Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Հայագիտութեան Հիմնախնդիրները՝ Գանձասարի Մէջ

Գանձասարի Մատենադարանին մէջ կայացած է «Հայոց Արեւելից կողմանք` Արցախ, Ուտիք, պատմութիւն եւ մշակոյթ» հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, որուն բացի հայկական երկու հանրապետութիւնները ներկայացնող  գիտնականներէն մասնակցած են մօտ երկու տասնեակ գիտնականներ եւրոպական գիտական կեդրոնական: Անոնցմէ ոմանք նաեւ բանախօսներու շարքին են: Միջազգային գիտաժողովին բացման մասնակցած է  Արցախի նախագահը:

Գանձասարի բարձունքին հրաւիրուած հայագիտական միջազգային գիտաժողովին հաւաքուած են հայագիտութեան ներկայացուցիչները՝ ոչ միայն հայկական երկու հանրապետութիւններէն, այլ նաեւ արտասահմանեան ծանօթ գիտական կեդրոններէն: Անոնց աշխատանքը կը կարեւորէ Արցախի նախագահը. Գիտականօրէն հիմնաւորուած ճշմարտութիւնը պատմութիւնը կեղծողներու դէմ ամենալաւ զէնքը կը համարէ: «Այս բանը կարեւոր է յատկապէս այսօր, երբ կան երկիրներ եւ ուժեր, որոնք կը ցուցաբերեն քաղաքականացուած մօտեցում պատմական փաստերու նկատմամբ, փորձ ընելով վերաշարադրել պատմութիւնը եւ զայն ներկայացնել նեղ շահադիտական տեսանկիւնէն, աղաւաղուած»,- գիտաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ իր խօսքին մէջ ընդգծած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

«Հայոց Արեւելից կողմանք» խորագրով գումարուած գիտաժողովէն գիտական ակնկալիքներ ձեւակերպողը Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն էր: Ան պէտք է գիտականօրէն պատասխան տայ պատմութեան կեղծարարներուն: Թեման Ալեքսան Յակոբեանը կը զարգացնէ. Ատրպէյճանը աղուանական մշակոյթի հետ կապ չունի. Աղուաններու իրական յաջորդները այսօր Ազրպէյճանի մէջ կ՛ապրին՝ որպէս ազգային փոքրամասնութիւններ: Եւ ճնշումներու կ՛ենթարկուին: «Աղուանները եւ աղուաններու յետնորդները մեր բնական դաշնակիցներն են:  Մէկ քրիստոնեայ ուդիները եւ 10-էն աւելի մահմետական ժողովուրդներ՝ լեզգիական լեզուախումբի լեզուներով խօսող: Ի դէպ, որոնք այսօր կը պայքարին, թէ՛ իրենց ինքնութեան համար, եւ թէ, ինչ-որ տեղ, նաեւ անկախութեան համար»,- յիշեցուցած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ալեքսան Յակոբեանը:

            Գիտաժողովին նաեւ արտասահմանեան ճանչցուած կեդրոններու ներկայացուցիչներ մասնակցած են, ինչպէս՝ Զուիցերիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն: Թէօ Վան Լինդտը Օքսֆորտի համալսարանէն է: «Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ մենք այսօր հաւաքուած ենք այստեղ՝ Արցախի մէջ, որ այստեղ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին եւ արդիւնքը կը ներկայացնենք բոլորին՝ Արցախին, Հայաստանին եւ համաշխարհային լսողներուն, որոնք կ՛ուզեն լսել»,- պատրաստակամութիւնը չի պահեր պրոֆեսոր Թէօ Վան Լինդտը:

            Գանձասարի գիտաժողովը կազմակերպած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ: Աջակցած են Արցախի կառավարութիւնը, ՀՀ գիտութեան կոմիտէն,  Փիւնիկ հիմնադրամը, Մատենադարան Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնը:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին