«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 37 –
Հարցազրոյց՝ Համադրող եւ Արուեստագէտ Թաթուլ Առակեանի Հետ
Զրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Երեւանի Նովա Արթս Կալերիին մէջ Օգոստոսի 30էն Սեպտեմբեր 14ը ներառեալ տեղի կ՛ունենայ համադրող, արուեստագէտ, Arakyan art gallery-ի հիմնադիր Թաթուլ Առակեանի գեղանկարներու հաւաքածուի ցուցահանդէսը։ Հաւաքածուն իր մէջ կը ներառէ տարբեր նկարիչներու վերացական ոճի աշխատանքներուն ամբողջութիւնը, որոնց մէջ կան այնպիսի գործեր, որոնք հանրութիւնը չէ տեսած։ Arakyan art gallery-ն հիմնադրուած է 1991 թուականին եւ անցնող տարիներու ընթացքին ներկայացուցած է Հայաստանի արուեստասէր տարբեր ճիւղերու զարգացման շարժաբանութիւնը (dynamics)։
1998էն սկսեալ պատկերասրահը հնարաւոր չափով ներկայացուցած է ապսթրաքթիոնիզմի զարգացման գործընթացը և դերը Հայաստանի մէջ: Գործընթաց մը, որ սկսաւ 60-ականներու վերջերէն (Վ. Թադեւոսեան, Ս. Խաթլամաջեան, Է. Խարազեան,Ա. Պաղտասարեան և այլք), իր բարձրակէտին հասավ 80-ականներուն (Քիքի, Աշոտ Պայանդուրի, Հ. Յովսէփեան):
Տարիների ընթացքին բազմաթիւ ցուցահանդէսներու միջոցաւ Arakyan art gallery-ն ըստ արժանիին ներկայացուցած է վերացականութեան գեղարուեստական լեզուն և բազմաբնոյթ դրսեւորումները, թէ՛ երկրաչափական վերացականութիւնը, եւ թէ՛ տպաւորական վերացականութիւնը, բան մը, որ գերակշռող ուղղութիւնը դարձաւ 80-ականներունն։
Ցուցահանդէսի բացման առիթով (որ տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան) «Զարթօնք» զրուցեց Թաթուլ Առակեանին հետ։
– Պարոն Առակyան, խօսելով ցուցահանդէսի մասին, կը խնդրեմ ներկայացնէք, թէ ո՞ր նկարիչներու աշխատանքները ներկայացուած են, քանի՞ աշխատանք կը ցուցադրուի Ձեր հաւաքածուէն եւ անշուշտ Arakyan art gallery-ի ու Նովա Արթս Կալերիի համագործակցութեան մասին կ՛ուզէի խօսիք:
-Նովա Արթսի կողմէ առաջարկութիւն եղաւ համագործակցելու ու սիրով ընդունեցի։ Իմ պատկերասրահը 28 տարի է հիմնականին մէջ կը ներկայացնէր վերացական նկարչութիւնը։ Որոշեցի այս անգամ ներկայանալ ոչ միայն վերացական նկարչութեամբ, այլեւ՝ իմ հաւաքածուի նկարներով, որ բաղկացած է երկու մասէ։ Նովա Արթս Կալերիին տարածքը այդ հնարաւորութիւնը կու տայ: Առաջին յարկին վրայ պիտի ներկայացնենք ժամանակակից նկարիչներու աշխատանքները, միւս յարկին վրայ՝ իմ հաւաքածուին մէջ աւելի աւագ սերունդի աշխատանքները՝ թէ՛ տեքորաթիֆ եւ թէ՛ բնանկարային։ Աւագ սերունդի գործերը կը սկսին1950-ականներէն, քիչ թէ շատ ժողովուրդին յայտնի արուեստագէտներ, որոնց աշխատանքները ես տարիներու ընթացքին հաւաքած եմ։ Նկարներ կան, որոնք բնաւ ցուցադրուած չեն։ Բոլորը կը համարեն, որ ես միայն վերացական ոճի նկարչութեամբ կը զբաղիմ, բայց ես չեմ ուզէր իրարմէ բաժնել վերացական ոճն ու տեքորաթիֆը։
– Երեւի փորձենք բաժնել, քանի որ այս ցուցադրութեան կը ներկայացուին հիմնականին մէջ վերացական ոճի նկարներ։ Ինծի համար հետաքրքիր է՝ աւագ սերունդի աշխատանքները նոր, երիտասարդ սերունդի համար որպէս օրինակ կը ծառայե՞ն։
– Իմ գլխուս վրայ այստեղ կախուած է Համլեթ Յովսէփեան, որ 70-ականներէն վերացական ոճի մեր առաջին արուեստագէտը եղած է։ Նկատի ունեցէք որ մինչեւ 80-ականներու երկրորդ կէսը սովետական միութեան մէջ վերացական ոճը կը համարուէր անհասկնալի արուեստ ու պաշտօնապէս ոչ մէկ տեղ չէ ցուցադրուած։ Ի միջի այլոց, կը ցուցադրենք Սեյրան Խաթլամաջեանի նկարները, որ միակ նկարիչն էր, որ պաշտօնական ցուցահանդէսներուն վերացական ոճի աշխատանքներով կը ներկայանար։
– Վերացական ոճին մէջ ստեղծագործող երիտասարդ սերունդին մասին ի՞նչ կ՛ըսէք։
– Ես միշտ կը հետեւիմ երիտասարդ սերունդին, բայց ինծի համար գերնպատակ չէ միայն վերացական ոճը ուսումնասիրելը։ Պէտք է ըսեմ, որ ինծի յաճախ կը հիասթափեցնէ երիտասարդ սերունդը։ Չեն ուզէր խորացնել, մակերեսօրէն կը նային աշխատանքներուն… չեմ գիտեր:
– Շատերու մօտ կարծիք կայ, որ վերացական ոճի աշխատանքները ամէն մարդ կարող է ընել։ Ինչու՞ է այդպիսի կարծիք ձեւաւորուած է կը կարծէք։
-Պատկերացուցէք 28 տարուայ ընթացքին ինծի որք՜ան ըսած են «մենք ալ կրնանք այսպէս նկարել։ Պատմութիւն մը պատմեմ։ 80-ականներու վերջերը կ՛ուսումնասիրէի բարձրագոյն ուսողութիւն (mathematics) եւ տղաս, որ 6-7 տարեկան էր գիտեր անգլերէն, հայերէն տառերը, գիրքը վերցուց ձեռքը, սկսաւ թերթել, յետոյ մէկ կողմ նետեց ու ըսաւ, որ ես այդ տառերը եւ թիւերը գիտեմ, ինծի այս գիրքը պէտք չէ։ Հիմա նկարներուն նայողը կ՛ըսէ՝ գիտեմ այս գիծը ինչպէս քաշեմ, որ նկար ստացուի։ Այ երանի ընեն եւ տակն ալ ստորագրեն․․․
– Ինչո՞վ է, որ վերացական ոճը կը տարբերի նկարչութեան միւս ոճերէն։
– Երբ վերացական ոճի արուեստը սկսաւ զարգանալ, Մալեւիչը գրած էր՝ բնանկար նկարողները կը նմանին այն մարդկանց, բանտարկեալներուն որոնք ուրախ են իրենց ձեռնաշղթաներով։ Վերացական նկարչութիւնը այն ուղղութիւնն է, որ քեզ կ՛ազատէ ձեռնաշղթաներէն, շրջապատող աշխարհի կապուածութիւնէն։
– Վերացական ոճը կրնայ նաեւ ուղիղ իմաստով ձեռնաշղթաներէ ազատել, ճի՞շդ է։
– Այո, անշուշտ։ Ես չեմ ուզէր այդքան բնորոշող ըլլալ, ինչպէս Մալեւիչը, բայց արտաքին աշխարհի վերարտադրումը կը խաբէ մարդկանց: Օր ցերեկով ծառ կը նկարեն, կ՛ըսեն են սա ծառ է։ Մարդը կը հասկանայ ու կ՛ընդունի , բայց այդ ծառը դուրսի կենդանի ծառն է։ Վերացական առարկայական աշխարհէն քեզի կը կտրէ, միայն հոգեւոր ու զգայական աշխարհ կը տանի։
– Ցուցահանդէսի օրերուն ընթացքին արուեստասէր հասարակութիւնը ի՞նչ պիտի տեսնէ Նովա Արթս Կալերիին մէջ: Պիտի կտրո՞ւի առարկայական աշխարհէն:
– Այս բանը իրենց տրամադրուածութենէն կախեալ է։ Արուեստասէր հասարակութեան համար այս ցուցահանդէսը տօն պիտի ըլլայ, որովհետեւ այստեղ շատ գործեր երբեք չեն ցուցադրուած, արուեստանոցէն ուղղակի իմ մօտ հասած են: Ես հիմնականին մէջ նկարիչներու արուեստանոցներէն գնած եմ աշխատանքները։ Հիմա քիչ մը մեղքի զգացում ունիմ, որ որոշ հեղինակներու աշխատանքներ ներկայացուած պիտի չըլլան, բայց ապագային մօտ 4 ամիս ետք ես կը ծրագրեմ իմ հաւաքածուի ամբողջական ցուցադրութիւն կազմակերպել ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ։ Իսկ NOVA ARTS Gallery & Wine-ի հետ համագործակցութyան մասով ըսեմ` գինին և նկարչութիւնը իրար հետ սերտաճած են, շատ հնարաւոր է համագործակցութիւնը յետագային եւս շարունակել։
– Շնորհակալ եմ հետաքրքիր զրոյցի համար։
Նկարահանումը՝ ԶԱՐԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ