ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Մեր երիտասարդութեան օգնել աւելի փայլուն ապագայի համար» նշանաբանով, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) կրթաթոշակի նպաստներ յանձնեց վեց համալսարանական ուսանողներու, որոնք բարձր նուաճումներ արձանագրած են կրթական մարզէն ներս:
Օգոստոս 9-ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան բացման խօսքը կատարեց օրուայ հանդիսավար Տիկ. Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան: Ան նախ ողջունեց ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերու, որոնց շարքին Կլենտէյլի Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի նախագահ՝ Ճէնիֆըր Ֆրիմոնի, Կլենտէյլի Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի գերատեսուչ՝ Դոկտ. Վիվիըն Էքճեան, Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանի Հայկական ամպիոնի վարիչ՝ Դոկտ. Վահրամ Շէմէսեանի եւ Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանի Հայկական ամպիոնի դասախօս՝ Դոկտ. Յասմիկ Պարանի: Ապա, հանդիսավարը համառօտ ներկայացուց ՀԿԲՄ-ի պատմականը ու ծաւալած գործունէութիւնը Լիբանանէն սկսեալ, ուր հիմնուած է 1969-ին, մինչեւ Լոս Անճելըս եւ Հայաստան: Շարունակելով՝ Տիկին Խոտանեան ներկայացուց ՀԿԲՄ-ի կրթաթոշակներու ֆոնտի ստեղծման գործընթացը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են խումբ մը հեռատես անհատներ, որոնք հաւատացած են երիտասարդութեան կարեւոր դերին մեր համայնքային կեանքէն ներս ու այդ պատճառաւ իսկ արժանի են ամէն տեսակի քաջալերանքի եւ խրախուսման: Հիմք ընդունելով այս նպատակները, ՀԿԲՄ-ի Կրթաթոշակներու Յանձնախումբը ուսումնասիրեց ստացուած բազմաթիւ դիմումները եւ որոշեց վեց կրթաթոշակ շնորհել, նախապէս յայտարարուած հինգի փոխարէն:
Ապա, ամպիոն հրաւիրուեցաւ Յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտոր Ռոզին Տէր Դաւիթեան, որպէսզի ներկայացնէ մրցանակակիրները:
Դոկտ. Տէր Դաւիթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ համալսարանական կրթաթոշակներու պատմականին ու յայտարարեց, որ անոնց կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը ուսանողներու կեանքէն ներս, ոչ այնքան դրամական առումով է, այլ այն իմաստով, որ նման պարգեւատրումներ մեծապէս կը նպաստեն ուսանողներու կենսագրականին ու դրական կը գնահատուին աշխատանքի ասպարէզի ընթացքին:
Ապա հրաւիրուեցաւ Կրթաթոշակներու Ֆոնտի հիմնադիրներէն՝ Պրն. Թադէոս Քէօրօղլեան, որպէսզի պարգեւները յանձնէ յաջողակ ուսանողներուն:
ՀԿԲՄ-ի այս տարուայ կրթաթոշակի մրցանակներուն արժանացան Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ Համալսարանի ուսանող Նանօր Տէր Պետրոսեան, Ազուսա Փասիֆիք Համալսարանի ուսանող Ալիսոն Ղաֆարի, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Համալսարանի ուսանող Քաթիա Խանլեան, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Համալսարանի ուսանող Նարեկ Տատուրեան, Քալիֆորնիոյ Իրվայն Համալսարանի ուսանող Քրիստինա Չիրանեան եւ Սաութուեսթըրն Իրաւաբանական Համալսարանի ուսանող Թալին Քոճապապեան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:
13 Օգոստոս 2Օ19