Պատրաստեց՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գերմանացի նշանաւոր քնարերգակ, բանաստեղծ, վիպասան, դրամատուրգ, ինք-նակենսագիր, ասացուածքներու հեղինակ, գրականագէտ, Աստուածաբան, փիլի-սոփայ, իրաւաբան, դիւանագէտ, փաստաբան, քաղաքական գործիչ, պետական գործիչ, թատերագէտ, երաժշտահան, երաժշտական քննադատ, մշակութային քըն-նադատ, նկարիչ, գրադարանավար, բուսաբան, կենդանաբան, բնագէտ, հանքա-բան…
Եոհան Վոլֆկանկ Ֆօն Կէօթէն ծնած է 28 Օգոստոս, 1749-ին, Գերմանիոյ Հեսսէն նահանգի Մայնի Ֆրանկֆուրտ քա-ղաքը, հարուստ ազնուական ընտանիքի յարկին տակ: Ա-նոր մեծ հայրը քաղաքապետ եղած է, իսկ հայրը՝ կայսե-րական բարձր պաշտօնեայ, որ իրաւաբանական դոկտորի աստիճան ունէր (ան կը հետաքրքրուէր արուեստով եւ ժա-մանակի առաջաւոր գաղափարներով):
Պատանի Եոհանի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ զբաղած է հայրը. ան իր տուն հրաւիրած է տեղի առաջա-ւոր, գիտուն մանկավարժներ՝ որդւոյն անթերի կրթութիւնը ապահովելու համար: Կէօթէն օժտուած էր արտակարգ ըն-դունակութիւններով. տակաւին պատանի հասակին արդէն քանի մը լեզուներու կը տիրապետէր, լաւ գիտէր գրականութեան պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, լրջօրէն կը զբաղէր բնագիտութեան ուսումնասիրութեամբ:
Կէօթէն ուսանած է Լայբցիկի եւ Սթրասպուրկի համալսարաններու մէջ։
Ան ստեղծագործած է վաղ տարիքէն։ Կէօթէի ստեղծագործութիւններու մէջ ա-ռանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ համաշխարհային գրականութեան գլուխգործոց-ներէն համարուող «Ֆաուսթ» ողբերգութիւնը, որու վրայ ան աշխատած է աւելի քան 60 տարի։
Մարդկութիւնը անյիշելի ժամա-նակներէն կ’երազէր այն մարդուն մասին, որ կը կարենար հասկնալ եւ իրեն ենթարկել բնութեան գաղտնիքները։ 16-րդ դարու առա-ջին կիսուն Գերմանիոյ մէջ տարածուած էր թափառաշրջիկ բժիշկ եւ գուշակ դոկ-տոր Ֆաուսթի մասին լեգենդը, որ իբր արեամբ կնքուած պայմանագիրով իր հոգին Սադայէլին ծախած էր: Կէօթէն նոյնպէս հետաքրքրուած ըլլալով Ֆաուսթի կեր-պարով, իր ողբերգութեան գլխաւոր հերոսը ըրած է անոր։
Ֆաուսթն իր կեանքը կը նուիրէ գիտութեանը, գործունէութեան շատ ոլորտներ կը փորձէ եւ, անցնելով կեանքի բոլոր վայելքներու միջով, զառամեալ տարիքին այն իմաստնութեան կը յանգի, թէ մարդուն միակ երջանկութիւնը ազատութեան համար պայքարելու ձգտումն է, իսկ նպատակը՝ ստեղծարար աշխատանքը։
Կէօթէի նշանաւոր գործերէն են՝ «Փրոմէթեւս», «Իփիկենիան Տաւրիսի Մէջ», «Թորքւաթօ Թասսօ», «Էկմոնթ» դրամաները, «Վիլհէլմ Մայսթեր» երկհատոր («Ուս-ման Տարիներ» եւ «Թափառումի Տարիներ») փիլիսոփայական վէպը, «Հռոմէական Էլեկիաներ», «Իտալական Ուղեւորութիւն», «Հերման Եւ Տորոթէեայ», «Արեւմտա-արեւելեան Դիւան» եւ այլ երկեր: Ան ստեղծագործած է նաեւ մանուկներու համար՝ «Ռայնեքէ Աղուէսը»: Կազմաբանական հետազօտութիւններէն յայտնի է անոր «Փորձ Բոյսի Ձեւափոխութեան Վերաբերեալ» աշխատութիւնը։
Կէօթէն գրեթէ 1600 բանաստեղծութիւն գրած է։
1830-ին՝ դեռեւս հեղինակի ողջութեան օրօք, անոր գործերէն առաջին անգամ հա-յերէն թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանը՝ «Անտառի Արքան» բանաստեղծութիւ-նը։ Յովհաննէս Թումանեանը թարգմանած է «Լերանց Շարքերը» եւ «Վարդը» բա-նաստեղծութիւնը. վերջինիս համար գեղեցիկ երաժշտութիւն գրած է Ռոմանոս Մե-լիքեանը։ Կէօթէի ստեղծագործութիւններէն հայերէն թարգմանած են նաեւ Յովհան-նէս Յովհաննիսեանը («Դաշտի Վարդը», «Ձկնորս»), Յակոբ Յակոբեանը («Պայ-րոնին», «Մի Անգամ»):
25-ամեայ Կէօթէն հռչակ ձեռք բերած է «Երիտասարդ Վէրթերի Տառապանքները» վէպով, որ գրած է նամականիի ձեւով։ Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Վէրթեր, իր ընտա-նեկան երջանկութիւնը կ’որոնէ, սակայն, դժբախտ սիրոյ պատճառով յուսախաբ ըլլալով՝ անձնասպան կ’ըլլայ:
Մարդոց հետ դիւրութեամբ շփուող, հանդուրժող եւ խաղաղասէր բանաս-տեղծը իր ընկերական շրջապատին հոգին էր:
Ան ընկերներուն հետ «բանաստեղ-ծութիւններու արտադրամաս» (քա-ղաքին մէջ այդ անունով գիտցուած էր գրասենեակը) բացած էր կեանքի զանազան դէպքերու համար՝ սէր, հարսանիք, դաւաճանութիւն, բաժա-նում, թաղում… Ընկերները պատ-ւէրներ կ’ընդունէին, իսկ Կէօթէն կը ստեղծագործէր ատոնց համար:
Կէօթէի ստեղծագործութիւններուն հիմքը անձնական երջանկութիւնն ու ողբեր-գութիւնները եղած են:
Քսաներեք տարեկանին Կէօթէն սիրահարեցաւ Քրիսթիանէ Վուլբիուսին, որ դար-ձաւ «Երիտասարդ Վէրթերի Տառապանքները» հերթական գլուխգործոցի մուսան: Այդ ծաղկավաճառ կնոջը հետ (որ քաղաքին յայտնի էր որպէս թեթեւաբարոյ կին մը), Կէօթէն 17 տարի ապրեցաւ՝ առանց ամուսնութեան: Քրիսթիանէն սիրով հոգ կը տանէր Կէօթէին եւ միշտ անոր քովն էր. բարեգթօրէն կը կատարէր անոր բոլոր ցան-կութիւնները, ուրախութեամբ կը լեցնէր անոր կեանքը, կը ստիպէր ժպտիլ նոյնիսկ ամենասարսափելի տխուր պահերուն: Համատեղ կեանքի 18-րդ տարուան Կէօթէն վերջապէս ամուսնացաւ Քրիսթիանէի հետ, սակայն կարճ ժամանակ անց կինը հի-ւանդացաւ, իսկ բանաստեղծը անգթօրէն լքեց անոր՝ յայտարարելով, թէ չի կրնար հանդուրժել հիւանդի մը ներկայութիւնը իրեն քով, եւ որ ինք չի կրնար հոգ տանիլ անոր…
Մինչ Քրիսթիանէն բացարձակ միայնութեան մէջ կեանքէն կը հեռանար, Կէօթէն արդէն նոր հիացմունքի տիպար մը գտած էր՝ Տիկին Ֆօն Շթէյն:
Ահաւասիկ Կէօթէի նամակներէն մէկը (յապաւումներով)՝ ուղղուած իր նոր մու-սային.
«Քու սէրդ կարծես առաւօտեան եւ երէկոյեան աստղ ըլլայ, որ արեւէն յետոյ կու գայ եւ այլեւս չ’երթար: Եւ ես Աստուածներուն կը խնդրեմ, որպէսզի անոնք չլռեն եւ չանհետանան իմ ճանապարհէն… Մնա՛ հետս, դուն միակ բնական քարն ես զարդա-տուփիս մէջ»:
Բանաստեղծին յաջորդ սէրը՝ Պէթինա ֆօն Արնիմն էր (գերմանացի գրող եւ Կէօ-թէի ամենաջերմ երկրպագուն), որ խորամանկօրէն ծպտուեցաւ այր մարդու կեր-պարանքին տակ, որպէսզի իրագործէր Կէօթէին հանդիպելու իր բաղձանքը: Հան-դիպումէն վերջ ծայր առաւ երկուքին սիրավէպը, որ Պէթինան նկարագրած է «Նա-մակագրութիւն Կէօթէի Հետ» ստեղծագործութեան մէջ:
Կէօթէի սիրային արկածներու բարձրակէտը եղաւ 17-ամեայ Ուլրիքէ ֆօն Լեւեցովը, որուն 72-ամեայ բա-նաստեղծը ծանօթացաւ 1821-ի ամրանը՝ Պոհէմիայի (Չեխիա) հանքային ջուրեր այցելած ժամանակ, ուր դեռատի աղջիկը կը հանգստանար մօրը հետ։ Անոնք հանդիպեցան նաեւ 1822-ի Յուլիսին՝ նոյն ամառանոցին մէջ, իսկ երրորդ անգամ 74-ամեայ բանաստեղծը հանդի-պեցաւ արդէն 19-ամեայ Ուլրիքէին 1823-ի Օգոստոսին՝ Գարլսպատի (Մարիենպատ) ամառանոցին մէջ, ուր ա-նոր արտասովոր սէրը իր գագաթնակէտին հասաւ եւ նոյնքան ալ հոգեցունց վախճան ունեցաւ…
Կէօթէն իր մանկամարդ մուսային բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ձօնած է, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են «Էոլեան Տաւիղ» եւ «Էլեկիա» սիրային բուռն զգացումի ժայթքումներով ողողուած գործերը:
Ինչպէս բոլոր հռչակաւոր անձիք, այնպէս ալ Կէօթէն զերծ չէ եղած տարօրինակու-թիւններ ունենալէ: Յայտնի է որ ան կ’ատէր շուներու հաջոցը, սխտորի հոտը եւ ակ-նոցաւոր մարդոց։ Ան կ’աշխատէր միայն գոց տարածքներու մէջ, ուր պէտք չէ թարմ օդ ըլլար, քանի որ սարսափելիօրէն կը վախնար միջանցիկ հովերէն։ Եւ, հաւանա-բար, տեղին եղած է այդ վախը՝ կանխազգացումը, քանի որ պաղառութիւնը իր մահ-ւան պատճառ հանդիսացած է: Կէօթէն վախճանած է 22 Մարտ, 1832-ին:
Ըստ աւանդութեան՝ «Լո՜յս, աւելի՜ լոյս» (գերմաներէն՝ Mehr Licht!) արտայայտու-թիւնը հնչած է մահուան մահիճին մէջ գտնուող Կէօթէի շուրթերէն: Սակայն իր կեն-սագիրին վկայութեամբ, ան վերջին պահուն հետեւեալ խօսքերը արտաբերած է. «Փեղկերը բացէ՛ք որ շատ լոյս թափանցէ սենեակ»…
Կէօթէի Գեղեցիկ Միտքերէն
-Հաւատա՛ կեանքին։ Կեանքը քեզ բոլոր իմաստուններէն ու բոլոր գիրքերէն աւելի լաւ կը սորվեցնէ:
-Ինչ որ ուշադրութիւն չի գրաւէր՝ մեռած է:
-Ով իր մասին մեծ կարծիք չունի, ան աւելի լաւն է, քան ինքը կը կարծէ:
-Մարդուն յատուկ է վատաբանել այն, ինչին անընդունակ է ինքը:
-Օտար երկիրը հայրենիք չի դառնար։
-Երախտամոռութիւնը թուլութեան ծնունդ է։ Մեծահոգի մարդիկ երբեք երախտա-մոռ չեն ըլլար։
-Առաջին եւ վերջին պահանջը հանճարէն՝ ճշմարտութիւնն է։
-Չկայ այնպիսի յիմարութիւն, որ հնարաւոր չըլլայ ուղղել խելքին շնորհիւ, եւ չկայ այնպիսի իմաստնութիւն, որ հնարաւոր չըլլայ աւրել յիմարութեան միջոցով։
-Ես ստեղծուած չեմ այս աշխարհին համար, ուր բաւական է ոտքդ տունէն դուրս դնես եւ կ’իյնաս աղբին մէջ:
-Գողերէն աւելի վտանգաւոր տխմարներն են, որոնք մեզմէ կը խլեն մեր ժամանակն ու տրամադրութիւնը:
-Հոգին դժբախտութիւնը կրնայ թաքցնել, սակայն գաղտնի երջանկութեանը ան չի կրնար դիմանալ:
– Երկու վիճող մարդոցմէ առաւել մեղավորը ան է, որ խելացի է:
– Վարքը՝ հայելի մըն է, որու մէջ ամէն մէկը իր պատկերը կը ցուցադրէ:
-Ոչինչ կորսուած է, քանի դեռ կորսուած չէ ամէն ինչ:
-Հոն, ուր յիմարութիւնը օրինակելի է, հոն խելացիութիւնը խենթութիւն մըն է:
– Արդեօ՞ք սէրը որեւէ ընդհանուր բան ունի խելքին հետ:
– Սարսափելի է ան, ով արդէն կորսնցնելու բան մը չունի:
-Ոչ ոք կրնայ դատել ուրիշները, քանի դեռ չէ սորված դատել իր անձնական արարքները:
-Ցանկացած վիճակ գեղեցիկ է, եթէ այն բնական է:
-Գեղեցկութիւնն ամէնուր սաստիկ ցանկալի հիւր մըն է: