Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 6։00, Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն ներս, տեղի պիտի ունենայ միօրեայ գիտաժողով մը, նուիրուած «Հայ Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու 10 ականաւոր հոգեւորականներու»:

Ձեռնարկը նկատուած է իբր յարգանքի տուրք՝ անոնց եկեղեցական, կրօնական եւ ազգային առաքելութեան եւ վաստակին:

Գիտաժողովին նպատակն է ցոյց տալ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իր նուիրեալ ներկայացուցիչներով, կը շարունակէ իր դարաւոր առաքելութիւնը եւ մնալ առինքնող փարոս հայ սերունդներուն համար:

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է նաեւ մեծ ուրախութեամբ նշելու Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց հոյակապ Մայր տաճարի կառուցման 10-ամեակը:

Ընտրուած տասը ականաւոր հոգեւորականները, որոնց հովուական, եկեղեցական, ազգային եւ գիտական վաստակներու մասին պիտի անդրադառնան տասը տարբեր զեկուցաբերներ՝ հետեւեալներն են. Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոս, Խորէն Ա. Մուրադբեկեան Կաթողիկոս, Գէորգ Զ. Չորեքչեան Կաթողիկոս, Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս, Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեան եւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան:

– Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսը պիտի ներկայացնէ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրուեան,

– Խորէն Ա. Մուրադբեկեան Կաթողիկոսը՝ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան,

– Գէորգ Զ. Չորեքչեան Կաթողիկոսը՝ Հայկ Մադոյեան,

– Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսը՝ Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան

– Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոսը՝ Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան,

– Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսը՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան,

– Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեանը՝ Նորայր Պօղոսեան,

– Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանը՝ Մաքրուհի Յակոբեան

– Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը՝ Տիրան Աւագեան:

– Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանը՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

– Վահրամ Շեմմասեան պիտի ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ցեղասպանութեան օրերուն:

Գիտաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Արեւմտեան թեմի բոլոր հոգեւորականները եւ հրաւիրեալներ:

Գիտաժողովին ներկայացուած շահեկան նիւթերը պիտի համախմբուին առանձին հատորի մէջ եւ պիտի հրատարակուին յաջորդաբար:

***

Երեկոյեան ժամը 7։00-ին, գեղարուեստական ծրագիրով մը շնորհանդէս տեղի պիտի ունենայ Գէորգ Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթամպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» գրքին: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հրաչ Սեփեթճեան՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիրը: Ասմունքով ելոյթ պիտի ունենայ Սիլվա Կոմիկեան (Սթամպուլէն): Ձեռնարկին հրաւիրուած է Լոս Անճելըսի հայ հասարակութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պրպենք

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին