Հոգելոյս Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին մահուան 25-րդ տարելիցին առիթով, յուշի եւ յիշատակի անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւուեցաւ 200-է աւելի ներկաներու, Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2019-ին, Առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ, Պրպենք։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վազգէն Ա.-ի անուանակիցը՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան, որ միաժամանակ կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետն էր։ Ան Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Վազգէն Ա. Պալճեան կաթողիկոսին նման Ուսուցիչ, Առաջնորդ եւ Հայր մը նուիրած է մեզի։
Տպաւորիչ էր յատուկ այս առիթով պատրաստուած տեսանիւթը նուիրուած մեծարեալ կաթողիկոսին։ Ապա, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի Երիտասարդացի եօթը երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ընտրանի հատուածներ ընթերցեցին Վազգէն Ա.-ի խօսքերէն։
Երաժշտական երկու «ընդմիջումներ» պարգեւեցին Լիլիա եւ Ալեքսանդրա Եարալեան քոյրերը, կատարելով զուգերգ Կոմիտասէն ու Բաբաջանեանէն, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Էլինա Աւանէսեանի։ Նոյնքան արհեստավարժ եւ տպաւորիչ էր Եարալեան քոյրերուն կատարումը քանոնի վրայ (Սայեաթ-Նովա)։
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Օքլենտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեանը։ Ան, իր եւ իր ընտանիքին օրինակով, ներկաները տարաւ Իսֆահան, Աշտարակ եւ Միացեալ Նահանգներ։ Խօսեցաւ Աստուածային սիրոյ մասին, թէ այդ սէրը անսպառ է։ Վազգէն Ա. ինքն իր անձով եղաւ Աստուծոյ ներկայութիւնը Սովետական տարիներուն Հայաստանի մէջ։ Հոգելոյս կաթողիկոսի գործերուն մէջ ան գտաւ Հայրը, Դաստիարակը, Ուսուցիչը եւ Մտաւորականը։
Փակման խօսքը վերապահուած էր Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։ Ան բազմաթիւ յուշեր եւ յիշատակներ ունի ուսանողական տարիներէն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն։ Իր բառերով՝ «աննման Վեհափառը» կը սիրէր երեկոյեան հանդիպումները հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու հետ, որոնց յաճախ ներկայ գտնուած է ներկայիս Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը։
Ներկաները երկու ժամ շարունակ վայելեցին իր տեսակին մէջ եզակի երեկոյ մը, վերակենդանացնելով Վազգէն Ա.-ի վեհութիւնն ու մարդկայնութիւնը իրենց սիրտերէն ու հոգիներէն ներս։
Ն.Օ.






