Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Խտրական Վերաբերմունք Փտածութեան, Թալանին ու Թալանճիներուն Հանդէպ Կամ՝ Երկու Չափ Երկու Կշիռ (տեսերիզ)

Փաշինեանի Աւելի Քան Չորս Ժամ Տեւած Ասուլիսի Արդիւնքները

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սեպտեմբեր 16-ին Լոռու մարզկեդրոնի՝ Վանաձորի մէջ հանդիպեց լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ Ասուլիսի սկիզբը վարչապետը մօտ մէկ ու կէս ժամ ներկայացուց 100 փաստեր «նոր Հայաստան»ի մասին, որոնց մէջ դժբախտաբար, կային զաւեշտալի կէտեր, որոնք կը նկատուէին, որպէս ձեռքբերում։ Անդրադառնալով 100 փաստին՝ արդար ըլլալու համար ներկայացնենք մի քանի փոփոխութիւն, որ իսկապէս տեղի ունեցած է «նոր Հայաստանին մէջ։

Պաշտպանութեան ոլորտին ուղղուած ծախսերը 2019-ին աւելցեր են շուրջ 26 տոկոսով՝ կազմելով 313.2 մլրդ դրամ՝ նախորդ տարուայ 247.8 մլրդ դրամի դիմաց։ ՀՀ կառավարութիւնը 2.1 մլրդ յաւելեալ միջոցներ տրամադրեր է զինուորներու մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու, անոնց շարքին՝ մարտական դիրքերը խմելու հոսող ջուրով ապահովելու համար։ Մինչեւ տարեվերջ մարտական դիրքերու 30-50 տոկոսը կ՛ապահովուին խմելու ջուրով։ 2019 Յունիս-Օգոստոս մօտ հինգ տոկոսով աւելացած է սպառազինութեան ու ռազմական արհեստագիտութեան՝ ներառեալ խոցման միջոցներու քանակը։ Շփման գիծի հինգ ուղղութիւններուն վրայ բարելաւուած է Հայոց  Բանակի դիրքը։ Առաջնագիծին վրայ շուրջ 10 տոկոսով աւելացած են ժամանակակից տեսադիտարկման սարքերու քանակը։

ՀՀ նոր կառավարութեան ձեռքբերումներէն է զօրամասերուն մէջ զինուորներու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը, որ տարիներ շարունակ գործած է փտածութեան յատակագիծով։ Այս նոր համակարգով զինուորներուն սնունդի կազմակերպումը կ՛իրականացնեն 6 մասնաւոր ընկերութիւններ։ 2019ի սեպտեմբերի դրութեամբ՝ նոր համակարգի անցած զօրամասերու թիւը կը կազմէ 16: 2020ի երրորդ եռամսեակին ՀՀ բոլոր զօրամասերուն մէջ կը գործէ նոր համակարգը (նշուածը արդիական աշխատելաձեւ ըլլալով հանդերձ, ըստ մեզի կարելի է կիրառել խաղաղ երկիրներու մէջ միայն եւ ոչ անպայման պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող բանակի մը պարագային: Ճակատներու ապահովութեան տրամաթիք ժխտական զարգացումի մը պարագային, սեփական ընկերութիւն մը իր մեքենաներուն եւ պաշտօնեաներուն ապահովութեան նկատառումներով կրնայ շատ թէժ օր մը կամ օրեր որոշէ չմօտենալ վտանգաւոր գօտի նոյնիսկ յանձն առնելով պայմանագրին մէջ ճշդուած տոյժը։ Այս պարագային ի՞նչ կ՛ըլլայ կռուող զինուորին վիճակը…: Այս իրավիճակին մէջ լաւագոյնը հաշուապահական խիստ հսկողութեամբ մը բանակային logisticsի ենթաբաժանումի մը վստահիլ առաքելութիւնը, որ պատերազմական իրավիճակէ չազդուիր զինուորին սնունդը տեղ հասցնելու համար – Խմբ.):

Կառավարութեան որոշմամբ 2019 թուականի Յունիսի 1էն բարձրացաւ Հայոց բանակի զինծառայողներու ամսական վարձատրութիւնը։ Պատկերը հետեւեալն է․

  • Գունդի հրամանատար – 22 հազար դրամով կամ 4.6 տոկոս:
  • Գունդի հրամանատարի տեղակալ- 51 հազար դրամով: կամ 12․7 տոկոս:
  • Գումարտակի հրամանատար- 88 հազար դրամով կամ 23 տոկոս:
  • Վաշտի հրամանատար- 97 հազար դրամով կամ 32.6 տոկոս:
  • Դասակի հրամանատար- 72 հազար դրամով կամ 26.2 տոկոս:
  • Աւագ ենթասպայ- 38 հազար դրամով կամ 18 տոկոս:
  • Շարքային պայմանագրային- 23 հազար դրամով կամ 13.7 տոկոս::
  • Սերժանտ պայմանագրային (դասընթացք անցած)- 49 հազար դրամով կամ 22 տոկոս:

Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ի թիւս այս փոփոխութիւններուն, 1000-2000 դրամով բարձրացած է նաեւ ժամկէտային զինծառայողներուն տրամադրուող նիւթական ապահովութիւնը։ Կառավարութեան կողմէն ընդունուած է որոշում, որով սպայական եւ աւագ ենթասպայական զինծառայողներուն հնարաւորութիւն կը տրուի յաջորդ տարուընէ սկսեալ օգտուիլ հիփոթեքային (բնակարանային) վարկերէն արտոնեալ պայմաններով։ Ըստ օրէնքին՝  զինծառայողները հնարաւորութիւն կ՛ունենան առաջնային շուկայէն բնակարան ձեռք բերել փաստացի զերօ տոկոսադրոյքով (տոկոսադրոյքը 7 տոկոս է, որմէ չորս տոկոսը պիտի փոխհատուցուի շահառուի եկամտային հարկի վերադարձի հաշուին, երեք տոկոսը՝ պետական պիւտճէէն): Իսկ երկրորդային շուկայէն բնակարան հնարաւորութիւն ունին ձեռք բերել 9 տոկոս տոկոսադրոյքով, որու 3 տոկոսի վճարման համար պիտի օգնէ (subsidize) կառավարութiւնը։ Երկու պարագային ալ բնակարանի կանխավճարի 10 տոկոսը  պիտի վճարուի պետական պիւտճէէն։ Որոշումը շատ դրական է գործադրուելու պարագային, քանի որ շատ զինծառայողներ հնարաւորութիւն կ՛ունենան լուծել իրենց բնակարանի հարցը, որ տարիներ շարունակ բարձրաձայնուած է։ Կառավարութիւնը նոյն ոլորտին մէջ եւս մէկ դրական փոփոխութիւն կատարած է, որուն  համաձայն մարտական հերթապահութեան ժամանակահատուածը զինծառայութեան փորձի շրջանին (stage) կը հաշուարկուի կրկնակի չափով։ Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 2.9 մլրդ դրամ յատկացուցած է Արցախին՝ Պաշտպանութեան բանակի զինթոշակառուներու բնակարանային խնդիրները լուծելու համար։ Ի դէպ՝ Կառավարութեան այս որոշումէն ետք, Փաշինեանի խօսքով, Ստեփանակերտի մէջ բնակարաններու գիները կտրուկ բարձրացած են։

Նշենք եւս մէկ կարեւոր որոշում, զորս ներկայացուց կառավարութեան ղեկավարը։ Կառավարութեան որոշմամբ՝ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի 2008ի մարտի մէկի իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձերուն։ Որպէս աջակցութեան ձեւ սահմանուած է դրամական օգնութիւնը՝ 30, 15 եւ 5 մլն դրամի չափով։

Մօտ 4 եւ աւելի ժամ տեւած ասուլիսի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նաեւ պատասխանեց լրագրողներուն՝ որոնց շարքին «Զարթօնք»ին տարաբնոյթ հարցերուն՝  երթեւեկային փոխադրութեան խնդիրներէն մինչեւ երկրի կարեւորագոյն խնդիրները։ Յեղափոխութեան ղեկավարը իր խօսքին մէջ բազմիցս յայտարարեց, որ Հայաստան այսօր փողի խնդիր չունի, այսինքն ոեւէ ծրագիր կրնան կեանքի կոչել։ Եւ ըստ իրեն այս փտածութեան դէմ պայքարի արդիւնքն է:  

Քանի որ ասուլիսը կազմակերպուած  էր երբեմնի արդիւնաբերական կեդրոն՝ Վանաձորի մէջ, հնարաւոր չէր չբարձրացնել Վանաձորի քիմիական գործարանի, Երեւանի Նայիրիտ գործարանի եւ միւս գործարաններու հարցերը, որոնք այսօր կամ փակ են կամ կ՛աշխատին փոքր տարողութեամբ։ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի քիմիական արդիւնաբերութեան մեծ ապագայ կը սպասէ, քանի որ արդեն ունինք քիմիագէտներ, որոնք շատ լաւ կը հասկանան, օրինակ, թթուային ուրդումէն, սակայն, այդ մեծ ապագան ինչպէ՞ս կը  տեսնէ Փաշինեանը, եթէ այսօր որեւէ՝ քայլ չառնուիր քիմիական երբեմնի հսկայ Նայիրիտ գործարանի վերաթողարկման ուղղութեամբ։ Պատգամաւոր եղած ժամանակ Փաշինեան բազմիցս հանդիպումներ ունեցած էր բողոքող նայիրիտցիներու հետ, սակայն մշտապէս ըսած էր, թէ լծակներ չունի որեւէ բան ընելու, գործարանից թալանուածը վերադարձնելու ու մեղաւորներուն պատժելու համար։ Այսօր ան պատգամաւոր չէ, վարչապետ է, լծակներ ունի, սակայն սայլը տեղէն չի շարժիր տակաւին։

Մեր թերթի հարցին, թէ ինչո՞ւ փտածութեան պայքարի ծիրէն ներս չեն զբաղիր նաեւ Նայիրիտ գործարանի հարցով եւ ինչո՞ւ չեն բացայայտէր թալանն ու փտածութիւնը, Կառավարութեան ղեկավարը տուաւ անյստակ պատասխաններ. «Ես Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարէր եմ, որպէսզի շփուին գործարանի համակարգող խումբի անդամներուն հետ եւ երբ խնդիրը կը լրջանայ ու կ՛ապացուցուի առաջարկներու լրջութիւնը, այդ ժամանակ ես ինքս ալ պատրաստ եմ միանալու այդ քննարկումներուն։ Մինչեւ օրս նման ազդակ մենք չունենք», դիմելով իր օգնականին՝ իր ըսածը հաստատել ուզեց Փաշինեան, ապա շարունակեց․ «Գիտէ՞ք խնդիրը որն է։ Մինչեւ օրս այնքան լսած եմ, որ կ՛ըսեն՝ մի հատ մարդ կայ 6 մլրդ դոլարի ներդրում է անում Հայաստանում, մի անգամ պէտք է հանդիպի։ Հասկանում էք, բոլորին յայտարարութիւնները եթէ համապատասխանէին իրականութեան մենք լրիւ ուրիշ իրավիճակ կ՛ունենայինք։ Մենք տասնեակ այսպիսի դէպքերի հետ ենք առնչւում։ Ես ասել եմ՝ Էկոնոմիկայի նախարարը դրանով զբաղուել է ու ես ասել եմ՝ երբ կը տեսնէք առաջարկը հիմնաւոր է ու լուրջ, ինձ կ՛ասէք ես կը միանամ»։

Հարցի միւս հատուածը, թէ ինչո՞ւ գործարանին մէջ կատարուած թալանը, որուն մասին մամուլը տարիներ շարունակ բարձրաձայնած է ու անուններ հնչեցուցած, չի բացայայտուիր, Փաշինեանը տուաւ շատ զաւեշտալի պատասխան․ «Այսօր մէկ քննիչը միջին հաշուով 50-60  քրէական գործ է քննում։ Պատկերացնո՞ւմ էք դա։ Քննիչների մի մասն էլ գործը քննում է չուզելով։ Ահա եւ ձեր հարցի պատասխանը»։ Դիտարկմանը, այսինքն քննիչներու չուզելը պատճա՞ռ է, որ նման կարեւորագոյն գործ չբացայայտուի,  Փաշինեանը կարճ պատասխանեց՝ «ոչ, պատճառ չէ, ամէն ինչ որոշակի ժամանակ է տանում եւ միշտ չէ, որ հրապարակային յայտարարութիւն պարզւում է, որ հենց այդպէս էլ կան»։ Փաշինեանի պատասխանին գնահատական տալը այս պարագային անիմաստ կը համարենք, քանի որ նման լուրջ ու ծանրակշիռ հարցին, այդ մակարդակի պատասխան հնչեցնելը իրական խնդրէն խուսափելու միջոց էր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին