ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Թիւֆէնքեան» ցուցասրահը հպարտ է ներկայացնելու Վահէ Պէրպէրեանի գործերու “A Kiss is not Lip Service” ցուցահանդէսը, որ պիտի բացուի Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 25։
Ասիկա Պէրպէրեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է «Թիւֆէնքեան» ցուցասրահին մէջ, եւ բազմատաղանդ արուեստագէտը, որ ծանօթ անուն է իր մենախօսութիւններով, թատրոններով եւ վէպերով, կ՚ըսէ թէ ինք իր ամէնէն խիստ քննադատն է եւ երկար ժամանակ առած է, որ վերջապէս հանգիստ զգայ իր գործերը ցուցադրելու։
«Գրեթէ բոլոր այս գործերն ալ առնուազն երկվեցեակ մը խաւեր ունին։ Նոյն գործը վրայ վրայի կը ներկեմ մինչեւ որ գործը ուզած texture-ը ունենայ եւ տեղ մը հասնի որ այլեւս չեմ կրնար կտորին դպնալ»։ Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Պէրպէրեանի աւելի քան 40 պաստառներ, թուղթի նկարներ եւ ասանպլաժներ, որոնք բոլորն ալ նախապէս չեն տեսնուած։ Պէրպէրեան կ՚ըսէ թէ մօտ հինգ տարի է, որ կը պատրաստուի այս ցուցահանդէսին եւ երկար ատենէ ի վեր այսքան խանդավառ չէ եղած։
Ցուցասրահին տնօրէն Քարոլին Լաիս-Թիւֆէնքեան կ՚ըսէ թէ ինքն ու Վահէն բաւական ատենէ ի վեր կը խօսէին ցուցահանդէսի մը մասին եւ ուրախ է որ վերջապէս յաջողած են իրականացնել ծրագիրը։ Ան կը բացատրէ որ մօտ երկու տարի առաջ միասին որոշած են որ Tufenkian Fine Arts-ը պէտք է Վահէին նոր տունը ըլլայ, աւեցնելով, որ դիւրին չէր արուեստագէտին բազմաթիւ գործերուն մէջէն ցուցահանդէսին համար գործեր զատելը, բայց կը վստահեցնէ, որ ցուցադրուած բոլոր գործերն ալ Վահէին յանդուգն, կամակոր նկարագիրը ունին իրենց մէջ եւ կասկած չկայ, որ դիտողը պիտի սիրէ եւ գնահատէ զանոնք։
Ցուցահանդէսին համար կը հրատարակուի գրքոյկ մը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն արուեստի ծանօթ քննադատ Քիրիլին Պարպըրի կողմէ յօդուած մը, Պէրպէրեանէն հակիրճ բացատրողական մը, Քարոլին Լաիս-Թիւֆէնքեանէն նախաբան մը եւ աւելի քան 60 նկարներ։ 62 էջերէ բաղկացած գրքոյկը պիտի վաճառուի ցուցահանդէսին բացումին։
Լաիս-Թիւֆէնքեան եւ Պէրպէրեան նախապէս աշխատած են երեք տարբեր ցուցահանդէսներու ընթացքին։ Անոնց բարեկամութիւնը սերտ է, եւ երկուքն ալ հաճոյքով կը սպասեն հանրութեան։
Tufenkian Fine Arts ցուցասրահը կը գտնուի Կլենտէլի մէջ եւ կը ցուցադրէ արդի, ժամանակակից յարգուած արուեստագէտներու գործեր։ Ցուցասրահին հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Los Angeles, CA 91205։ Հեռաձայն՝ 818.288.4635։
Ցուցասրահը բաց է Երեքշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, ժամը 11։00-էն 5։00, իսկ Շաբաթ օրերը՝ յատուկ ժամադրութեամբ։ www.tufenkianfinearts.com
Լուսանկարները՝ Արմէն Քէլէշեանի