Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս, առաջնորդ Լիբանանի հայոց, ընդառաջելով «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ի հովանաւոր տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու հրաւէրին, այցելեց սոյն ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ ազգային բարերար` տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պեզիկեաններուն։
Ցուցասրահի մուտքին, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ տէր եւ տիկին Շանթ եւ Գարին Զէյթլեաններու կողմէն, որոնք համապարփակ տեղեկութիւններ տուին ցուցասրահի բացման նպատակին մասին։
Յայտնենք, թէ «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ին կայքէջի հասցէն է.-https://anjarartgallery.com/