ՃՈՆ ՈՒՈԼՔՈԹ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Անցեալ Օգոստոս 1-ին, նախագահ Թրամփին հարց տուին Ամերիկայի դիրքորոշումին մասին, Հոնկ-Քոնկի մէջ արդէն ամիսէ մը աւելի տեւող, ցուցարարներու փրո-տեմոքրասի բողոքներու մասին. «Այդ պայքարը Հոնկ-Քոնկի ու Չինաստանի միջեւ է, որովհետեւ Հոնկ-Քոնկ մաս կը կազմէ Չինաստանին»։ Սակայն, երբ լարուածութիւնը սաստկացաւ ինքնավար ներգաւառին մէջ, Թրամփի օգնականներն ու դաշնակիցները տարբեր դիրքորոշումներ ունեցան։ Պետական պաշտօնատունը, Ազգային ապահովութեան խորհրդականը, եւ անոր կողմնակիցները Ծերակոյտին մէջ, թիկունք կանգնեցան բողոքողներուն, զգուշացնելով Փեքինը միջամտութեան մը դէմ։
Յիշեալ երկդիմի կեցուածքները, երկիրը եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները դժուարին կացութեան մատնեցին՝ արտաքին քաղաքականութեան մը որդեգրման կապակցութեամբ։ Արդարեւ, Հոնկ-Քոնկը մինչեւ ո՞ր աստիճանի ինքնավար կը նկատուէր, եւ թէ ինչպէ՞ս Ուաշինկթըն պիտի դիրքորոշուէր ուժի գործածութեան դէմ՝ ցուցարարներու հանդէպ։ Թրամփի նախագահութեան համար շփոթութիւնը մնայուն մարտահրաւէր մը դարձած է. գրեթէ անկարելի եղած է Ամերիկայի դիրքորոշումը գիտնալ արտաքին քաղաքականութեան բանալի հարցերու նկատմամբ, ինչպէս՝ առեւտուրի, մարդկային ճգնաժամերու, զինուորական ցուցադրութեանց, որովհետեւ որոշ քաղաքականութեան մը որդեգրումը անտեսուած է, կամ՝ անտեղի նկատուած։
«Թայմ» շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցներու ընթացքին, երկոտասնեակէ մը աւելի Սպիտակ տան ներկայ ու նախկին պետական պաշտօնատարներ, Պաշտպանութեան նախարարութեան ու Գաղտնի սպասարկութեանց պատասխանատուներ յայտնած են, թէ Հոնկ-Քոնկի ցոյցերուն նկատմամբ անորոշութիւնը, քաղաքականութեան մէջ կը ցոլացնէ խառնակ մօտեցում մը, ոչ միայն սոյն ճգնաժամին նկատմամբ, այլ՝ ազգային ապահովութեան դիւանակալական շրջանակներէն ներս։ Թէեւ ոմանք Թրամփի կեցուածքի անգուշակելիութիւնը ոգեւորիչ կը նկատեն, սակայն Ամերիկայի ամենամօտիկ դաշնակիցները սկսած են հարց տալ, թէ արդեօք Մ. Նահանգներ պիտի յարգէ՞ իր ստորագրած դաշնագիրները, վերաքննութեան ենթարկելով իր հակառակորդներուն՝ Ռուսիոյ ու Չինաստանի հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնները, ըստ այնմ ծրագրելով, Թրամփի երկրորդ պաշտօնավարութեան մը,– վերընտրութեան,– պարագային։
Պրն. նախագահին հակամէտութիւնը՝ միայն մէկ հարցով քաղաքական դիրքորոշում կայացնելու, ընդհանրացում գտած է կառավարական շրջանակներէ ներս։ Ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն դադրեցուցած է մեծ մասը միջ-գործակցական հանդիպումներուն, ուր նախկին հանրապետական ու տեմոքրաթ պաշտօնատարներ կը բանավիճէին, քաղաքական այլազան դիրքորոշումներու շահաւէտ կամ վտանգաւոր ըլլալուն շուրջ։
Իբրեւ հետեւանք վերոյիշեալ գոյավիճակին, ըստ երկու պաշտօնատարներու, դահլիճի այլազան թեմերուն միջեւ նուազ կամ երբեք համադասութիւն գոյութիւն չունի։ Կարգ մը քաղաքականութիւններ որդեգրուած են առանց որ ներդրում կատարուի դիւանագիտական, քաղաքական կամ զինուորական մասնագէտներու կողմէ։ Պոլթընի գլխաւոր օգնականները իրարու հարցուցած են, թէ ի՞նչ քննարկուած կամ որոշուած է կարգ մը ժողովներու ընթացքին։ Պատասխանը եղած է «մենք ալ տեղեակ չենք»։ Ազգային ապահովութեան պաշտօնատար մը մերժած է այս մասին այտայայտուիլ։
Նոյնանման օրինաձեւ մը որդեգրած է նաեւ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ։ Անիկա հանդիպում կ՚ունենայ Պետական քարտուղարութեան գլխաւոր պաշտօնատարներուն հետ երկու շաբաթը անգամ մը։ Մինչդեռ Քոլին Փաուըլը, երբ պետական քարտուղար էր Ճորճ Պուշի ատեն, ամէն առաւօտ կը խորհրդակցէր իր փոխանորդին հետ։
Անցեալ Յուլիս 25-ին, Միջազգային հասկացողութեան առեւտրական խորհուրդի փակ նիստի մը ընթացքին, Սալիվըն Պուլաթաօ, Տեսչութեան տնօրէնի փոխանորդը, Ուեսթ Փոյնթէն շրջանաւարտ ու Փոմփէոյի դասընկերը, յայտնած է, թէ Փոմփէօ ժամանակին մեծ մասը հեռու ըլլալով ժողովուրդէն, կրճատած էր իրեն օգնական պաշտօնատարներու թիւը։ Ճոն Սալիվըն ստանձնած էր ելեւմուտքի, հանրային քաղաքականութեան, քաղաքային ապահովութեան, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պատասխանատուութիւնները։ «Ասիկա կը նշանակէր, թէ պաշտօնատան շուրջ կէսը հաղորդակցութեան մէջ կրնար մտնել քարտուղարութեան հետ»։ Այս պատճառով կարգ մը պաշտօնատարներ մութի մէջ կը մնային, որեւէ ատեն անգիտանալով Փոմփէոյի կարեւոր օրակարգերը, եւ որեւէ տուեալ պահու մը անգիտանալով քարտուղարութեան մնացեալ մասին զբաղումները։
Կարգապահ քաղաքականութեան մը պակասը, կառավարական շրջանակէն ներս, առաջնորդած է շփոթութեան Հոնկ-Քոնկի հարցով։ Առեւտուրի նախարար Ուիլպըր Ռոս, CNBC գործակալութեան Օգոստոս 14-ին յայտնած է, թէ Հոնկ-Քոնկի պայքարը «ներքին հարց մըն է»։ Նոյն օրը, Փոմփէոյի Պետական Քարտուղարութիւնը ըսած է, թէ «խորապէս մտահոգուած է, թէ ըստ լրատուութիւններու, Չինաստանի Ժողովրդային զինեալ ոստիկանութիւնը զօրաշարժի ենթարկուած է Շէնզէնի մէջ։ «Կը դատապարտենք բռնութիւնը, զսպում թելադրելով բոլոր կողմերուն, սակայն հաստատ կը մնանք Հոնկ-Քոնկի մէջ ազատ խօսքի պաշտպանութեան ու խաղաղ հաւաքի նեցուկ կանգնելով»։
Պոլթըն եւս Ռոսէն աւելի կարծր դիրքորոշում ունեցաւ, Օգոստոս 15-ին, տեսակցութեան մը ընթացքին զգուշացնելով չինացիները «իրենց առնելիք քայլերուն համար, որովհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը կը յիշէ Թիէնանմէնի հրապարակը», ակնարկելով 1989-ի ցուցարարութեանց, որոնք վայրագօրէն ճնշուած էին։ «Թախանձագին կը դիմենք բոլոր կողմերուն, որպէսզի հանդարտին, եւ Հոնկ-Քոնկի կառավարութիւնը խաղաղօրէն լուծէ կացութիւնը։ Մ. Նահանգները կ՚ակնկալէ որ Փեքին պիտի յարգէ իր յանձնառութիւնները Անկլօ-Չինական միացեալ յայտարարութեան, «Թայմ» շաբաթաթերթին Օգոստոս 19-ին ուղարկուած մէկ e-mail-ին մէջ աւելցնելով. «Հոնկ-Քոնկի ինքնավարութեան պահպանումը Չինաստանի կողմէ բոլորին համար նպաստաւոր է»։
Թրամփի կառավարութեան Հոնկ-Քոնկի հարցով այս կեցուածքը շատ մօտ է երկար ատենի Ամերիկայի դիրքորոշումին։ Այս ամառ, ասիկա միայն մէկն էր Թրամփի իշխանութեան մնացեալ անգուշակելի կեցուածքներէն։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Թայմ» շաբաթաթերթ, 2 Սեպտեմբեր 2019






