Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեաններու այցելութիւնը Լոս Անճելըս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 29-ին, լիբանանահայ հանրածանօթ ազգային բարերարներու՝ Պրն. Երուանդ Տեմիրճեանի եւ Պրն Սարգիս Ազատեանի զաւակները՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեանները այցելեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Փասատինա քաղաքին մէջ գտնուող ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնը:

            Ընդհանրապէս ամերիկահայեր իրենց բարերարութեամբ եւ նուիրատութիւններով դպրոցներ եւ հայկական կեդրոններ հիմնած են Միջին Արեւելքի հայահոծ քաղաքներու մէջ:

            Իրենց ծնողներուն բարի եւ ազգանուէր օրինակին հետեւելով, վերոյիշեալ ամոլը եղաւ առաջին լիբանանահայ բարերարը որու նուիրատուութեամբ հաստատուեցաւ ՀԲԸ Միութեան Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեան երկրորդական վարժարանը, Միութեան Մարի Մանուկեան նախակրթարանի կողքին, Քանոկա Փարքի մէջ, Լոս Անճելըս:

            Պրն. Սարգիս Տեմիրճեան եւ իր ազնուափայլ տիկինը Սեդան՝ երկար տարիներ ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել մեր ազգին՝ ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի միջոցաւ:

            Պրն. Սարգիս Տեմիրճեան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գերագոյն մարմիններու մէջ տասնեակ տարիներ անսակարկօրէն եւ մեծ նուիրումով ծառայած է, օրինակ դառնալով ու հմայելով իր գործակիցները:

            Պրն. Երուանդ  Տեմիրճեան ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական  վարչութեան փոխգանձապահը, իր հօր եւ մօրեղբoր զաւակին հետ միասնաբար այցելեցին Փասատինայի ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնը, ծանօթանալու համար Կեդրոնին մէջ կատարուած բարենորոգութիւններուն, ի մասնաւորի ըմբոշխնելով արդիական հանդիսասրահը:

            Պրն. Սարգիս Տեմիրճեան գնահատելով կատարուած բարենորոգութիւնները, անդրադարձաւ Կեդրոնի բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու գնահատելի նուիրատուութիւններուն եւ ողջունեց ներկայ ժամանակներու օրինակելի զոյգին հայրենանուէր եւ ազգաշէն ծրագիրները:

            Պրն. Տեմիրճեան, համեստ բարերարը, ժպիտը դէմքին յայտնեց, թէ հայ բարերարներու թիւը պէտք է բազմապատկուի եւ իրենց նուիրատուութիւնները պէտք է կատարեն հայապահպանումի այլազան ծրագիրներուն, ի շահ աշխարհասփիւռ մեր ազգին եւ հայրենիքին:

            Բարերար Պրն. Սարգիս  Տեմիրճեանի բազմաթիւ առաքինութիւններուն կողքին, ամէնէն յատկանշականը անոր համեստութիւնն է:

            Բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն կը մաղթենք մեր մեծարգոյ բարերարներուն:

 

ՄԵՂՐՈՒՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին