Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ

Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս – Լիբանան

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն

Վահան Թէքէեան

Վեհափառ Տէր,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի անդամակցութեան  եւ համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի հովանիին տակ գործող կառոյցներուն  անունով կու գանք մեր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու Ձերդ Ս. Օծութեան, Ձեր սիրեցեալ մօր՝ Տիկ. Լուսինին մահուան տխուր առիթով:

Մենք լաւ գիտենք, թէ որքա՜ն դժուար է մօր մը կորուստը մեր տարիքի ո՛ր հանգրուանին ալ պատահի ան, սակայն ի մխիթարութիւն Ձերդ Ս. Օծութեան մենք կը հաւատանք, որ Ձեր ազնիւ մայրը մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ փակած է իր աչքերը այն գիտակցութեամբ, որ իր ետին,  ազգին որպէս ժառանգ ձգած է Ձերդ Ս. Օծութեան նման արժանաւոր զաւակ մը:

«Ինչ՛ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՜յն միայն (կը մնայ կեանքէն)», կը գրէ բանաստեղծութեան իշխանը: Արդարեւ, տիրամայր Տիկ. Լուսինը «ուրիշին», այսինքն մեզի, տուաւ Ձերդ Ս. Օծութեան նման ազգային ժառանգութիւն մը, որուն անզուգական վաստակը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր հայորդիի:

Այս տխուր առիթով մեր խորին ցաւակցութիւնները նաեւ կը յայտնենք հանգուցեալ տիրամօր միւս զաւակներուն, թոռներուն ու համայն հարազատներուն:

Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ Ձերդ Ս. Օծութեան սիրեցեալ մօր հոգւոյն:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին