Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

TWITTER-ՆԵՐՈՒ ԵՏԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՁԱԽՈՂԱՆՔՆԵՐԸ

ՊՐԱՅԸՆ ՊԵՆԷԹ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Անցնող Յունիս ամիսը ձախողութիւն էր Տանըլտ Թրամփի գաղթականական քաղաքականութեան համար։ Անոր վարչակարգը փորձեց հարցում մը աւելցնել 2020-ի քաղաքացիական մարդահամարի հարցարանին մէջ։ Սակայն Բարձրագոյն ատեանը խափանեց այդ նախաձեռնութիւնը։ Այն ատեն Պրն. նախագահը սպառնաց փակել հարաւային սահմանը, տուրքեր պարտադրելու համար Մեքսիքոյին, եթէ անիկա չկասեցնէր գաղթականներու ալիքը։ Սակայն, երբ Մեքսիքօ յանձնառու եղաւ մեղմ հարկեր հաստատել, Թրամփ խոստացաւ լայն ասպատակութիւններ կազմակերպել գաղթականական կայաններու վրայ. բայց անոնք շօշափելի իրականացում չունեցան։

Դիմագրաւելով վերոյիշեալ ձախողութիւնները,– ի մասնաւորի գանգատներու պոռթկում ձերբակալութեան կեդրոններու մէջ, եւ ապաստանի համար դիմումներու կուտակում,– Թրամփ Յուլիս 14-ին դիմեց իր ցեղային անուանարկումներուն։ Այսպէս, Ներկայացուցիչներու տան 4 թեկնածուներուն թելադրեց տուն վերադառնալ, իրենց եկած երկիրներուն մէջ բարենորոգումներ կատարելու համար։ Յաջորդ օրը, տեղի տալով, գանգատեցաւ յիշեալներու մասին, «թէ ազատ են լքելու երկիրը եթէ այդպէս կը փափաքին»։

Վերընտրութեան այս հանգրուանին, Պրն. նախագահը մարտունակ դիրքորոշում մը որդեգրած է գաղթականութեան եւ արգելափակումի նկատմամբ։ Անիկա կը սպառնայ արմատական փոփոխութիւն կատարել քաղաքականութեան մէջ, փորձաքարի ենթարկելով նախագահին իրաւասութեան սահմանները։ Եթէ նոյնիսկ ընկրկում արձանագրէ, նոր խոստումներով կ՚աշխուժացնէ իր հաւատարիմ կողմնակիցները։

Նախագահին սուր դիտողութիւնները շեշտակիօրէն գաղթականութեան մասին չեն, այլ անոնց որոնք այլափոխելու վրայ են Միացեալ Նահանգներու կերտուածքը։ Հակագաղթականական այս մտածողութիւնը օտարամուտ չէ ամերիկեան քաղաքականութեան։ Հակագաղթականական այս իւրայատուկ յանկերգը ժամանակին շեփորուած էր ամբոխավար ծերակուտական Ճոզըֆ Մըք Քարթիի եւ հայր Չարլզ Քաֆլինի կողմէ, կ՚ըսէ Նիւ Եորք Համալսարանի պատմաբան Թիմոթի Նաֆթալի, որ միաժամանակ «Ռիչըրտ Նիքսըն» նախագահական գրադարանին ու թանգարանին տնօրէնն էր, ու ցեղապաշտութիւնը աւելի դիպուածային է այս պարագային։

Թրամփին կոչերը վերոյիշեալ նկատումներով կատարուած են, իրեն կողմնակից ձայներ ապահովելու համար, ու միաժամանակ՝ ընդդիմադրութիւնը բաժանելու նկատումով, «ներկայիս անխուսափելի միջոցառում մըն է», կ՚ըսէ Նաֆթալի. «Կը յարձակի ոչ ճերմակ հասարակութեան, մանաւանդ՝ իգական սեռին վրայ»։

Ըստ խնդրոյ առարկայ տեմոքրաթ ներկայացուցիչներուն,– Ալեքսանտրա Օքազիօ-Քարթէզ, Իլհամ Օմար, Այաննա Փրեսլի ու Ռաշիտա Թլէյպ,– համաձայն, Թրամփի բորբոքումները փորձ մըն էին զիրենք շեղեցնելու՝ հարցեր լուծելու նպատակակէտէն, ներառեալ՝ գաղթականութեան խնդիրէն։ «Կը քաջալերեմ ամերիկացի ժողովուրդն ու բոլոր հոս գտնուողները նախագահին խայթով չհրապուրուելու», ըսած է Փրեսլի. «երբ կը սիրենք այս երկիրը, կ՚առաջարկենք լուծումներ՝ սրբագրելու սխալները», աւելցուցած է Օքազիօ-Քորթէզ։

Տաժանելիօրէն, քայլերը, զորս Թրամփի վարչակարգը փորձած է գաղթականութեան կապակցութեամբ, հարցերը չեն բարելաւած, յայտնած է Ճոն Սենտուէ, որ գործադիր տնօրէնն էր գաղթականական ու մաքսային հարցերու, Օպամայի նախագահութեան շրջանին. «ինչ որ ըրած են գործնական եղած չէ»։

Թրամփի քննադատները կը յայտնեն թէ, նոյնիսկ եթէ քաղաքական ծրագիրները գործադրուած չէին, անոր իշխանութեան պատգամը կը փոխանցուէր իր կողմնակիցներուն։ Քաղաքացիութեան մարդահամարին մէջ, հարցումի մը յաւելումը երբ խոչընդոտուեցաւ, Պրենըն Կեդրոնի իրաւաբան մը յայտնեց. «Մարդիկ պիտի շարունակէին վախնալ»։

Վերեւ արծարծուած հարցերու մասին նախագահին Twitter-ները պատճառ հանդիսացան, որ Ներկայացուցիչներու տունը Յուլիս 16-ին դատապարտէ զանոնք իբրեւ ցեղապաշտ։ Մինչ նախագահին աշխատակիցները լծուեցան ծրագրային նոր աշխատանքներու։

Յուլիս 16-ին, նախագահին փեսան եւ Սպիտակ տան խորհրդատու Ճարէտ Քուշնըրը, սահիկներով դահլիճի անդամներուն բացատրեց կարիքը նոր օրինագիծի մը, որ ամրապնդէր սահմանային պահակութիւնը ու պատրաստէր «արժանաւոր» կամ բարեփոխուած գաղթականական սիստեմ մը։ Թրամփի վարչակարգը նոյնպէս կ՚ուզէր արմատական փոփոխութիւններ մտցնել ապաստանի իրաւունքի մասին, որպէսզի այլեւս չընդառաջէր դիմումներու, որոնք պաշտպանութիւն կ՚ուզէին այն երկիրներուն մէջ, ուրկէ կ՚անցնէին, գալու համար Ամերիկա։ Հոկտեմբերէն իվեր, սահմանային պահակները ձերբակալած են 363,300 գաղթողներ Էլ-Սալվատորէն, Կուաթեմալայէն եւ Հոնտուրասէն։ Այս երկիրներու փախուստի դիմող երկրացիները, անցնելու են Մեքսիքոյէն, հասնելու համար Միացեալ Նահանգներ։

Ամերիկեան Քաղաքացիական ազատութեան միութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ անմիջապէս առարկած են ապաստանի իրաւունքին, դատարանին մէջ որոշելու նոր օրէնքին դէմ։ Աշխարհ լաւ գիտէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ նման մարտահրաւէր մը։

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Time» շաբաթաթերթ, 29 Յուլիս 2019

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին