«Ստեղծագործ Միտքեր»ու Պարգեւատրումներ Լիբանանի Ազգային Լրատուական Գործակալութեան Տնօրէն՝ Լոռ Սուլէյմանին, Հայրենի «Արմէնփրես» Լրատուական Գործակալութեան Տնօրէն՝ Արամ Անանեանին, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին
Պատուոյ Քաղաքացիութեան Տուչութիւն Իտալիոյ Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանուհիներուն
12-րդ տարին ըլլալով, «ԵւրոՄիջերկրականեան Համագործակցութեան Խորհուրդ»ը Իտալիոյ Պենեւենթօ աւանին մէջ կը կազմակերպէ «Մարզանի» փառատօնը գնահատելու եւ պատուելու համար աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կենսագործող «Ստեղծագործ Միտքեր»ու տէր անձնաւորութիւններ, որոնց գործը համամարդկային արժէք ունի, որոնք նաեւ իրենց կեանքը նուիրած են մարդկութիւնը ճշմարտութեամբ իրազեկելու:
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորեն Իտալիոյ Խորհրդարանն ու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ ինչպէս Եւրոպական եւ Իտալիոյ Խորհրդարաններու փոխ նախագահները, Իտալիոյ Եւրոպական հարցերու նախարարը, եւայլն:
Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Սեպտեմբեր 2019ի վրայ երկարող այս փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ եւ բաց քննարկումներ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի (MENA) երկիրներու ապագային մասին, որոնց զրուցաբեր պիտի մասնակցին պարգեւատրուողները:
Լիբանանի Ազգային Լրատուական Գործակալութեան տնօրէնուհի՝ Լոռ Սուլէյման այս առիթով պիտի պարգեւատրուի, որպէս կին, արաբական աշխարհի կարեւորագոյն լրատուական գործակալութեան պատասխանատուութիւնը լիարժէք կերպով ստանձնած ըլլալուն համար: «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն՝ Արամ Անանեանը պիտի պարգեւատրուի աւելի քան 100-ամեայ լրատուական գործակալութեան մը առաքելութիւնը ձեռնհասօրէն վարելուն համար: «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեան պիտի պարգեւատրուի հայկական սփիւռքի մէջ աւելի քան 80 տարիէ ազատ ու յանդուգն սակայն պատասխանատու խօսքի, անաչառ լրատուութեան եւ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին մեծապէս նպաստած ռահվիրայ օրաթերթի մը յանձնառու առաքելութեան դրօշը բարձր պահած ըլլալուն համար:
Այս առիթով կազմուած՝ պարգեւատրողները ընտրող միջազգային դատական յանձնախումբի ղեկավարը յայտնած է, որ պարգեւատրուողներու ընտրութիւնը եղած է ըստ յստակ չափանիշերու, հիմնուելով Եւրոպական Խորհուրդին ճշդած սահմանումներուն վրայ:
Փառատօնի կազմակերպիչները յարմար տեսած են նաեւ, այս առիթով պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհել Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանուհի՝ Մայա Տահէրին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանուհի՝ Վիքթորիա Պաղտասարեանին, ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութիւն եւ խաղաղութիւն սերմանելու իրենց դիւանագիտական աշխատանքներուն համար:
Կազմակերպիչ մարմնի նախագահ՝ Էնզօ Պարզեալէ յայտնած է, որ «պարգեւատրումներուն նպատակը սոսկ մրցանակաբաշխութիւն չէ, այլ՝ հարթակ մըն է, որուն վրայ կ՛ուզենք համագործակցութիւն հիմնել այն ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք միեւնոյն պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը կը բաժնեն»:
Իր կողմէ Եւրոպական Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Մասիմօ Քաստալթի շեշտեց, որ ոչ-Իտալացի դիւանագէտներու եւ լրագրողներու Իտալիոյ մէջ պարգեւատրումը ժողովուրդներու բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ համամարդկային միեւնոյն նպատակները միասնաբար հետապնդելու ու արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ:






