ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
. Անկեղծ ժպիտը առանց փուշի վարդ է, իսկ կեղծ ժպիտը առանց վարդի փուշ։
. Իմաստուն մարդը ան է, որ չ՚ըսեր ինչ որ գիտէ, այլ գիտէ՝ ինչ որ կ՚ըսէ։
. Սեղանիդ վրայ միշտ ձուկ կը գտնես, երբ կամքի թելով ուռկանդ հիւսես։
. Ճշմարտութիւնը կը դառնայ խայթոց, երբ փորձես իր դէմ աչքերդ պահել գոց։
. Համբաւով կրնաս շահիլ ոսկի թագ, իսկ Նկարագրով՝ պատիւ ու յարգանք։
. Երբ խօսակիցդ յիմար-յամառ է, խօսակցութեան թելն իսկոյն մկրատ է։
. Դիմակներ կան երեսի պէտք չունին, երեսներ ալ կան դիմակի պէտք չունին։
. Կեղծաւոր մարդը լուսնի նման է, դէմքի մէկ մասը միշտ մութ կը պահէ։
. Ան որ պատուաւոր մարդու վրայ ցեխ շպրտէ, լոկ իր ձեռքի հինգ մատերն կ՚աղտոտէ։
. Բարեկամի միջոցաւ կրնաս շահիլ նիւթ ու դրամ, բայց դրամով՝ չես կրնար երբեք շահիլ բարեկամ։
. Երբ ձախորդութեանդ համար ուրիշ մէկը մեղադրես, կը նշանակէ թէ դուն իսկապէս ձախողած մարդ ես։
. Մատնոց մը քաղցրանուշ ժպիտը աւելի բուժիչ դեր կը կատարէ, քան տակառ մը լեցուն լեղի դեղը։
. Անոնք որոնք քեզ կը նախանձին, կը նշանակէ թէ մեծ կարեւորութիւն կու տան քու անձին։
. Մոմը կը ցրուէ մութը սենեակին, իսկ գրքի էջերն խաւարը մտքին։
. Բաներ կան որ չես կրնար ընել մինչեւ որ չսորվիս, բաներ ալ կան որ չես կրնար սորվիլ մինչեւ որ չընես։
. Իրատես մարդը կը լսէ իրական ձայնը, իսկ անտարբերը՝ լոկ արձագանգը։
. Դառնլու համար իսկական Իշխան, պէտք է նախ իշխես կիրքերուդ վրան։
. Կնոջ մը արցունքը, նախ իր սիրտը կը պարպէ, ապա՝ ամուսնոյն գրպանը։
. Լոկ ձեռք առնելով ասեղ ու դերձան, շատեր կը կարծեն թէ դարձան դերձակ։
. Եթէ ապրած տունդ ունի ցած տանիք, օր մը անպայման կ՚ունենաս կուզիկ։
. Ապերախտ մարդը կը նմանի խոզի մը, որ ամէն օր կը ճաշակէ խոզկաղին ու բնաւ շնորհակալ չ՚ըլլար խոզկաղին արտադրող ծառին։
. Սիրէ՛ ինչ որ պէտք է սիրես, ատէ՛ ինչ որ պէտք է ատես, բայց չըլլայ երբեք ատելով սիրես կամ ալ մէկը սիրելով ատես։
. Մեղուն փեթակ պէտք է շինէ, սարդը ոստայն պէտք է հիւսէ, իսկ բանաւոր մարդն իմաստուն՝ բարեկամ եւ բարի անուն։
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2019






