Պէյրութի օդակայանի հին-նոր «ոդիսականը» կը շարունակուի: Երկրին ու ժողովուրդին գլխուն անհաշուելի պարտքեր կուտակելու գնով իբր թէ վերանորոգուած եւ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ ընդունելու համար նկատի առնուած օդակայանը ամէն առիթով կը փաստէ, որ ի զուր էր տարուած աշխատանքն ու իր վերանորոգման իսկական արժէքէն տասնապատիկը աւելի արժած (փառք փտածութեան) այսպէս կոչուած բարեփոխումը:
Ատենին կատարուած շինարարական հսկայ աշխատանքներէն ետք, վերջերս նաեւ յարմար տեսնուած է շէնքին ներքին աշխատանքային համակարգին ու սարքաւորումներուն մէջ ալ փոփոխութիւն մտցնել, թէ արդիականացնելու եւ թէ խճողումը թեթեւցնելու ազնիւ քայլով մը: Նպատակին ճիշդ հակառակն է սակայն, որ կը պատահի այսօր այնտեղ: Հակառակ այս շրջանին աւելի քան անգամ մը այնտեղ այցելած խնդրոյ առարկայ նախարարներուն վերջին այցելութենէն ետք (նախորդ օրը) երէկ ականատեսը եղայ իրենց լաւատեսութիւնը ուղղակի հակասող երեւոյթի մը:
Արդարեւ երէկ առաւօտուն ճամբորդութեանս պատճառով հոն յայտնուեցայ կատարեալ քաոսի մը մէջ կորած:
Պատճառը այնքան պարզ ու աչքառու է, որ ոչ մէկ տեսակի գիտական արժեւորում կամ ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ: Արդիական մեքենաներու տեղադրումն ու քանակի աւելացումը ակնյայտ է եւ գնահատելի, սակայն գիտե՞ս ինչը կը մնայ սիրելի ընթերցող, ընդամէնը տասը պաշտօնեայի յաւելումը… այսքան բան: Ուրիշ ոչինչ…: Ճիշդ է, թէ երկու հնածոյ սարքաւորումի փոխարէն այսօր ունինք 8 արդիական սարք պայուսակներուն պարունակութիւնը նկարելու, սակայն այսօր առաւօտեան աշխատանքային ամենաթէժ պահուն այդ նոր սարքաւորումներէն երկուքը աշխատանքի լծուած էին, պարզ այն պատճառով, որ միւսներուն վրայ պաշտօնեայ չկար: Նոյնը աւելի առաջ պայուսակները կշռելու հարթակին վրայ: Երէկ իմ այնտեղ գտնուած պահուս նուազագոյնը չորս օդանաւի ուղաբեռին կը ծառայէր միայն մէկ աղջիկ, որուն նայելով մեղքս եկաւ շիտակը…:
Անշուշտ այս բոլորին վրայ որպէս cherry on the top մերթ ընդ մերթ պայուսակները օդանաւ տանող մեքենական գօտին ալ կը խանգարուէր ամէն մեղքիս: Պայուսակս հոն յանձնելով երկար նայեցայ անոր՝ պայուսակիս, մտքիս մէջ ունենալով, որ այդ օր քոնէ վերջին անգամն է, որ կը տեսնեմ զայն, որովհետեւ արդէն իսկ օդանաւիս թռչելու պահուն հազիւ ոտքս ներս դրած անձի մը հանգամանքով, ակնկալութենէս շատ վեր էր պայուսակս խերով բարով ի վերջոյ հասած գտնել Հռոմ…:
Խօսքս պատկան մարմիններուն է, որպէս վերջաբան: Երկրի մը զարգացման ամէնակարեւոր ազդակը մտայնութեան նաեւ անշուշտ աշխատանքային էթիքսի փոփոխութիւնն է: Հակառակ պարագային՝ անյոյս է: Նոյնն է Լիբանանի պատկան մարմիններուն պարագան երբ երկուքի փոխարէն 8 սարք կը բերէ ու անոնց մասին օրն ի բուն կը յայտարարէ, սակայն մնացեալ վեցին վրայ պաշտօնեայ չի դներ անոնց տեղադրումը լաւագոյնս շահագործելու:
Ալ ինչ ըսեմ: Բարի օր քեզի սիրելի ընթերցող եւ… ծով համբերութիւն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






