Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը՝ հայակերտման եւ հայապահպանման դարբնոց

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ակնյայտ է ու անհերքելի հայ դպրոցին դերը հայ մանուկի հայակերտման ու հայապահպանման առաքելութեան սրբազան գործին մէջ, մանաւանդ՝ հայրենիքէն հեռու, օտար ափերու վրայ ապրող եւ ձուլման ենթարկուող այն մատղաշ սերունդին, որ կարիքը ունի ազգային ինքնութիւնը պահպանող լուսաւոր փարոսի եւ ուղեցոյցի:

Եղեռնէն ճողոպրած մեր նախահայրերուն մեզի կտակած այս առաքելութեան հաւատարիմ մնալու նպատակաւ, Ամերիկա բնակող բարերարներ եւ եկեղեցականներ, 1965-ին հիմնաքարը դրին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ դպրոցին Փասատինա քաղաքին մէջ, գրկաբաց ընդունելու հայութեան ազգասէր ծնողներու զաւակները, որոնք արձագանգեցին այդ կանչին յիշեալ թուականէն մինչեւ այսօր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ դպրոցի դասընթացքները տեղի կ՚ունենան ամէն  Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ 1։ Աշակերտներու թիւի աճն ու վարժարանի  ստացած գնահատականները վկայագիր են ծնողներու եւ պատասխանատու մարմիններու կողմէ,  որոնք ականատես են այս կրթական հաստատութեան անխափան վերելքին ու յաջողութեան, շնորհիւ փորձագէտ, հմուտ ու մասնագէտ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին :

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն, օգտագործելով հայերէն դասագիրքեր եւ արդի դասաւանդման յատուկ  մեթոտներ: Անոր կողքին                                                                           աշակերտը կը սորվի հայրենասիրական երգեր եւ արտասանութիւններ. կը ստանայ  Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ու կը կամրջէ իր եւ Հայրենիքի՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»ի հետ, արմատներ նետելով հայրենասիրութեան ծառին, ուր կ՚աճի, կը ծաղկի ու կը դալարի ժամանակի ընթացքին:

Հայ արուեստն ու մշակոյթը մեծ տեղ կը գրաւեն  վարժարանի ծրագրին մէջ, հայ աշակերտին կը սնուցանուի սիրել ու պահպանել զայն, կը ծանօթայ  հայ արուեստագէտներուն եւ համաշխարհային համբաւ ունեցող երգահաններուն, դերասաններուն, որոնք պարծանք հանդիսացած են հայ ազգին եւ համայն աշխարհին:

Դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի  հովանաւորութեամբ՝ դպրոցի աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային ու ծիսական տօնակատարութիւններուն, որոնցմէ են՝ Հայաստանի անկախութեան օր, Հայկական Բանակի օր, Թարգմանչաց տօն, Ս. Հաղորդութիւն եւ Կաղանդ, Բարեկենդան, Վարդանանց, Տեառնընդառաջ, Ս. Հաղորդութիւն եւ Զատիկ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, Բարեկենդան, Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքի մասնակցութիւն եւ տարեվերջի հանդէս, ուր աշակերտը կը հնչեցնէ երգն ու պարը բեմին վրայ: Վարժարանը նաեւ ունի ծառատունկի յատուկ ծրագիր, որուն միջոցաւ հայ աշակերտը կը գիտակցի Հայաստանի մէջ ծառ տնկելու անհրաժեշտութեան գեղեցիկ գաղափարին: Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ դպրոցի երդիքին տակ հայ  աշակերտները կը կերտեն հայկական դիմագիծն ու ինքնութիւնը վերականգնող միջավայր, մշակելով բարեկամութիւններ եւ ընկերութիւններ, որոնք կ՚օգնեն իրենց յետագայ կեանքին ուղին գծելու, ձուլման եւ օտարացման վտանգը նուազեցնելու եւ ինչու չէ՝ փարատելու:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարան

Հայութեան Փարոս, Հայապահպանման ու Հայակերտման դարբնոց: Յաջողութիւն քու սրբազան առաքելութեան։

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին