ԶԱՐԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Այո-ն մենք ըսինք այն ժամանակ, երբ եկանք հայրենիք: Եւ Այո պիտի ըսենք միշտ, որովհետեւ անկախութեան երջանկաբեր էութիւնը մենք միշտ երազած ենք եւ այնտեղ, եւ այստեղ:
Գոհար Գասպարեան
Ինքնիշխանութիւն, ինքնակամութիւն, ինքնօրինութիւն, ինքնավարութիւն։ Այսպէս երկար ու բազմիմաստ բառերով կարելի է թուարկել ու բացատրել անկախութեան իմաստը մինչ այդ անկախութիւնը պէտք է ստեղծել։ Ան ուրիշ բան չէ բայց ամենօրեայ յամառ պայքար։ Կեանքի մէջ ընդհանրապէս, շղթայական հակադարձութիւններու հիմքն է կռիւը. գոյութեան կռիւը եւ ո՛չ գոյութեան պատերազմը։
Եթէ պատերազմներու նպատակը ըլլար գաղափարը, շատ հաւանաբար գիրքերը այդ գործը աւելի լաւ կ՛ընէին քան՝ զէնքերը: Գաղափարներ, խոստումներ, արժէքներ շատ ու շա՜տ մնացին ու կը մնան դարակների փոշոտ անկիւններուն մէջ: Պէտք էր զէնքերը գործի դնել:
1991-ին պատմութիւնէն քիչ թէ շատ դասեր առած ծնունդ առաւ Հայաստանի Երրորդ հանրապետութիւնը: Հայ ժողովուրդը կրկին իրաւունք ստացաւ ինքնուրոյն կառուցել իր ապագան, ըլլալ իր հողին տէրը, վերագտնելով վերջին դարերու ընթացքին կորսուած պետականութիւնը: Գիտէ՞ք յաղթողի տրամադրութիւնը շատ հզօր բան է, պարտուողինը` վտանգաւոր:
Հանրապետութեան բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 2 մլն 43 հազար մարդ (կամ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողների 94.39 տոկոսը), «այո» ըսաւ անկախութեան եւ անկախութեան վերահաստատումով ազգային գիտակցութիւնը քիչ-քիչ սկսաւ վերականգնուիլ: Պատմութիւնը զսպանակաձեւ բնոյթ ունի: Ան կը սիրէ կրկնուիլ, միայն թէ ճակատագրական պահերուն փոփոխութիւնները կախուած են մեզմէ: Անկախութեան սերունդը իր հայրենիքը ազատ ու անկախ ըլլալէ բացի այլ կերպ չի կրնար պատկերացնել գիտակցելով, որ վաղը իր ուսերուն վրայ պիտի կրէ նախորդներուն յաջողութիւններն ու կերտած ապագան:
Որքա՜ն բարդ էր ու դժուար Առաջինէն Երրորդ հանրապետութիւն անցած ճանապարհը, այդքան հեշտ է Երրորդից հասնել Առաջին` ու անոր ճակատագիրը կրկնելը: Կրնայ ըլլալ ֆիզիքական իմաստով Երրորդ հանրապետութիւնը չդադրի գոյութիւն ունենալէ, բայց իրական անկախութեան առումով ան կանգնած է իսկապէս վճռական խաչմերուկի մը առջեւ, եւ եթէ պետականութեան զգացումը չգերակշռէ Երրորդ հանրապետութեան մէջ, ապա համակարգային շատ ախտեր ի վերջոյ պիտի հասցնեն անկախութեան տէ ֆաքթօ կորուստի, Հայաստանը դարձնելով աշխարհաքաղաքական գործընթացներու խամաճիկը:
Անկախութեան մասին բոցաշունչ ճառեր արտասանելու փոխարէն, կ՛արժէ Երրորդ հանրապետութիւնը դարձնել քաղաքական միտքի վերածնունդի ելակէտ: Ըլլալ նոյնինքն այդ ելակէտերէն մին եւ անորմով ալ պատմութեան զսպանակաձեւ ընթացքին մէջ անդադար բարձրանալ ու իջնելու փոխարէն՝ առաջ երթալ:
Մեր գեներուն մէջ կայ միահամուռ նպատակ. Կերտել (պահել) ինքնուրոյն պետականութիւն եւ հզօր սահմաններ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈ՜Ր տօնդ իմ Մայրաստան Հայաստան:






