Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Մանրապատումներ նշանաւոր մարդոց կեանքէն

ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երեկոյ մը Համօ Սահեանը, Վահագն Դաւթեանը եւ Սիլվա Եուզպաշեանը հիւրանոց կը տանէի Էնսինոյէն Լոս Անճելըս, ոստիկանը կեցուց ինքնաշարժը քիչ մը ծուռիկ-մուռիկ քշելուս համար, որովհետեւ ետեւ կը նայէի, քանի որ Վահագնէն ձայն չէր ելլեր։ Վահագն հարցուց թէ ի՞նչ պատահեր էր։ Համօն ըսաւ թէ ոստիկանը հայ էր եւ Օշինին ճանաչում էր։ Ուզեց  իմանալ  բանաստեղծ Համօ Սահեանին ելոյթին օրը։ Օշինն ալ պատասխանեց։ «Վահագն Դաւթեանի մասին չհարցրե՞ց», ըսաւ Վահագնը; Համօն պատասխանեց. «Տղայ ջան, բանաստեղծի մասին էր խօսում…»։

***

Օր մը Հայաստան կ՚երթայինք Փրոֆ. Աւետիս Սանճեանին հետ և բաւական ժամանակ ունէինք Ամսթերտամի մէջ Հայասան գացող օդանաւը առնելու։ Ման գալու համար նաւակով մը գետին վրայ կը պտըտէինք։ Երբ հայերէն  կը խօսէինք, մեր դիմացը նստող հնդիկ մը հարցուց թէ ի՞նչ լեզու կը խօսէինք եւ ես ըսի՝ արաբերէն։ Սանճեանը պատասխանեց. «Իրեն մտիկ մի ըներ։ Մենք հայերէն կը խօսինք»։ Հնդիկը զարմացուց, երբ ըսաւ. «Օ՜, Սարոյեանի լեզուն է, հայերէն է»։

***

Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչներէն Վահէ-Վահեան (բուն անունով Սարգիս Ապտալեան) դասարան մտաւ եւ բոլորս ալ լուռ էինք։ Երբ հարցուց, թէ ինչո՞ւ լուռ ենք, աշակերտներէն մէկը ըսաւ. «Պարոն ձեր մասին յօդուած մը գրած է գաղափարական հակառակորդներէն մէկը եւ ըսած է որ ձեր գրականութիւնը «ապտալ» գրականութիւն է։ Պիտի երթանք ծեծենք»։ «Տղաք,– ըսաւ,– մէկու մը գրականութիւնը անձնական հարցերով չեն դատեր։ Կարո՞ղ ենք ըսել, որ Կարօ Սասունիի գրականութիւնը կաղ գրականութիւն է, որովհետեւ ինքը կաղ է։ Ամօթ է, այդպիսի բան չեն գրեր, հեռու մնացէք ծիծաղելի երեւոյթներէ»։

***

Ուիլիըմ Սարոյեան 1935-ին Մոսկուա կը մեկնի ժողովի մասնակցելու։ Հիւրանոցի մը մէջ մեծ սենեակ մը կու տան։ Կը մերժէ այդ սենեակը եւ վարի յարկին վրայ աւելի փոքր սենեակը կ՚ուզէ։ Յաջորդ առաւօտ լրագրողները կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ այդ փոքրիկ սենեակին մէջ գիշերել ուզեց, պարզ կերպով կը պատասխանէ. «Որովհետեւ Լենինն ալ այդ սենեակին մէջ մնացեր  է…»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին