ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քրեսենթա Հովիտի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ «2019 Հայ մամուլի տարի» հռչակման առիթով, կազմակերպած էր հրապարակային ձեռնարկ մը՝ Կիրակի, 11 Օգոստոսի կէսօրին՝ Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Հարցազրոյցին կը մասնակցէին լոսանճելըսահայ տպագիր մամուլը եւ համացանցը վարող չորս թերթերու ներկայացուցիչներ՝ Արա Խաչատուրեան՝ «Ասպարէզ» օրաթերթ, Գաբրիէլ Մոլոյեան՝ «Մասիս» շաբաթաթերթ, Հրաչ Սեփեթճեան՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթ եւ Յարութ Սասունեան՝ “California Courier” շաբաթաթերթ:
Վահէ Հայրիկեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, ըսաւ. Ինչպէս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը մատնանշէ, «Հայ մամուլը սոսկ տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, այլ առաքելութիւն է յստակ տեսլական ունենալու»: Ան հրաւիրեց փաստաբան եւ թատերագիր Արամ Գույումճեանը, որպէսզի վարէ զրոյցը:
Խմբագիրները պատասխանեցին հանդիսավարին հարցումներուն, որոնք առաւելաբար ծանրացած էին ամերիկահայ մամուլի ներկայ վիճակին, հայերէն ընթերցողներու թիւի նուազումին, դժուարութիւններուն, զանոնք յաղթահարելու միջոցներուն, համացանցին, ամերիկահայ թերթին ապագային։
Հարցազրոյցի աւարտին, Արամ Գույումճեան հրաւիրեց «Նոր Օր»ի խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեանը, որ վերջերս Պէյրութի մէջ մասնակցած էր Արամ Կաթողիկոսի կողմէ կազմակերպուած հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուած համագումարին: Սեփեթճեան 6-7 վայրկեաններու սահմաններուն մէջ ըսաւ, թէ համագումարին կը մասնակցէին գրաւոր, էլեքթրոնիք մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ համաշխարհային սփիւռքի գաղութներէն: Քննարկուած հարցերու կապակցութեամբ ոչ մէկ սահմանափակում կամ կաշկանդում կար: Ընդդիմադիր կամ համախոհ, բոլորն ալ ազատօրէն յայտնեցին իրենց տեսակէտները հայ մամուլի առաքելութեան մասին: Արամ Վեհափառի հայ մամուլի արժեւորման եւ առաքելութեան կապակցութեամբ ելոյթը, որ լոյս տեսաւ աշխարհով մէկ հայ մամուլի մէջ, շատ ուսանելի եւ գնահատելի էր: Այսուհանդերձ, համագումարը 50% գնահատելով, Սեփեթճեան ըսաւ թէ գաւաթին կէսը լեցուն էր, կէսը պարապ եւ յոյս յայտնեց, որ յաջորդ համագումարը աւելի ամբողջական բնոյթ կ՚ունենայ:
Հարցազրոյցի աւարտին, ներկաներուն կողմէ եղան հարցումներ, ստանալով համապատասխան պատասխաններ ատեանի չորս խմբագիրներէն:
(Յապաւումներով)
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ