Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Ըմբոստը՝ Յեղափոխական Չէ Բայց Սորված Է Խօսիլ՝ Անոր Պէս

Յեղափոխական նկարագիրի յղացքը, կ՚ընդգրկէ երկու ոլորտներ. մէկը քաղաքական, իսկ միւսը՝ հոգեբանական…։ Հետեւաբար, յեղափոխական ըլլալու համար, չի բաւեր ունենալ յեղափոխական կարծիքներ ու բառապաշար, այլ կը պահանջուի ունենալ նաեւ՝ յեղափոխական համոզումներ, ինչ որ կ՚ենթադրէ ունենալ՝ յեղափոխական հոգեկան կերտուածք, որուն մէջ կ՚արմատակալեն յեղափոխական կարծիքները, որոնք ժամանակի մը տեւողութեան, խտանալով՝ կը դառնան համոզումներ։

Ուրեմն, կարծիքները կրնան ըլլալ կարճատեւ, նոյնիսկ րոպէական եւ պարագայական։ Համոզումները երկարատեւ կ՚ըլլան, պատմական անցեալ կ՚ունենան, եւ՝ շարունակական ու յարատեւ։

Յեղափոխականը ամէնէն յստակ եւ հասկնալի ձեւով սահմանելու առաջին քայլը՝ ճշդելը չէ թէ ան ո՞վ է… այլ՝ կտրուկ պնդելը, թէ յեղափոխականը ըմբոստը չէ…։

Ըմբոստին կերպարը համաչափ համապատկերն է յեղափոխականի կերպարին (the symmetric opposite)։ Յեղափոխութեան մասին շատախօսելը մարդուն չի տար յեղափոխութեան մասնակցելուն պահանջած հոգեբարոյական ուժը, զոր կու տան յեղափոխական համոզումները… միայն։

Ըմբոստը կը գործածէ յեղափոխական լոզունգներ եւ կարծիքներ, իր դժգոհած իշխանութիւնը տապալելու, եւ լոկ անոր աթոռը գրաւելու համար։ Նոյն իշխանութեան դէմ պայքարող յեղափոխականներու յեղափոխութեան չի մասնակցիր, քանի որ ըմբոստը բոլորին համար դժգոհած չէր այդ իշխանութենէն, եւ իր փնտռածը իր մասնաւոր շահն էր. իշխանութեան աթոռին ի՛նք բազմելու համար, ոչ՝ ուրիշ մը, կամ՝ հանրութիւնը։

Ընդհանրապէս, ըմբոստը չի յաջողիր հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ անոր շունչը կարճ է, բայց ինք՝ կամապաշտ ըլլալով (այսինքն՝ շոփէնհաուերեան) կը դիմէ շուտիկութեան եւ շտապողականութեան, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ գործէ՝ արկածախնդրութիւն եւ ոչ թէ յեղափոխութիւն, որովհետեւ՝ ան իրեն յատուկ բնազանցական մտածելաեղանակով, կը կարծէ թէ բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է՝ «կամենալը կարենալ է» խօսքը…։ Եւ եթէ դիպուածը օգնէ իրեն, եւ՝ առժամեայ յաջողութիւն ունենայ, ատիկա երկար չի տեւեր… քանի որ շուտիկ եկածը շուտիկ կ՚երթայ։ (Աւետիք Իսահակեան ըսած է. «Բախտի կռանը կամքն է թէեւ, բայց դիպուածն է տիրական։ Ըմբոստը կը տառապի դիպուածներու պատրանասիրութենէն, որովհետեւ՝ պատեհապաշտ մըն է… բախտախնդիր մը)։

Իսկ, եթէ իր դժգոհած իշխանութիւնը՝ ըմբոստին կոալիցիա կազմել առաջարկէ… ան նոյն շուտիկութեամբ կը մոռնայ անոր դէմ իր «յեղափոխական» հրետոռութեամբ բարձրացուցած սկզբունքները… եւ անոր հետ կոալիցիա-ն կը կազմէ, քանի որ իրեն համար իշխանական որեւէ աթոռ աւելի կարեւոր է քան՝ լաւագոյն սկզբունքը, ինքզինք մխիթարելով եւ ժողովուրդը խաբելով, թէ՝ իշխանութեան ներսէն կը պայքարի իրագործելու այդ սկզբունքը։ Օրինակ. Թոնի Պլէռ, բրիտանացի «աշխատաւորական» ըմբոստը, որ կը դժգոհէր ամերիկեան իմփերիալիզմի Բրիտանիոյ վրայ գործածած վերահսկողութենէն, երբ Ճորճ Պուշ (Որդին) օգնեց իրեն, որ գրաւէ Աշխատաւորական Կուսակցութեան ղեկավարի աթոռը, ան՝ ոտնահարեց իր իսկ կուսակցութեան աշխատաւորական սկզբունքները, հետեւեցաւ՝ ոչ միայն վայրի դրամատիրութեան տնտեսութեան, այլեւ՝ ԱՄՆ-ի իմփերիալիստական պատերազմներու ստրատեգիային, եւ գործօն մասնակիցը դարձուց Բրիտանիան՝ սուտի վրայ հիմնուած Իրաքի դէմ ներխուժումին (2009 թ.), հակառակ՝ իր իսկ երկրի Հետախուզական Ծառայութեան գաղտնի տեղեկագրին, որ կ՚ըսէր թէ՝ այդ ներխուժումը հիմնուած է սուտի վրայ, զոր հետագային խոստովանեցաւ նոյնիսկ ամերիկացի Զօր. Գոլին Փաուելը…։ (Այսպիսի պատեհապաշտութիւն ըրաւ հայ կուսակցութիւն մը՝ Մեճլիսի Մեպուսանի մէջ իր աթոռներուն սիրոյն, երբ ընդունեց արիւնարբու Սուլթանին վեհաճաշի հրաւէրը, զոր խարանեց Դանիէլ Վարուժան՝ իր «վեհաճաշը» պարսագրով… մաղթելով՝ Bon Appétit messieurs!)։

Ըմբոստը՝ մոլեռանդ մըն է, իրեն մտասեւեռում դարձած աթոռին հասնելու անդիմադրելի մոլուցքին եւ իր երկնատուր բացառիկութեան եւ ընտրեալութեան, սիոնիստական փարանոյային հետեւանքով ու մենատիրական անզուսպ մղումին պատճառով։

Սակայն, յեղափոխական նկարագիր ունեցող եւ յեղափոխականի հոգեկան կերտուածքի տէր անձը, որ կ՚ունենայ անսասան հաւատք եւ համոզում, եւ աննկուն կամք եւ անընկճելի դիմադրականութիւն՝ մոլեռանդ մը չէ, նարկիզական մը չէ, ինքնասիրահարուած մը չէ, մեծամտութեան բսիխոզէ տառապող մը չէ։

Ըմբոստն է այդպիսին, որ խիստ կրքոտ խառնուածք ունի, բայց՝ միաժամանակ, սառնասիրտ դաւադիր մը, պետական հարուած մը կամ թշնամիի մը ահաբեկումը պաղարիւն ծրագրող մը, հեռու՝ ամէն զգացականութենէն… եւ՝ կռապաշտի մը մեքենականութեամբ օժտուած…։

Ըմբոստը, հոգեբանօրէն, կոյր ստրուկն է իր կուռքին։ Այդ կուռքը կրնայ ի՛նք ըլլալ, կամ՝ իր հետապնդած իշխանութեան աթոռը, եւ կրնայ շատ յաջողապէս ճառախօսել՝ յեղափոխականի պէս… սակայն, ոչ՝ յեղափոխականի լայն շունչով ու լայն մտահորիզոնով, այլ՝ կարճ շունչով ու նեղ մտահորիզոնով, եւ անպայման՝ ցանկատեսութեամբ ու… պատրանասիրութեամբ։

Ըմբոստը, որ կարճ շունչ ունի, պատեհապաշտ մըն է։ Ան կը հետապնդէ իշխանափոխութիւն։ Յեղափոխականը, որ երկար շունչ կ՚ունենայ եւ սկզբունքի տէր կ՚ըլլայ, կը հետապնդէ հասարակարգի փոփոխութիւն, դէպի՝ աւելի արդար, աւելի մարդկայնական եւ աւելի քաղաքակիրթ հասարակարգ։

Միեւնոյն հասարակարգին պատկանողիշխանութեան մը փոփոխութիւնը՝ ըմբոստ կողմը (անհատ կամ կազմակերպութիւն) կրնայ յաջողցնել՝ պետական հարուածով, իսկ յեղափոխական կողմը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով։ Իսկ հասարակարգի մը փոփոխութիւնը ցարդ յաջողած է միայն՝ յեղափոխութեամբ, եւ ուրեմն՝ միայն յեղափոխական նկարագրով ու հոգեկան կերտուածքով կողմին կողմէ։ Պատմութիւնը ցարդ չէ արձանագրած խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով յաջողած հասարակարգի փոփոխութեան մը փաստը։ Լատին Ամերիկայի մէջ հասարակարգի փոփոխութիւն եղաւ միայն՝ Քուպայի մէջ, յեղափոխութեամբ։ Սակայն, այն երկիրներուն մէջ, ուր սոցիալիստական կուսակցութիւններ խորհրդարանական ընտրութեամբ հասան իշխանութեան, անոնք ցարդ ոչ մէկ երկրի մէջ կրցան վերջնապէս եւ անդարձ կերպով կերտել սոցիալիստական ամբողջական հասարակարգ իր ներքնակառոյցով եւ վերնակառոյցով (infrastructure and superstructure), քանի որ ընտրութիւնը վերջ չդրաւ կամ արմատախիլ չըրաւ կապիտալիզմը եւ անոր պուրժուազիան, որոնք սկսան արգելակել ու խափանել սոցիալիզմի վերնաշէնքին ու ներքնաշէնքին կառուցումը՝ամերիկեան իմփերիալիզմի արտաքին միջամտութեամբ եւ նեցուկով։ Այլ խօսքով, կապիտալիստական եւ սոցիալիստական հասարակարգերու միջեւ՝ խաղաղ, խորհրդարանական հերթափոխութիւնը անիրագործելի պատրանք մըն է, վերացական ու երազային ցանկատեսութիւն մը։

Պղատոնական խաղաղասէրները աչքաթող կ՚ընեն այն խնդիրը, թէ՝ երկու իրերամերժ (անթակոնիստ) հասարակարգերու վերնակառոյցի եւ ներքնակառոյցի արմատախլումի եւ նորի կերտումին ՉՈՐՍ երկարատեւ գործողութիւնները՝ քանի՞ տասնամեակ կը պահանջեն, եթէ նոյնիսկ պահ մը աչքաթող ընենք արտաքին միջամտութեան գործօնը։ (Երբ հակասութիւններն ու հակադրութիւնները կամ հակառակութիւնները կ՚ունենան թշնամական բնոյթ եւ տարողութիւն, անթակոնիստական կ՚անուանուին ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի մէջ)։ Իսկ արտաքին միջամտութեան գործօնին անտես առնուիլը անկարելի է, այնքան ատեն, որ ներքին նախկին հասարակարգին ուժերը առկայ են եւ ազատութիւնը ունին գործելու եւ այնքան ատեն, որ տուեալ երկրի անմիջական դրացիները ունին տարբեր հասարակարգ։ (Խորհրդարանական ընտրութիւններու խաղաղ ճամբով հասարակարգի փոփոխութեան կողմնակիցները, որոնք հասարակարգային  իշխանութեան ալ հերթափոխութեան _ﺍﻟﺴﻠﻄﺔ ﺗﺪﺍﻭﻝ _ կը հաւատան, կը խուսափին՝ ոչ միայն արիւնալի յեղափոխութենէն, այլեւ՝ պրոլետարական տիկտատուրայէն, պահպանելու համար պուրժուազիային գործելու ազատութիւնը։ Պրոլետարական տիկտատուրան պէտք չըլլար միայն այն պարագային, երբ պրոլետարիատը հասած է իր զօրութեան գագաթնակէտին, իսկ պուրժուազիան՝ իր զօրութեան սպառումին…)։ Այս ընթացքով, հասարակարգային խաղաղ, խորհրդարանական հերթափոխութիւնը կրնայ մէկ դար (կամ՝ ամէնէն քիչը, կէս դար) պահանջել, որուն ընթացքին երկու կողմերուն միջեւ եւ արտաքին միջամտութեան դէմ կռիւներուն երկրին պատճառած վնասը, շատ-շատ աւելի մեծ է եւ աւելի երկար ժամանակի կորուստ, քան՝ արիւնալի յեղափոխութեանը…։ Ուրեմն, միեւնոյն հասարակարգին տարբեր կողմերուն միջեւ իշխանութեան հերթափոխութիւնը (ﺍﻟﺴﻠﻄﺔ ﺗﺪﺍﻭﻝ) կարելի է, սակայն տարբեր հասարակարգեու միջեւ հերթափոխութիւն՝ խաղաղ ընտրութիւններու ճամբով, գրեթէ անկարելի, ինչպէս ցոյց կու տայ ցարդ՝ Վենեզուելլայի պարագան։ Բայց, փորձերը կը շարունակուին Լատին Ամերիկայի մէջ…։

Ակամայ կը յիշենք Ռատիօ Երեւանի հարց-պատասխաններու մէկ անեկթոտը.

Հարցում – Այր մարդը կարո՞ղ է յղիանալ…։

Պատասխան – Բժշկագիտութիւնը ցարդ չէ հաստատել նման փաստ։ Բայց, փորձերը շարունակւում են՝ Բաքւում…։

(Սովետի օրով, Ռատիօ Երեւանի հարց-պատասխանի սրամտութիւնները լայն արձագանգ գտած էին ֆրանսական մամուլին մէջ, քանի որ սրամիտ հարց-պատասխանները որպէս թապու, արգիլուած չէին շօշափելու նաեւ սովետական լոզունգներ եւ կարգախօսներ։ Օրինակ.

Հարցում – Փայտոջիլը կարո՞ղ է սոցիալական յեղափոխութիւն կատարելու։

Պատասխան – Այո՛, քանի որ նրա երակներում եռում է՝ բանուորա-գիւղացիական արիւնը…)։

Պատեհապաշտ ըմբոստը, նաեւ՝ ուժեղ չէ, կը սպասէ առիթին, կամ՝ կ՚ապաւինի արտաքին օգնութեան։ Այսինքն՝ անկախ եւ ազատ չէ…։ Սկզբունքային յեղափոխականը ուժեղ է եւ ինք կը ստեղծէ առիթը, կ՚ըսէ Մաքսիմ Կորքի, եւ ուրեմն՝ չապաւինիր արտաքին ուժի օգնութեան։

(Հայ իրականութեան մէջ, հակառակ՝ սխալմամբ իբր յեղափոխական ինքնամատուցուած կուսակցութիւններուն այլազան ըմբոստութեան ցոյցերուն, արշաւանքներուն, գրաւումներուն եւ արկածախնդրութիւններուն… անոնք միշտ կ՚ապաւինէին «Քրիստոնեայ Եւրոպայի շտապ օգնութեան»… կամ նոյնիսկ՝ թշնամի պետութեան անմիջական միջամտութեան… թշնամիին պետական մարդիկն ալ ճենթլմէն կ՚որակէին եւրոպացիներուն կարգին։ Անոնցմէ մին կ՚երգէր. «Ուղիղ եօթ տարի ոչինչ արեցինք… Եւրոպի խօսքին ականջ դրեցինք»…։ Իսկ միւսը՝ «Հերոս՝ մռնչեց, սուլթան՝ դողդողաց, Եւրոպի աչքից՝ արտասուք սողաց»…)։

Յեղափոխականը նոյնացած կ՚ըլլայ մարդկութեան հետ, մեկուսացած չըլլար իր ազգային նեղ խոզակին մէջ։ Ըմբոստը՝ անհատապաշտ է եւ մեկուսապաշտ։ Յեղափոխականը՝ համայնատիրական է, ըմբոստը՝ մենատիրական։ Տարագիր յեղափոխական արեւմտահայը կը համարկուի հիւրընկալ արաբ երկրին ու ժողովուրդին, ընդելուզումի ճամբով, որ հայապահպանումի ճիշդ ուղին է,հաւատարիմ կը մնայ հիւրընկալ երկրին եւ կը պաշտպանէ այդ երկրի անկախութիւնը, եւ այսպիսով՝ ոչ միայն կրնայ պահպանել իր ազգային ինքնութիւնը, այլեւ՝ հիւրընկալ ժողովուրդին նեցակցութիւնը շահիլ իր հողային դատին։ Այսպէս շարժեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ՝ արեւմտահայ կոմունիստ տարագրեալները… որոնք չձուլուեցան Լիբանանի Կոմկուսին մէջ, այլ ունեցան իրենց Հայկական Կազմակերպութիւնը։ Իսկ ըմբոստը՝ կը խցկուի իր ազգային նեղ խոզակին մէջ, կը մեկուսանայ եւ կը կեթթոյանայ, տակաւին՝ ոչ միայն վերէն կը նայի հիւրընկալ երկրին ու ժողովուրդին, այլեւ՝ կը ծառայէ երկրին թշնամի իմփերիալիզմին եւ երկիրը գաղութացուցած օտար պետութեան, եւ՝ անոր ներկայացուցիչը՝ երկրի խորհրդարանէն ներս, կը քուէարկէ հիւրընկալ երկրի անկախութեան դէմ։ (Գաղութարարին ստրկացող եւ հիւրընկալ ժողովուրդը արհամարհող տարագրեալ մեկուսապաշտները՝ նոյնիսկ չէին վարաներ սա ձեւ երդում ընելու. Եթէ բան մը հասկցայ ըսածէդ, կամ՝ եթէ այդպիսի սխալ ըրած եմ… թող արաբ ըլլամ

Յեղափոխականը խոր յարգանք ունի մարդու կեանքին հանդէպ։ Յեղափոխական Նազովրեցի Յիսուս՝ Մարդու Որդին, ոչ՝ տիրակալ Քրիստոսը, կը սիրէր ապրիլ կեանքը։ Այս մասին, ֆրանսացի պատմաբան Տիւքէն կը պնդէ եւ կը յիշէ շարք մը պարագաներ. օրինակ՝ Կանայի հարսանիքը, որուն ներկայ էր Յիսուս «կենսասէր»ը (Le Bonvivant), ոչ՝ խստակեացը։ Յեղափոխականը եթէ ջերմօրէն սիրած չըլլար մարդկային կեանքը, պիտի չծառանար մարդոց ոչ-արժանապատիւ կեանքի պայմաններ պարտադրող բռնատէրներու եւ շահագործողներու դէմ։

Իսկ հակա-յեղափոխականը, նացին ու ֆաշականը, ոչ թէ կենսապաշտ չէ, այլ՝ դիակապաշտ է (ինչպէս՝ Հիթլէր, Ֆրանքօ, Պաթիսթա, եւ այլք…)։ Ծանօթ է թէ Ֆրանքոյի զօրավարներէն մէկը, 1936 թ. Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին, իր զինուորներուն կը բարեւէր «կեցցէ մահը» գոռալով…։ Բոլոր դիակապաշտները (Necrophilous) չեն գիտակցիր իրենց այս թաքուն մղումին՝ դէպի մահը, քանդումն ու քայքայումը։ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն իր մանկութենէն անգիտակից դիակապաշտ մըն էր, որ իր կոտրելը՝ շինել կը կարծէր (շինել կ՚որակէր…)։

Յեղափոխականը ունի քննադատական մօտեցում ամէն բանի հանդէպ, ներառեալ՝ իր անձին հանդէպ։ Կոմկուսի անդամը կը սորվի՝ ոչ միայն քննադատել, այլեւ՝ ինքնաքննադատութիւն ընել։

Պատեհապաշտ ըմբոստը, ոչ միայն բացարձակօրէն կը մերժէ ինքնաքննադատութիւն ընել, այլեւ՝ իր նարկիզականութեան, բացառիկութեան զգացումին ու ընտրեալի յաւակնութեան հետեւանքով ունեցած հոգեկան խախտումին (փարանոյա) պատճառով, նոյնիսկ ինքնաբուխ եւ անզգալաբար կը շպարէ ու գեղեցկացնել կ՚ուզէ իր դիմագիծը, իր գործը եւ իր իտէալը միրաժներով (mirage)…։ «Յեղափոխական» ոճով, «յեղափոխական»ի պէս, սակայն, իր մասին անոր պատմագրութիւնը՝ պատմագիտական չըլլար, այլ՝ պատմաշինական…։

Յեղափոխականի քննադատական մօտեցումը ամէն բանի հանդէպ՝ հարկաւ շնականութիւն (սինիզմ) կամ ժխտականութիւն (նեկաթիվիզմ) չէ, ինքնանպատակ չէ, կոյր չէ, այլ՝ գիտակից է եւ բանական։ Ան գիտէ՝ ե՛ւ հնազանդիլ հիմնաւորուած հեղինակութեանց, ե՛ւ ապստամբիլ՝ պարտադրուած հեղինակութեան դէմ, քանի որ ան մասնաւոր տկարութիւն մը չունի իշխանութեանց դիմաց։ Եւ՝ չի վարանիր անարդար իշխանութեանց հակառակորդն ու ընդդիմադիր ըլլալու, զայդ բարենիշ համարելով, եւ անոնց դէմ պայքարիլը՝ առաքինութիւն համարելով, եւ՝ անոնց իրեն տրուած կաշառք-շքանշանը անոնց վերադարձնելու… ինչպէս ըրաւ Սիլվա Կապուտիկեան, եւ գրեց բացատրական քերթուած մը՝ «Ապստամբութիւն» վերնագրով, զոր Վահան Թէքէեան պիտի վերնագէր՝ «Ապստամբութիւն Սրբազան»…։

Յեղափոխականի քննադատական կեցուածքը բնաւ չի նշանակեր միակողմանի սկեպտիկութիւն, միականի ակնոսթիկութիւն կամ բացարձակ անհաւատութիւն։ Ան ակնոսթիկ չէ, Տիեզերքի անճանաչելիութեան հաւատացողը չէ։ Սակայն, կ՚ընդունի թէ ցարդ՝ մարդը բացայայտած չէ ատոր բոլոր գաղտնիքները։ Նոյնպէս՝ անհաւատ մը չէ, այլ՝ եթէ «անաստուած» է (ապակրօն իմաստով), ան սակայն կը հաւատայ մարդկայնական արժեհամակարգի մը, որ մարդկային վսեմագոյնն ու վեհագոյնն է, եւ ան՝ պատրաստ է իր այս հաւատալիքներուն համար մեռնելու… որուն դիմաց՝ ոչ մէկ անձնական վարձատրութիւն կը սպասէ, ոչ ալ՝ անդենականի մէջ դրախտի փոխհատուցումը…, ինչ որ, ընդունինք, ջերմեռանդ հաւատացեալին ունեցած բարոյականէն շատ աւելի բարձր մակարդակի բարոյական կ՚ենթադրէ։

Յեղափոխական նկարագրով մարդուն յիշեալ բոլոր յատկանիշերը ունէր Նազովրեցի Յիսուս, ինչպէս նաեւ՝ միւս բոլոր մարգարէները եւ օրկանական, մտաւորական գրողները, որովհետեւ՝ անոնք յառաջապահ ու ռահվիրայ մտածողներ էին, որոնք անկախ էին եւ ազատ, եւ իրենքեւս՝ կ՚առաջնորդէին, առանց տիրապետելու։ (Փիլիսոփայական գլխաւորերեք ուղղութիւններն են՝ Մատերիապաշտութիւն (Materialism), Իդէապաշտութիւն (Idealism) եւ Անճանաչելիապաշտութիւն (Agnosticism)։ Առաջինը՝ պատմական եւ դիալեկտիկ մատերիապաշտութիւնը, կը դաւանի մատերիայի՝ նիւթեղէնի առաջնայինութիւնը։ Երկրորդը՝ իդէապաշտութիւնը, կը դաւանի իդէայի՝ գաղափարի առաջնայինութիւնը։ Իսկ երրորդը՝ կ՚ըսէ թէ Տիեզերքը անճանաչելի կը մնայ մարդուն, քանի որ ան կը տեսնէ միայն բանի մը արտաքինը (la chose pournous}, ոչ՝ ներքինը (la chose en soi))։

Յեղափոխականը միայն կրնայ «ՈՉ» ըսել։ Անոր «ՈՉ»ը՝ «ՈՉ» է, «ԱՅՈ՛»ն՝ «ԱՅՈ»։

Եւան եւ Ադամը սուրբ գրային առաջին յեղափոխականներն են, որոնք ապստամբեցան, անհնազանդ գտնուեցան, եւ՝ դրախտէն դուրս վտարուեցան, քանի որ շարժած էին իբր անկախ եւ ազատ մարդիկ՝ հիմը դնելով մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան։

Չմոռնանք թէ՝ հնազանդութիւնը եւս դիալեկտիկ բնոյթ ունի. ՄԷԿ չէ, այլ՝ ԵՐԿՈՒ…։ Կողմի մը, բանի մը կամ մէկու մը հնազանդիլը, ուրիշ կողմիմը, բանի մը կամ մէկու մը՝ չհնազանդիլ է…։ Ուրեմն, կարեւոր հարց է թէ մարդ՝ որո՞ւ կը հնազանդի եւ որո՞ւ դէմ անհնազանդկը գտնուի։ Այլ խօսքով, հնազանդութեան եւ անհնազանդութեան դրակա՞ն թէ ժխտական ըլլալը որոշելու համար, շատ կարեւոր է գիտնալ թէ՝ որո՞ւ դէմ է, եւ որո՞ւ հետ նաեւ։ (Բնազանցական (metaphysical) մտածելաեղանակը, որ իդէապաշտ փիլիսոփայութեան կը պատկանի, միականի է, իրական «գոյ»երու երկուութիւնը չի տեսներ։ Դիալեկտիկ մտածելաեղանակը կը տեսնէ մէկ երեւող իրական «գոյ»ի մը երկուութիւնը, եւ կը պատկանի պատմական եւ դիալեկտիկ մատերիապաշտ փիլիսոփայութեան։ Երկուութիւն կը նշանակէ 100% դրական կամ ժխտական բան չկայ։ Առաւելաբար դրականին մօտ մասնակի ժխտական ալ կայ, եւ հակառակը։ Օրինակ՝ թոյնը, նաեւ դեղ է…)։

Յեղափոխական՝ սթափ, արթուն եւ միշտ պատրաստ մարդն է, ոչ թէ կէս-արթուն, կէս-քնած կամ մթափոշ մարդը։ Բարացուցական է՝ որ Բագրամեան Մարզական Միութեան արիական շարժումին նշանաբանը «Միշտ Պատրաստ» էր…։ Հասարակութեան կողմէ տակաւին չաղարտուած մանուկը կը շարժի յեղափոխականի նման, ինչպէս՝ Հանս Քրիշչըն Անտէրսենի հեքիաթին մանուկը, որ միակը եղաւ տեսնելու՝ թագաւորին իբր թէ նոր հանդերձանքին սուտը… անոր մերկութիւնը շքերթի պահուն։ Եւ՝ շատ բնական է, որ Կոմկուսը իր անդամներէն կը պահանջէ «յեղափոխական արթնութիւն»։

Հ.Ք. Անտէրսենի հեքիաթին մանուկը, որ տակաւին իշխանութեանց հանդէպ կուրացած չէր, ըսաւ՝ ինչ որ տեսաւ…։ Այս ճշմարտախօսութիւնը յեղափոխական նկարագրին յատուկ է։ Ահա թէ ինչու բռնատէր եւ շահագործող իշխանութիւնները կ՚ահաբեկեն ճշմարտախօս հրապարակագիրները (ինչպէս՝ Հրանդ Տինք), կամ՝ կը բանտարկեն զանոնք։ Անոնք յեղափոխականներ են, որոնց ղումաշով շատ քիչեր միայն կան հայ հրապարակագիրներուն մէջ։ Սովետահայ Ոսկեդարի արժեհամակարգով երէկ խանդավառուած հրապարակագիրներուն մեծագոյն մասը, առանց կարմրելու, այլայլելու եւ խպնելու՝ խոնարհեցաւ ու քծնեցաւ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխներու իշխանութեանց, եւ ոչ միայն չունեցաւ բարոյական քաջութիւնը վերադարձնելու անոնց բաշխած աժան շքանշանները, այլ՝ ընդհակառակը… մուրաց այդ կաշառքները…։ Հազար ամօթ։

Յեղափոխական նկարագրի եւ հոգեկան կերտուածքի տէր մարդոց ցարդ յիշուած յատկանշական գիծերուն գրեթէ ամբողջութիւնը՝ հեղինակաւոր հոգեվերլուծաբաններու ( անոնց շարքին՝ Դոկտ. Էրիք Ֆռոմմի) կարծիքով, յատուկ են առողջ մտածողութիւն ունեցող մարդոց։ Եւ՝ այս վերջինը կ՚աւելցնէ. «Եթէ այսօր մարդկութիւնը տակաւին քարայրներու մէջ չի գտնուիր, պատճառը այն չէ, որ մարդիկ՝ մեծամասնութեամբ, ունեցած են յեղափոխական նկարագիր եւ հոգեկան կերտուածք, սակայն, այդպիսիները եղած են սակաւաթիւ, բայց՝ բաւարար…»։

Ուրեմն, մարդկութիւնը չի կրնար՝ յառաջդիմելու համար, բաւարարուիլ դպրական աստուածաբանութեան տոկմային նենգափոխուած խօսքերով եւ սուտ խոստումներով։ Այլ՝ կենսական կարիքը ունի յեղափոխական նկարագրի եւ հոգեկան կերտուածքի տէր առաջնորդներու, եւ՝ զանգուածներու։ Ահա թէ ինչու Եղիշէ Չարենց կը գովերգէր՝ «Ամբոխները Խելագարած»…, որոնք նոյնքան կարեւոր են։

Եթէ ատելութեանց, ջարդերուն, պատերազմներուն եւ այլ շահագործումներուն ու վայրագութեանց, աշխարհի երեսէն ի սպառ վերացումը, մարդուն ամենավսեմ նպատակը կը հանդիսանայ, յեղափոխական նկարագրի եւ հոգեկան կերտուածքի տէրերը կը պայքարին՝ աշխարհի խաղաղութեան, ժողովուրդներու եղբայրակցութեան եւ ընկերային արդարութեան ի խնդիր։ Ուրեմն՝ գործնականապէս կը հետապնդեն վսեմագոյն նպատակներ, զորս պահանջած են բոլոր մարգարէները։

Մարգարէներուն մօտ՝ խաղաղութեան յղացքը լոկ պատերազմին վերացումը չէ՝ որեւէ ձեւով, այլ՝ կը պահանջէ արդար խաղաղութիւն, որպէսզի ըլլայ՝ միաժամանակ, մարդասիրական, հասարակական ալ խաղաղութիւն եւ մնայուն խաղաղութիւն։

Վ. Թէքէեան, իր «Աղօթք՝ Վաղուան Սեմին Առջեւ» քերթուածին մէջ կ՚ըսէ. «Եւ թող շուտով հաստատուի խաղաղութիւնը ԱՐԴԱՐ՝ կռուողներուն միջեւ ՏԽՈՒՐ»։ Այո՛, ՏԽՈՒՐ… քանի որ ԱՆԱՐԴԱՐ պատերազմին նախայարձակ կողմին կռուողներն ալ ՏԽՈՒՐ կ՚ըլլան, եթէ հրձիգները ՏԽՈՒՐ չըլլան…։

Նաեւ, պէտք չէ մոռնալ, որ ըստ մարգարէներու խաղաղութեան յղացքին, անոր համար գործողը եւ պատասխանատուն՝ մարդկութիւնն է… եւ ոչ թէ՝ նախախնամութիւնը։ Քանի որ, մարդը՝ իր ազատ կամքով անհնազանդ եղաւ եւ դուրս եկաւ դրախտէն, եւ մարդկային քաղաքակրթութեան նախաքայլը առաւ, եւ ուրեմն՝ ինք պէտք է շարունակէ ամբողջական մարդ դառնալու մարդեղութեան երթը՝ ազատօրէն եւ անկախօրէն նախախնամութենէն, եթէ՝ հասած է չափահասութեան աստիճանին… եւ կարիքը չունի ապաւինողականութեան։

Իսկ ըմբոստ նկարագրով մարդիկ՝ անսկզբունք, քամէլիոնավարի պատեհապաշտներ են, առիթին սպասողներ, առիթէն օգտուողներ, եւ ոչ թէ՝ առիթը ստեղծողներ։ Ասոնք իրենց իշխանատենչութեամբ կուրացած եւ կամապաշտական մեծխօսիկութեամբ գինովցած արկածախնդիրներ են, որոնք կը կարծեն թէ տեռորով եւ դաւադրութեամբ կրնան հասնիլ Աթոռին…։ Իրենց կարճ շունչով եւ նեղ մտահորիզոնով կռապաշտներ են՝ իբր կուռք ունենալով իրենք զիրենք, կամ իրենց ազգութիւնը, որուն պահապանը նշանակուած ըլլալ կը յաւակնին, նախախնամութեան կողմէ…։ Մէկ խօսքով, պատմութենէն եւ արտաքին աշխարհէն խզուած փարանոյակներ, որոնց գաղափարականը աւելի դիցաբանական է, քան՝ գիտական ու յարակցական (coherent), աւելի մշուշապատ (nebulous) եւ հաւաքաբանական (eclectic), քան՝ պայծառ ու միասնական…։

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին