Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Մարդկային Իրաւունքներ. Արդարութիւն Առանց Սահմանի-Justice Without Frontiers

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Արդարութիւն Առանց Սահմանի (JWF) ոչ հասութաբեր քաղաքային ու իրաւական կազմակերպութիւն մըն է, որ  հիմնուած է փաստաբանուհի Պրիժիթ Ջելէպեանի կողմէ Նոյեմբեր 2005ին:

Վերջերս Ջելէպեան իր գաղափարները ներկայացուց հանդիսութեան մը ընթացքին Սինեմա-Սիթիի (Պէյրութ Սուքսի) մէջ:

            Արդարութիւն Առանց Սահմանի (ԱԱՍ) կ’աշխատի մարդկային իրաւանց աջակցութեան ու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական օրէնքի տիրապետութեան եւ միջազգային արդարութեան համար:

            Անոր գործը կը կեդրոնանայ չորս մայր ծրագիրներու վրայ ա) սեռային վայրագութեան դէմ պայքար բ) երեխաներու օրինական պաշտպանութիւն գ) միջազգային ոճրային արդարութիւն դ) ժողովրդավարութիւն եւ օրէնքներու բարեփոխում:

  • Տեսութիւն

ԱԱՍ մտապատկեր ունի ընկերութիւն մը ուր բոլոր քաղաքացիները ունին հաւասար իրաւունքներ հասնելու համար արդարութեան, ուր բոլոր ոճիրները  պիտի հետապնդուին, նաեւ ԱԱՍ կ’ուզէ նեցուկ կանգնիլ այն զոհերուն որոնք կ’ենթարկուին մարդկային իրաւունքներու բռնաբարութեան ազգային, շրջանային ու միջազգային մակարդակի վրայ:

  • Առաքելութիւն  

Մարդկային իրաւունքները կը բռնաբարուին ամէն օր, բոլոր աշխարհի մէջ, ընկերութեան մէջ, բախումներ եղած շրջաններու մէջ, գործի եւ տնային աշխատաւորներու մօտ. Բռնաբարումներու տեսակները շատ են, ինչպէս տանջանք, չարչարանք կամ խաբէութիւն, որոնց կրնան ենթարկուիլ կիներ, մարդիկ կամ երեխաներ: Մեր առաքելութիւնն է նեցուկ կանգնիլ այս զոհերուն որոնք հնարաւորութիւն չունին հասնելու արդարութեան, անտեղեակ  են իրենց մարդկային իրաւունքներուն, միջոցը չունին փաստաբանի դիմելու, կամ կը տառապին ընկերութիւնէ ուր օրէնքը անգործնական վիճակի մէջ է, կամ անկարող է ազատութեամբ  որոշումները գործադրելու: Այս բոլորէն առաւել, մեր առաքելութիւնն է օժանդակել ու բարելաւել արդարութեան գիտակցութիւնը եւ աշխատիլ նոր օրէնքներու վրայ ու ստիպել կառավարութիւններ որպէսի ստորագրեն միջազգային համաձայնագրեր ու տարածեն վերջ դնելու անպատժելիութեան դաստիարակութեան:

  • Նպատակներ

ա) լայնօրէն տեղեկութիւն տարածել ժողովուրդը եւ գիտակից պահել մարդկային իրաւանց օրէնքներու մասին, կազմակերպելով դասախօսութիւններ, խորհրդաժողովներ տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

բ) Հայթայթել ձրի իրաւաբանական խորհրդակցութիւն եւ աջակցութիւն վայրագութեան, տանջանքի, խաբեբայութեան կամ սեռային շահագործումի ենթարկուող զոհերուն:

գ) Բարձրացնել դերը Միջազգային ոճրային դատարանին եւ արագացնել Լիբանանի ու Արաբական երկիրներու անդամակցութիւնը միջազգային ոճրային դատարանին Հռոմի Համաձայնագիրին:

դ) Հետեւողականօրէն հետապնդել մարդկային իրաւանց բռնաբարումները իր բոլոր երեսներով:

ե) Հետեւիլ դատերու եւ անոնց ընթացքին, որպէսի անոնք ըլլան համապատասխան միջազգային ու շրջանային մարդկային իրաւանց օրէնքներուն:

զ) Օրէնքներ բարելաւել եւ նոր օրէնքներ մշակել որպէսի անոնք համապատասխանեն միջազգային դաշնագիրներու եւ համաձայնագիրներու:

է) Ղեկավարել մասնագիտացած ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ եւ զեկուցումներ պատրաստել այն հարցերուն մասին, որոնք կը բռնաբարեն մարդկային օրէնքները:

ը) Գործակցիլ ազգային, շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու  հետ, որոնք կը պաշտպանեն  մարդկային իրաւունքները:

 

  • Ցանցային Աշխատանք (Networking)

ԱԱՍ անդամ է միջազգային ոճրային դատարանի խորհրդատու կոմիտէին, որ կը գտնուի New York-ի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ: Ան նաեւ գործընկեր է,  ընկերային միջազգային ծառայութիւններու կազմակերպութեան որ կը գտնուի Ժընեւ (Զուիցերիա) եւ անդամ է միջազգային արշաւին վերջ տալու ամէն տեսակի բռնաբարութեան եւ  վայրագութիւններու:

***

Վիգէն Հապէշեան իրաւաբան է, վկայեալ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ Համալսարանէն 1973ին: Ան մասնագիտացած է Հանրային եւ Անհատական օրէնքներու ճիւղերուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին