հայրենիքի սրբազան խորհուրդն ու անփոխառինելի արժէքը:

Հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած նիւթերէն եւ հնագոյն գրաւոր յիշատակումներէն գիտենք, որ Հայաստան հարուստ եղած է բնական հարստութեամբ՝ մասնաւորապէս պէս-պէս հանքերով (աղ, քարի տեսակներ, ջուր, երկաթ, պղինձ, կապար, զինք, ոսկի, արծաթ եւ այլ մետաղներ) եւ հայ մարդը հնագոյն ժամանակներէն կրցած է զանոնք արդիւնահանել, ձուլել, մշակել, ապա եւ դրացի երկիրներուն հետ ապրանքափոխանակել եւ աւելի ուշ նաեւ վաճառել:  

«Գիլգամեշ»-ի «Էնմերքարը եւ Արատտայի հնագոյն քուրմը» վիպերգին մէջ յիշատակուած է, որ Արատտայի մէջ (պատմաբան Արտակ Մովսիսեան իր «Հնագոյն պետութիւնը Հայաստանում՝ Արատտա» գրքոյկին մէջ հմուտ ու գիտական սպառիչ փաստարկներով ներկայացուցած է Արատտա-Հայաստան երկիրը) ոսկիի, արծաթի, պրոնզի, կապարի եւ թանկարժէք քարերու հանքեր ու անոնց մշակման վայրեր կային {հնագիտական պեղումները ապացուցեցին, որ Հայաստանի մէջ գունաւոր մետաղներու ձուլարաններ եղած են Ք. Ա. III – II հազարամեակներուն, ինչպէս Մեծամորի մետաղաձուլարանը, ուր մշակած են պղինձ, անագ եւ ոսկի, ինչպէս նաեւ Զոդի (Զանգեզուր, Ք. Ա. IV – III դարեր) մետաղաձուլարանը}  եւ Արատտայի բնակիչները՝ հայերը Եփրատ գետի հոսանքով՝ ոսկի, արծաթ, լազուարթ եւ սարտիոն կը տանէին Շումէր եւ հոնկէ ցորեան եւ այլ մշակոյթներ կը բերէին, որու մասին դարեր ետք եւ այս անգամ հայ-ասորական առեւտուրի մասին շատ վառ ձեւով կը յիշատակէ նաեւ «Պատմութեան հայր», յոյն պատմիչ՝ Հերոդոտոս Հալիկառնասցին (Ք. Ա. 484 – մօտ. Ք. Ա. 425), իր «Պատմութիւն ինը գիրքէ» երկասիրութեան մէջ (Գիրք Ա.):

«Գիլգամեշ» Վիպերգի Թիւ 11 Պնակիտը (Բրիտանական Թանգարան), Ուր Նկարագրուած Է Համաշխարհային Ջրհեղեղի Պատմութիւնը Եւ «Պատմութեան Հայր»՝ Հերոդոտոս Հալիկառնասցիին Դիմաքանդատը

 

Սեծ Հայքի Բարձր Հայք նահանգի Սպեր գաւառի յայտնի ոսկիի հանքի մասին շատ ուշագրաւ տեղեկութիւն կու տայ նաեւ յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ՝ Ստրաբոնը (Ք. Ա. 63 – Ք. Ե. 21/24) իր «Աշխարհագրութիւն» երկին մէջ, գրելով, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին (Ք. Ա. 356 – 323) Սպերի ոսկիի հանքերուն տիրելու համար այնտեղ կը ղրկէ Մէնոն զօրավարի հրամանատարութեամբ զօրաբաժին մը, որը ոչ միայն յաջողութեան չի հասնիր, այլեւ ինքնին Մէնոնը խեղդամահ կ’ըլլայ տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ: Այսինքն՝ հայ մարդն այն ժամանակ իսկ խոր գիտակցելով իր երկրամասի հանքային հարստութեան արժէքը, կենաց-մահու պայքար մղած է նաեւ աշխարհակալ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի մէկ զօրախումբին դէմ եւ թոյլ չէ տուած, որ ան օտարացուի (ի դէպ, ըստ պատմական տուեալներու, Մակեդոնացին Հայաստանը չէ նուաճած): Իսկ եօթներորդ դարու հայ երեւելի գիտնական Անանիա Շիրակացին, իր «Աշխարհացոյց» երկին մէջ թուարկելով Բարձր Հայքի ինը գաւառները (Դարանաղի, Աղիւն, Մըզուր, Եկեղեաց, Մանանաղի, Դերջան, Սպեր, Շաղագոմ եւ Կարին) կ’աւելցնէ գրելով, որ այդ աշխարհն «ունի ջերմուկ, աղի հանքեր եւ երկրային ամէն տեսակ բարիքներ»:

Ստրաբոնի (Ամասիա, Թուրքիա), Ալեքսանդր Մակեդոնացիի (Սթանպուլ, Հնագիտական Թանգարան) Եւ Անանիա Շիրակացիի (Երեւան) Արձանները

Հայկական Լեռնաշխարհի հարուստ մետաղատեսակներու առկայութեան փաստը մեր միջնադարու հայ պատմիչներուն ալ ուշադրութենէն չէ վրիպած: Այդ մասին յիշատակութիւններ կան՝ Փաւստոս Բուզանդի «Պատմութիւն Հայոց», Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն Հայոց», Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» երկերուն եւ յայտնի հայ գիտնական-աստղագէտ ու աշխարհագրագէտ՝ Անանիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյց» երկին մէջ: Այսպէս, հինգերորդ դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցին իր «Պատմութիւն Հայոց» երկին մէջ գեղարուեստական հմայիչ պատկերներով նկարագրելով Այրարատ աշխարհի բնական գեղեցկութիւնը՝ լեռները դաշտերը, բուսական ու կենդանական աշխարհը, որպէս հայրենի այլ հարստութիւն կ’աւելցնէ հետեւեալ տողերը՝ «Եւ այդ գանձերն են ոսկին ու պղինձը, երկաթն ու պատուական քարերը, որոնք իյնալով արհեստաւորաց ձեռքը, թագաւորներուն կը զարդարեն գեղատեսիլ զարդերով ու բանուածքներով, ինչպէս՝ խոյրերու, թագերու ու հանդերձանքներու վրայ ընդելուզուած ոսկեհուռ պաճուճանքները»:

Ղազար Փարպեցիի Արձանը (Փարպի, Հայաստան)

 

Այսպիսով, բացի վաղ միջնադարէն՝ 18-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ խորհրդային կարքերու փլուզումը, Հայաստանի պղինձի, ոսկիի, արծաթ-կապարի եւ այլ մետաղային հանքանիւթերու (երկրորդ աշխարհամարտէն ետք հարստացան նաեւ մոլիպտէնի եւ ալիւմինիումի ճիւղերը) արդիւնահանումն ու մշակումը որոշ ընդմիջումներով շահագործուած են ֆրանսական եւ ռուսական այլազան բաժնետիրական ընկերութեանց կողմէ: Դարերու եւ տարիներու շահամոլ սլաքները ուժգնօրէն պտոյտ տալով, որոշ հանքեր շահազուրկ դարձուցին, իսկ ուրիշներ առաւել կատարելագործուելով մասնակիօրէն նպաստեցին երկրի ծանր արդիւնաբերութեան զարգացման՝ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը:

 

*   *   *

 

Անկախութեան գաղափարը ոչ միայն դամոկլեան սուրի պէս կախուած մնաց քաղաքական անկայունութեան, Սպիտակի երկրաշադժի, մութ ու ցուրտ տարիներու, Արցախեան պատերազմի, ալան-թալանի, տնտեսական շրջափակման, փլուզած տնտեսութեան, երկրի հասարակութիւնը բզքտող աղքատութեան, համատարած կաշառակերութեան, անբաղձալի սակաւապետական համակարգի ու անդադրուն արտագաղթի թոհուբոհէն անցած հայրենի բնակչութեան գուլխէն, այլեւ երկիր մոլորակի ընդերքը հոշոտող աշխարհակուլ գերտերութեանց (Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Ա.Մ.Ն., Մեծն Բրիտանիա, Գանատա, Գերմանիա եւ Չինաստան) ճիրանները ակամայ խռեցին ազատ շուկայական յարաբերութիւններ վայելող եւ օգտակար հանածոներ ունեցող {Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան պաշտօնական տուեալներով, ներկայիս Հայաստանն ունի օգտակար հանածոներու շուրջ 871 հանքավայր (43 մետաղական, 760 ոչ մետաղական, 44  ստորերկրեայ քաղցրահամ եւ 24  հանքային ջուրերու), ինչպէս նաեւ օգտակար հանածոներու 580 հանքեր եւ ակումներ (131 մետաղական եւ 449 ոչ մետաղական), օգտակար հանածոներու աւելի քան 130 տեսակներ, որոնցմէ շուրջ 25-ը՝ մետաղական} մեր «անկախ» հայրենիքի հողին…: Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան ընդերքի հարստութիւնը կը կազմէ շուրջ 170 միլիառ ամերիկեան տոլար եւ անոր միայն չնչին տոկոսն է որ կը մտնէ պետական պիւտճէ: Իսկ Հայաստանի արտահանման ծաւալը տարեկան կը կազմէ մօտաւորապէս մէկ միլիառ ամերիկեան տոլար, որուն 60%-ը կը կազմէ հանքահումքը: Հանքահո՛ւմք, զորս գերտիրութեանց առաւել ամրակուռ պիտի դարձնէ, ի հաշիւ մեր կեանքի ու գոյութեան:

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Մետաղի Հանքավայրերու Քարտէսը

 

Ինքնացեղասպանութեան դռները թակող հայ ազգի ուսեալ ու գիտակից տարրի ուժականութիւնը կամայ բոլորին առաջնորդեց դէպի Թաւշեայ յեղափոխութիւն եւ դէպի Նոր Հայաստանի տնտեսական յեղափոխութիւն, ժողովուրդին մէջ սերմանելով յուսոյ, հաւատքի, սիրոյ զգացում եւ մասնաւորապէս երկրի բնական հարստութեան եւ հասարակութեան բնականոն զարգացման ու ապագայ բարգաւաճման նկատմամբ պատասխանատուութեան պարտաւորութիւն: Այսպիսով, ի դէմս ինքնացեղասպանութեան մթնոլորտին, ծնունդ առաւ գիտակից, զգօն, պատասխանատու, պահանջատէր ու տիրակալ հասարակութիւն:

Իր սեպհական ճակատագիրը տնօրինելու պարտաւորութիւնն ստանձնած հայ ազգն այսօր յամառօրէն կը պայքարի Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ: Ի հեճուկս, Ամուլսարի հանքավայրը շահագործող «Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան յայտարարած՝ «Ժամանակակից, պատասխանատու, տարբեր» կարգախօսին, ինչպէս նաեւ տուած բազմաերանգ փաստարկներուն ու խոստումներուն, հայրենի ու ի սփիւռս աշխարհի հայ բնապահպաններն ու գիտնականները միահամուռ կը պնդեն, որ Ամուլսարի հանքավայրի (նոյն ընկերութեան տուեալներով Ամուլսարի հանքավայրի ընդհանուր պաշարները կը կազմեն՝ 89376.3 հազար թոն հանքաքար, 73733 քիլոկրամ ոսկի եւ 294.367 թոն արծաթ) շահագործումը կրայ կործանարար ըլլալ Հայաստանի ու հայ ազգի համար, որովհետեւ անոր արտանետող փոշին լրջօրէն պիտի ապականէ շրջակայ բնակավայրերու օդը, պիտի թունաւորէ բուսական աշխարհը եւ պիտի սպառնայ բնակչութեան առողջութեանն ու ժառանգականութեանը: Որովհետեւ, հանքավայրի շահագործումը ծանր մետաղներ ու թունաւոր այլ նիւթեր սփռող աղբիւր պիտի դառնայ շրջակայ միջավայրին համար, թունաւորելով Հայաստանի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններու կանաչապատ տարածքները, համայնքային հողերը, անոնցմէ սնուող կենդանական աշխարհն ու համայնքային բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ անօգտագործելի դարձնելով տարածաշրջանի ջրային ու հանքային ջուրերու պաշարները (Արփա, Դարբ, Որոտան գետեր, Ջերմուկ, Սեւանայ լիճ եւ այլն) եւ այլն: Փաստօրէն Ամուլսարի եւ այլ հանքավայրերու շահագործումը յառաջիկայ հարիւրամեակին կրնայ լրջօրէն սպառնալ հայրենի օդին, ջուրին եւ հողին եւ բոլորիս զրկել մեզի բաժին ինկած 10% մեր դարաւոր հայրենիքէն:

Ի՞նչ է, քաղաքակրթութեան դարաւոր բովէն անցած հայ ազգն այդքան պիտի խոչընդոտէ՞ր գերտէրութեանց գոյընթացին, որ 1915 – 1923 թուականներուն հայոց արեւմտահայ հատուածը ենթարկուէր ցեղասպանութեան, պատմական Հայաստանի մեծ մասը հայաթափ դառնար, վերանար անոր մշակութային ու հոգեւոր հետքերը իր պապենական տարածքներէն, ձախողման մատնուէր արեւելահայոց եւ արեւմտահայ գաղթականաց բնաջնջման փորձերը ի դէմս համաժողովրդական դիմադրութեան (Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսա), սթալինեան բռնաճնշումներով բնաջնջուէր հայ մտաւորականութեան ու այլախոհական տարրի զգալի հատուած մը, անկախութիւն իրականացնելու ճանապարհին «վայելէր» մութ ու ցուրտ տարիներ ու պարտադրուած պատերազմ եւ արձանագրէր մարդկային ու նիւթական կորուստներ, ենթարկուէր հիւծող տնտեսական շրջափակման եւ ստիպուած ու կամայ արտագաղթէր իր պապենական հայրենիքէն՝ ներքին ու արտաքին տնտեսա-քաղաքական ճնշումներու պատճառով, ստիպողաաբար դատարկուէր հայապահպանման քուրաներ դարձած ու Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմա-քաղաքական դարպասը հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու արեւմտահայ-սփիւռքահայ զանգուածը եւ վերջապէս Հայաստան իր ազատ տնտեսական համակարգով կամայ թէ ակամայ դառնար գերտէրութեանց հանքահումք մատակարարող երկիր, ի հաշիւ հայրենիքի ու ազգի կորստեան:

Սիրելի հայրենակիցներ՝

Մենք այսօր կ’ենթարկուինք ցեղասպանութեան վերջին եւ ամէնէն վտանգաւոր վարկածին՝ Հայրենիքի աստիճանական անապատացման…: Ուստի անսայթաք հարկ է թեւակոխենք պայքարի նոր փուլ՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ, «ՎԵՐՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» կարգախօսով:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին