Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ԻՐ ՄՕՐ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի
(ծնեալ Գոֆթիկեան, 1928, Ալեքսանտրէթ)
մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին։
Թաղման Կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին։
Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի նոյն օրը, Թաղման Կարգէն անմիջապէս ետք եւ յետ միջօրէին ժամը 16։00-19։00, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։00-12։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 16։00-19։00, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
ՄԱՀԱԶԴ
- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
- Տէր եւ Տիկին Աւետիս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
- Տէր եւ Տիկին Պօղոս Քէշիշեան եւ զաւակունք
- Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
- Տիար Լեւոն Քէշիշեան
- Տէր եւ Տիկին Հրաչ Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
- Տէր եւ Տիկին Յովսէփ Քէշիշեան եւ զաւակունք
ինչպէս նաեւ Քէշիշեան, Գոֆթիկեան, Տողրամաճեան, Գալայճեան, Մարգարեան եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի
(ծնեալ Գոֆթիկեան, 1928, Ալեքսանտրէթ)
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուրկէ ննջեցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։
Հանգուցեալին զաւակներուն կողմէ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նոյն օրը թաղումէն ետք մինչեւ ժամը 13։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 15։00-20։00, ինչպէս նաեւ Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-13։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 15։00-08։00, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ։
- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց Բոյն»ին կամ Պուրճ Համմուտի Ազգային Ծերանոցին։
****
Իր սիրեցեալ մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քեշիշեանի մահուան տխուր առիթով, «Զարթօնք» խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին: Մխիթարութիւն հանգուցեալին բոլոր հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն եւ յաւիտեան հանգիստ ողբացեալ Տիրամօր: