Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ԵՒ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կարա Մուրզայի անզուգական մեկնաբանը

1935-2019

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկու պատանիներ

            Ցաւ ի սիրտ «Պայքար»-էն տեղեկացայ երաժշտագէտ ու մեծ արուեստաբան, Կարա Մուրզայի բացառիկ մեկնաբան Գրիգոր Փիտէճեանի մահուան մասին։ Վերջերս, երբ կը խօսէի իրեն հետ, կը գանգատէր մի քանի առողջական պատճառներ թուելով, եւ սակայն մահուան գոյժը անակնկալ եղաւ ինծի համար։

            Աւազանէն Յակոբ Փիտէճեան, ծնած Աղեքանդրիա, 12 տարեկանին կը հանդիպէր Գահիրէէն ամառնային ճամբար արձակուրդով Աղեքսանդրիա մեկնած 14-ամեայ Դանիէլ Արզումանեանին։ Երկուքը կը մտերմանային, երբ օր մը Յակոբ ինծի համար «Գթա Տէր» շարականը կ՚երգէր, լսած ըլլալով տեղւոյն ծերունի Վարդան քահանայ Գարակէօզեանէն։ Ինծի համար անծանօթ շարական մըն էր։ Տարիներ ետք երբ երկուքս Անթիլիասի Դպրեվանք կ՚ուսանէինք, յիշեցուցի շարականին մասին։ Վերջերս հեռաձայնին վրայ դարձեալ յիշեցուցի պատանեկան մեր հանդիպումն ու «Գթա Տէր» շարականի իմ առաջին ուսուցիչը ըլլալը։ Ազնուական Գրիգոր Փիտէճեան յետագային միշտ յոգնականի կը խօսէր հետս իր թաքուն եւ արուեստագէտի բարի նկարագիրը ցոլացնելով։

            Փիտէճեան Անթիլիաս ժամանեց ինձմէ երեք տարի ետք, ու հին նկարներէն յայտնի կը դառնայ որ որպէս ժառանգաւոր ներկայ եղած է մեծանուն Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Հայրապետի 1952 թուի յուղարկաւորութեան։ Ասկէ Տարի մը առաջ ինծի ուղարկեց երկու հին նկարներ Անթիլիասի Ուխտի Օրուան թափօրներէն, որուն ես որպէս սարկաւագ ու ինք ժառանգաւոր մաս կը կազմէինք։ Իմ կարգիս, իրեն ղրկեցի փոքրիկ նկար մը, ուր Փիտէճեան 1954 Յուլիս 4-ին կը լուար նոյն օր ձեռնադրուած եւ օծուած Հայր Զաւէն Արզումանեանի միւռոնաբոյր ձեռքերը որպէս կրտսեր կնքահայր։

 

Յայտնի երաժշտագէտը

            Կիլիկիոյ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի պատմութեան մէջ Գրիգոր Փիտէճեան կը հանդիսանայ միակ շրջանաւարտը որպէս միջազգային որակով յայտնի արհեստավարժ երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար։ Իր ստացած բարձրագոյն ուսումն ու զարգացումը զինք Հայաստան առաջնորդեցին ուր եւս երաժշտական մարզէն ներս յատուկ ուշադրութեան եւ բարձրագոյն պատիւներու արժանի դարձաւ, յատկապէս երբ արդէն ի լոյս ընծայած էր ինծի ուղարկած երկու բացառիկ հատորները՝ «Կարա Մուրզայի կեանքն ու գործը», եւ «Անձինք նուիրեալք» շարականի մանրամասն մեկնաբանութիւնը` բնագրային եւ շարականագիտական հիմունքով։ Երկուքն ի մի յայտնի երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանին պարծանքը կը հիւսեն, ի միջի այլոց ուրիշ երաժշտագիտական երկերու եւ յօդուածներու հետ միասին, որոնցմէ յիշեալ երկուքին առանձինն կ՚անդրադառնամ ստորեւ։

            Առիթով մը կը խօսէինք Դպրեվանքի երաժշտութեան մեր ուսուցչին, յայտնի համբաւաւոր երաժիշտ եւ երգահան Համբարձում Պէրպէրեանի մասին։ «Համբարձում Պէրպէրեան մեր օրերու մեծագոյն երաժշտագէտներէն մին եղաւ» կ՚ըսէր, բարձր գովասանքներով, երբ իրեն կը յիշեցնէի մեր ուսանողական տարիներուն Գարեգին Ա. Մեծ Հայրապետին 1951 թուի առաջարկը Համբարձում Պէրպէրեանին, Վարդանանց 1500-ամեակին առիթով համանուագ մը ստեղծագործելու։ Պէրպէրեան, Գարեգին Յովսէփեանց Հայրապետին իղձը իսկոյն իրականացուց մեր ուսանողական օրերուն, Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութեան վրայ յօրինելով զմայլելի Գանթաթան որ համազգային պատիւ բերաւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին, զայն անձամբ ղեկավարելով նուագախումբի եւ երգչախումբի լիակատար մասնակցութեամբ։ 1951-ի առաջին ներկայացումին, որուն մաս կազմեցինք նաեւ ուսանողներս, Հայրապետը լսեց ու զմայլեցաւ գոհունակ սրտով։ Համբարձում Պէրպէրեան Վարդանանց Օրաթորիոն ղեկավարեց աշխարհով մէկ, Հայրենիքի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ անգամներ։

            Գրիգոր Փիտէճեան շատ ծանօթ էր Գանթաթային, երբ յայտնեցի որ ձայնագրութիւնը իր վերջնագոյն ձեւին մէջ ունէի եւ երբեմն ձեռքս առնելով կ՚երգէի մայր եղանակը, զոր իւրացուցած էի, եւ մինչեւ օրս կ՚երգեմ ինծի համար։ Գրիգորին կ՚ըսէի թէ այնքան հարազատօրէն չէի կրնար հետեւիլ ձայնագրութեան, եւ ինծի կ՚ըսէր թէ պիտի ջանաս զատորոշել մայր եղանակը մնացեալ դաշնաւորումէն։

 

Երաժշտագէտին աւանդը

            Հայ երգարուեստն ու շարականագիտութինը շատ բան կը պարտին Փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանին։ Իր թողած կարեւորագոյն երկու գործերէն մին Կարա Մուրզայի կեանքին ու երաժշտութեան եւ անոր «առաջին հայկական Պատարագին» նուիրուած արժէքաւոր հատորն է։ Իսկապէս անզուգական գործ մը, ուր վերջին ու ամբողջական խօսքը կ՚ըսուի 19-րդ դարու այդ վաստակաւոր հայ երաժիշտի մասին։ Ուրիշներ շատ գրած են Կարա Մուրզայի մասին, սակայն թերի եւ ոչ-մասնագիտական։

            Փիտէճեանի սոյն հատորին մէջ Կարա Մուրզայի կեանքի մասին աղօտ եւ կնճռոտ մնացած հարցեր իրենց լուծումը գտած են, յատկապէս Էջմիածնի մէջ իր դիմակալած հակառակութեանց առիթով, եւ մասնաւորաբար ամէնէն ցայտունը, անոր Հայ Եկեղեցւոյ «Առաջին Պատարագը», Մակար Եկմալեանէն ու Կոմիտաս Վարդապետէն առաջ, զոր Կարա Մուրզա յօրինած է որպէս հիմք, որուն լրիւ երաժշտական նոթերը Փիտէճեան որպէս ամբողջութիւն եւ սկզբնաղբիւր այնքան հանգամանօրէն խմբագրած, վերբերած ու հրատարակած է իր այս հատորին մէջ։

            Փիտէճեանի միւս երկը նոյնքան արժէքաւոր, կը հանդիսանայ Հռիփսիմեանց եւ  Գայիանեանց յիշատակին 7-րդ դարուն Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսի յօրինած շարականի պատմական եւ երաժշտական բովանդակութիւնն ու մասնագիտական վերլուծումը։ Հոն Փիտէճեան բաղդատած է ԴԿ դարձուածք շարականներու կառուցուածքը որոնց եղանակին հիմքը Կաթողիկոսին «Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի» հոյակապ շարականն է, այբբենական տառասկիզբներով՝ 36 տուն, Ա-էն Ք։ Շարականին երաժշտագէտը, ըստ Փիտէճեանի, եղած է նոյնինքն Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսը, որ հեղինակն է թէ՛ 36 տուներու հոյակապ բանաստեղծութեան եւ թէ՛ նոյնքան սրտառուչ ԴԿ դարձուածք եղանակին։ Յիշելու ենք որ այդ պատճառով մեր անմիջական անցեալի Կոմիտաս Վարդապետ ժառանգեց Կաթողիկոսին անունը արժանաւորապէս։

            Միայն պատմական դէպքերուն ակնարկն ու շարականին համապատասխան յօրինումը չէ՛ եղած երաժշտագէտ Փիտէճեանի աշխատանքին հորիզոնը, այլ ան կատարած է աննախընթաց գործ՝ հաւաքելով նոյն ԴԿ դարձուածքի հիմնական շարականները ու զանոնք բաղդատած «Անձինք» շարականին հետ։ Գիրքին մէջ կը յայտնաբերուին բերանացի եղանակներու եւ գրաւոր երաժշտութեան յարակցութիւնը, ժամանակներու հետ յառաջացած զարգացումները, յանգելով այն եզրակացութեան, որ մայր եղանակը «Անձինք» շարականէն կու գայ ու կը տարածուի միւս նոյնանման շարականներուն վրայ, զորս Փիտէճեան յանուանէ կը հրատարակէ երաժշտական նոթերով միասին որպէս նմոյշ առաջին անգամն ըլլալով։

 

Ազնուական արուեստագէտը

            Մեր ներկայ ժամանակներուն այլեւս չենք հանդիպիր վաւերական երաժշտագէտ հայորդիի, Սովետական կարգերու փլուզումէն ասդին։ Երաժշտութիւնը մեր մէջ իր դասական նկարագրէն գրեթէ պարպուած է, եւ սխալ պիտի չըլլայ երբ հաստատենք որ Գրիգոր Փիտէճեանի մահուամբ կ՚աւարտի նաեւ մեր իսկական հարազատ երաժշտութիւնը, որուն յաջորդողներ չեն երեւիր հեռաւոր հորիզոնին վրայ, գոնէ առ այժմ։ Իր բարձրագոյն ազնուութեամբ եւ խոնարհութեամբ Գրիգոր Փիտէճեան կնիքը դրաւ հայ գեղարուեստի սոյն բնագաւառին վրայ արժանաւորապէս, առանց փողի եւ թմբուկի։

            Իր ազնուութեան մէկ արտայայտութիւնը վերջերս յայտնեց իր պատանեկան նոյն ընկերոջ նկատմամբ, երբ Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի Հայրապետական Կոնդակով շքանշան կը յանձնուէր յատուկ երեկոյ մը Արեւմտեան Թեմին մէջ։ Հոն կը կարդային գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով լի յատուկ նամակ մը՝ ձեռագիր գրուած երաժշտագէտ եւ պատուակալ Փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանի կողմէ ուր ի միջի այլոց կ՚ըսէր. «Վաստակաշատ պատմագէտ, սիրելի ու արժանաշնորհ Դոկտ. Տ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեանին, պատանեկութենէս ցարդ ունեցած համակրական ու եղբայրական զգացումներուս եւ հարուստ վաստակին նկատմամբ մեծ հիացումիս որպէս արտայայտութիւն»։

            Թող ներկայ գրութիւնը մեր շարականներու բառերով «արեգակնակերպ ճառագայթներով» լուսաւորէ իր հոգին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին