Սեպտեմբեր, 18 2019
Նորին Ս. Օծութիւն
Վեհափառ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս
Վեհափա՛ռ Տէր,
Խոր վիշտով կը միանանք Ձերդ վսեմութեան, հրաժեշտ տալու, մեր բոլորին սիրելի, ազնուահոգի Տիրամօր Տիկ. Լուսին Քէշիշեանի, որ յաւիտենապէս բաժնուեցաւ այս աշխարհէն, բարի յիշատակներ ձգելով իր հարազատներուն:
Հայ մօր դերը հայ ընտանիքի ու ազգային մեր արժէքներու պահպանումին մէջ անուրանալի է: Ի մասնաւորի Տիրամօր կատարած դերը մեծարժէք է մեր բոլորին համար, որովհետեւ կրօնաբարոյական և հայրենաշունչ ոգիով դաստիարակած է Ձերդ վսեմութիւնը, որուն շունչով անսասան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռանիստ կաթողիկոսութիւնը:
Այս տխուր առիթով, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը և ողջ աշակերտութիւնը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցեն Ձերդ վսեմութեան:
Յիշատակն անթառամ օրհնեալ եղիցի:
Կալինա Շեմեմեան Նաճարեան Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան
Տնօրէնուհի Հոգաբարձութեան Ատենապետ