Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հիմնուելով խօսքի ազատութեան եւ ազատ կարծիքի մեր դաւանանքին վրայ, ինչպէս նաեւ յարգելով մեր սիրելի յօդուածագիրը տեղ կու տանք սոյն յօդուածին, որուն մէջ տեղ գտած կարգ մը միտքերը անպայմանօրէն չէ, որ կը բաժնենք:
Հողային պահանջատիրութեան օրակարգով, տեղին է հոս նշել, որ մեր կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը իր գլխաւոր օրակարգը ըրած է իր ծրագրին կարեւորագոյն յօդուածները յատկացնելով մեր արդար դատին, մինչ անոր օրկան՝ մեր թերթին 82 տարուայ արխիւը կրնայ լաւագոյնս փաստել նաեւ աւելին՝ «ներքին հողերուն» մասին մեր կուռ կեցուածքը Սովետական Միութեան օրերուն իսկ: Հետաքրքրական է իմանալ, որ այդ օրերուն Հայ Կոմունիստները ինչ կեցուածք ունէին Լեռնային Ղարաբաղին Ազրպէյճանի կցուած ըլլալու ցաւալի իրականութեան նկատմամբ, որուն մասին նոյնինքն յարգելի յօդուածագրին լուսաբանութիւնը մեզի մեծապէս գոհ պիտի պահէ:
«Խմբ.»
32 տարիներ առաջ (18 Մայիս 1987) նահատակուած է լիբանանցի Մարքսեան տեսաբան Մէհտի Ա՚ամէլ (Հասան Համտան), քանի որ կը պաշտպանէր Քուր՚անի համարներուն ժամանակակից մեկնաբանութիւն տալու իրաւունքը՝ իսլամ աստուածաբաններուն։ Անոր հեղինակած հատորներէն էին՝ «Առօրէական Մտածողութեան Քննադատութիւն», «Ներածական Թայֆէական Մտածողութեան Քննադատութեան», «Արդեօ՞ք՝ Սիրտը Արաբներուն, Իսկ Միտքը՝ Արեւմուտքին Կը Պատկանին», «Պատմութեան Ժամանակաշրջաններու Բաժանումին Մասին» (իմա՝ périodisation), «Թայֆէական Պետութեան Մասին», «Տեսական Ներածական՝ Ուսումնասիրելու Համար Սոցիալիզմի Գաղափարին Ազդեցութիւնը՝ Ազգային Ազատագրական Շարժումին Վրայ», եւ՝ «Ասիկա՝ Արաբական Քաղաքակրթութեան Ճգնաժամն Է, Թէ՞՝ Արաբ Բուրժուազիաներուն»…։ Այս վերջինը առիթ ստեղծեց որ քննենք թէ՝ մեր աւանդական Սփիւռքին ներկայի տխուր վիճակը, արդեօ՞ք ճգնաժամն է մեր քաղաքակրթութեան…։
Բնաւ երբե՛ք…։ Ե՛ւ Արաբ ե՛ւ Հայ Անցեալի Քաղաքակրթութիւնները եղած են լուսաշող, եւ կանխած են Եւրոպայի Renaissance-ը 3-4 դարով։ Ուրեմն, այդ երկու քաղաքակրթութիւններու ներկայի ժառանգորդները չեն հետեւած նախնիներու ճանապարհին։ (Միջին դարերու խաւարի ժամանակներուն, երբ Եւրոպան կը տառապէր «Վայքինկ», «Վանտալ» եւ «Վիզիկոթ» բարբարոսներուն ձեռքէն, սպանական Անտալուսիա հասած արաբները եւ Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան ու Անիի Բագրատունեաց Թագաւորութեան հայութիւնը բարձր բռնած էին մարդկային քաղաքակրթութեան ջահը, եւ՝ հայկական ու արաբական երկնակամարին վրայ կը պսպղային Գրիգոր Նարեկացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մխիթար Հերացիի եւ Մխիթար Գօշի, ինչպէս նաեւ՝ Իպն Սինայի, Իպան Խալտունի, Ալ-Ֆարապիի, Իպն Ռուշտի, Ալ-Ղազալիի, Իպն Թուֆէյլի եւ միւս գիտնականներու աստղերը…)։
Մէհտի Ա՚ամէլ կ՚ըսէ, թէ Արաբ ժառանգորդներու բուրժուազիաները որդեգրեցին Իմփերիալիզմի միջնաբերդ ԱՄՆ-ի Մեթրոփոլէն կախեալ, ծայրամասային ոչ արդիւնաբերական տնտեսաձեւը (այսինքն՝ մեթրոփոլէն կախեալ գաղթատիրական տնտեսաձեւը) եւ դատապարտուեցան՝ յետամնաց ու միշտ կախեալ։
Նոյնպէս, աւանդական Սփիւռքին եւ ներկայ Արեւելահայաստանին պարզած տեղքայլին, նահանջին ու ճգնաժամին պատճառը՝ անցեալի հայ լուսաշող քաղաքակրթութիւնը չի կրնար ըլլալ… քանի որ կերտած է երկու դարերու (Ե. եւ Ի.) ոսկեդարերը, Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութիւնը եւ «Հայկական Ռենեսանս»ը՝ Եւրոպայէն չորս դար առաջ, Սարդարապատեան յաղթանակը, Սովետահայ բանակին յաղթական մուտքը պարտեալ Պերլին, եւ՝ Արցախեան սխրագործութիւնը։ (Խիստ ուշագրաւ է այն, որ Թոնտրակեան յեղափոխութեան արաբական նախատիպը եղած է իսլամ Քարամիթականներու շարժումը՝ Համտան Քարմաթի առաջնորդութեամբ, իսկ հայ Թոնտրակեանները կը մարտնչէին Սմբատ Զարեհավանեցիի առաջնորդութեամբ. եւ երկուքը՝ ի խնդիր մարդոց իրաւահաւասարութեան, ընկերային արդարութեան եւ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան… Թ. եւ Ժ. դարերուն։ Քարամիթականները մէկ թեւն էին Իսմայիլականներուն, որոնք եւս կը քարոզէին իրենց ժամանակներուն ըմբռնելի սոցիալիզմը։ Այս մասին երկարօրէն գրած է նաեւ՝ լիբանանցի երեք մեծերէն՝ Ժըպրան, Նուայէմէ եւ Ռիհանի։ Այս վերջինը՝ Ամին Ռիհանին, որ ամէնէն յառաջապահն էր եւ խանդավառը՝ բոլշեւիկներով)։
Պատմական տխուր փաստ է այն, որ ճշմարտապէս ազգային Արմենական, մայր կուսակցութիւնը՝ հակառակ իր հայկական «ծննդավայր»ին (հիմնադրավայրին) եւ ազգային ու ընկերային զոյգ ազատագրութիւնները ընդգրկող ամբողջական հայկական ծրագրին, չդարձաւ մեր ժողովուրդին գլխաւոր ու մեծագոյն կուսակցութիւնը։ (Արմենական Կուսակցութիւնը իր պայքարի ծրագիրը կը բաժնէր՝ առաջնահերթի եւ հետագայի։ Առաջնահերթը՝ ազգային ազատագրութիւնն էր օսմանեան լուծէն։ Հետագայինը՝ երբ հայութեան մէջ ալ թէժանար դասակարգային կռիւը, քափիթալի եւ աշխատաւորներու միջեւ, ժողովուրդին ընկերային ալ ազատագրութիւնն էր՝ քափիթալի շահագործումէն…)։ Այլ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին ստուար զանգուածին անվերապահ յարումին չարժանացաւ, ինչ որ կը նշանակէ, որ հայ զանգուածը յետամնաց դարձած է հասարակական գիտութիւններու մարզին մէջ, հաւանաբար՝ իր երկար դարերու պետականազրկութեան հետեւանքով…։
Հետեւորդ զանգուած ունեցող մեր՝ սխալմամբ, «ազգային» կոչուող բայց դրսեկ աւանդական երեք կուսակցութիւնները՝ Մեծ Եղեռնի դարադարձին անգամ շարունակեցին Ցեղասպանութեան ոճիրին միայն, լոկ բարոյական, պղատոնական սնամէտ ճանաչումին մուրացկանութիւնը, փոխանակ տէր կանգնելու մեր հողային դատին եւ մշակելու այդ դատի հետապնդումը կազմակերպելու ծրագիրը, անդրադառնալով՝ որ Մեծ Եղեռնի հինգ ոճիրներուն մեծագոյնը եւ միակ վերականգնելին… Արեւմտահայաստանի հայաթափումն էր եւ զաւթումը, քան թէ՝ Ցեղասպանութիւնը…։
Ասոնք չհասկցան Ֆրիտժոֆ Նանսէնի մեզի համար ձեռք բերած «Նանսենեան Անցագիր»ին միջազգային իրաւական վաւերաթուղթ մը ըլլալուն նշանակութիւնը, եւ չպահպանեցին զայն, որ իբր միջազգային վաւերաթուղթ կը հաստատէր զայդ կրողին իր հայրենիքէն աքսորուած ըլլալուն փաստը, եւ՝ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը…։ Իրաւունք՝ զոր ճանչցաւ 4 Յուլիս 1976 թուի Ալճերիոյ մայրաքաղաքէն բխած «Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիր»ի Յօդուած 3-րդը, որ կ՚ըսէ. «Ամէն ժողովուրդ, որ աքսորուած է իր հայրենիքէն, իրաւունք ունի հոն վերադառնալու»…։ Միաժամանակ՝ անոնք մոռցան, կամ մոռացութեան տուին նաեւ զանգուածներուն մօտ հայրենազրկեալի, տարագրեալի գիտակցութիւնը, զանոնք վերածելով պարզապէս տարաբնակ հայերու, որոնք կարծէք՝ կամովին լքած են իրենց հայրենիքը եւ հոն վերադառնալու դատ մը չունին։
Մեծ Եղեռնէն կէս դար վերջ միայն, այդ աւանդական կուսակցութիւնները կրցան համաձայնիլ, որ գէթ 50-րդ տարելիցը նշեն համահայկական ձեւով (ոչ իրարմէ անջատաբար), որ տեւած էր 50 տարի… անոնցմէ մէկուն՝ մենատիրական մոլուցքին պատճառով, որ հետեւանքն էր՝ Գարեգին Նժդեհի բնութագրումով, այդ կուսակցութեան «ինքնանպատակութեան»… եւ՝ նախախնամութեան ընտրեալ կուսակցութիւնը եղած ըլլալու անոր դիցաբանական յաւակնութեան։ (Այս կուսակցութեան մոլի վարժապետ մը՝ Գր. Նգրուրեան անունով, իր կուսակցութեան 110-ամեակին առիթով խօսած իր ճառին մէջ ըսաւ. «Նախախնամութեան ձայնը, ամպերուն ետեւէն, իմ կուսակցութեանս մասին ըսաւ՝ Ecce Homo… ինչպէս ըսած էր՝ Յիսուսի մասին»)։ Բայց դարձեալ յիշելով միայն Ցեղասպանութեան ոճիրը…։ Եւ՝ ի հեճուկս մենատէր ազգային կուսակցութեան, Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցին, «Մեր Հողերը… Մեր Հողերը…» պահանջեցին Երեւանի մէջ միայն, Սովետական Հայաստանի քաղաքացիները։
Տարագրութեան առաջին իսկ օրէն, հիւրընկալ Արաբ երկիրներուն մէջ, այդ աւանդական կուսակցութիւնները՝ բացի Տարագիր Հայ Կոմունիստներէն, գաղթականի վերապահ ու այլամերժ հոգեբանութեամբ, որդեգրեցին՝ հայկական ազգային նեղ խոզակին մէջ մեկուսանալու, կեթթոյանալու եւ համարկուիլը մերժելու խտրական ու ոչ-բարեկամական մօտեցումը երկրի ասպնջական ժողովուրդին հանդէպ, փոխանակ որդեգրելու՝ Հայ Կոմունիստներուն նման, երկրին ու ժողովուրդին համարկուելու, տարագրեալ ժողովուրդի եւ դեմոկրատական դատի տէր ժողովուրդի մը վայել մօտեցումը, որ ոչ միայն հայապահպանումի լաւագոյն մօտեցումն է, այլեւ՝ կը շահի նեցուկը երկրին ու ժողովուրդին, ի նպաստ Հայ Հողային Դատին։ Համարկումը (Integration, ﺍﻧﺪﻣﺎﺝ) ընդելուզումի ճամբով, կը կանխէ ձուլումը… երկու կողմերը կը սերտաճին՝ իւրաքանչիւրը պահելով իր ազգային ուրոյն ինքնութիւնը… եւ՝ փոխադարձաբար կը զարգանան ու կը հարստանան մշակոյթով…։
Այդ անձնասպանական ինքնամեկուսացումով եւ ազգային նեղ խոզակին մէջ բանտուելով, Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները դարձան անպտղաբեր եւ կասկածելի տարր մը հիւրընկալ երկրին ու ժողովուրդի աչքին…։ Անպտղաբեր՝ քանի որ շերամը՝ իր խոզակէն դուրս գալով միայն իր պտուղը (մետաքսը) կրնայ արտադրել։ Եւ կասկածելի՝ քանի որ երբ հիւրընկալուած ժողովուրդ մը չի բացուիր հիւրընկալող երկրին ու ժողովուրդին… կասկածելի կը դառնայ, մանաւանդ՝ երբ աւանդական կուսակցութիւններէն մէկուն Լիբանանի խորհրդարանի մէկ անդամ (Մովսէս Տէր Գալուստեան) կը քուէարկէ ֆրանսական գաղութարարներու ի նպաստ… եւ՝ Լիբանանի անկախութեան դէմ։ Կամ՝ երբ այդ կուսակցութիւնը կը բացայայտուի իբր հիւրընկալ երկրի թշնամիներուն ծառայող կազմակերպութիւն, որուն ունեցած լրտեսական սարքերն ու գաղտնի զէնքի պաշարները թաղուած կը գտնուին հայկական դպրոցներու եւ ակումբներու շրջաբակերու հողին տակ (Հալէպ)։ (Այստեղ՝ անհաւատարմութիւնը կրկնակի է. մէկը հիւրընկալ երկրին հանդէպ – Սուրիա, միւսը՝ Սովետ Հայաստանի հանդէպ։ Քանի որ լրտեսական սարքերը կը գործածուէին Լաթաքիոյ նաւահանգիստին մէջ խարսխած սովետական մարտանաւերուն դէմ…)։
Գ. Դրամատիրական Հանրապետութեան օլիգարխներն ու աւանդական Սփիւռքի «ազգային» կուսակցութիւնները չպահպանեցին Բ. Սոցիալիստական Հանրապետութեան կերտած Ոսկեդարին նուաճումներէն ոչ մէկը, նոյնիսկ՝ ատոր պետական փառքի հնչեղութեամբ վեհապանծ օրհներգը… եւ նախասիրեցին վերադառնալ «թշուառ»ութեան եւ «անտէր»ութեան ժամանակներուն, ոտնահարելով Արցախի հերոսական սխրանքը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Ա. Դրամատիրական Հանրապետութիւնը ոտնահարած էր Սարդարապատի հերոսական սխրանքը, եւ որդեգրած Թուրքիոյ պարտադրած Պաթումի ստրկական դաշնագրի պահանջած «անկախութեան» հռչակումը…։ Ասոնց այս նախասիրութիւնը «թշուառ»ին եւ «անտէր»ին… ոչ թէ լոկ անցելապաշտութիւն էր, այլ՝ դիակապաշտութիւն (nécrophilie)։
- • •
Քաղաքական տնտեսագիտութեան եւ գիտական սոցիալիզմի սկզբունքներուն համաձայն, հայ Բ. Միջազգայնականները, սոցիալ դեմոկրատները եւ ռամկավարները որդեգրած են «բարի» կապիտալիզմը։ (Եւրոպայի Բ. Միջազգայնական «սոցիալիստ» եւ սոցիալ դեմոկրատ կամ աշխատաւորական (Թոնի Պլէռ) բոլոր կուսակցութիւնները, որոնք իշխանութեան հասան խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով, սոցիալիզմ չհիմնեցին, նոյնիսկ՝ կիրակեցին ոչ-բարի, վայրի կապիտալիզմ)։
Ուրեմն, մեր բոլոր նախկին աւանդական-դրամատիրականներու ցարդ ցոյց տուած տխուր վախճանին դիմաց, մխիթարական զարթօնք մը կայ այսօր՝ սկսած 2004 թուականէն. Ստեփանակերտի մէջ, հիմնումովը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդին, որ այսօր կը գործէ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի անկախ ճանչցուած պետութեան իրաւական շարունակութիւնը, որ գրանցուած ունի արդէն 28 հազար քաղաքացիներ՝ ոչ միայն Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն, այլեւ՝ Արեւմտահայաստանի որոշ շրջաններէն…։ Ունի ընտրեալ խորհրդարան՝ նախ (2014-ին) 64 երեսփոխաններով, եւ երկրորդ ընտրութեան (2018 թ. Դեկտեմբեր) 77 երեսփոխաններով, որ իր նիստերը կը գումարէ համացանցի վրայ։ Կառավարութիւնը՝ 13 նախարարութիւններով, Բ. դահլիճին վարչապետն է Սուրիահպատակ Գառնիկ Սարգիսեան անուն ճարտարագէտը, թոռը Պոլսահայ Շապուհի եւ որդին Ատանացի Վահագնի ու Շապին Գարահիսարցի Սրբուհի Տէրտէրեանի։ Իսկ Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի մնայուն նստավայրն է Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաքը։
2007 թուին, Արեւմտեան Հայաստանի պետութիւնը անդամագրուած է ՄԱԿ-ի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւանց Փորձագիտական Յանձնաժողովին, որուն նիստերուն կը մասնակցի իր մնայուն ներկայացուցիչը անկէ ներս։ Վերջերս, նախագահն ու վարչապետը Արեւմտեան Հայաստանի անունով Յուշագիր մը յղեցին Օսաքայի G20-երու գագաթաժողովին առիթով Թրամփ եւ Փութին հանդիպումին, պահանջելով գործադրութիւնը Թուրքահայաստանի Անկախութեան Մասին Դեկրետին եւ նախագահ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին, առաւել՝ 12.5 թրիլիոն տոլարի վնասուց նիւթական հատուցում մը։ Թրամփ եւ Փութին չպատասխանեցին, բայց ռուսական մամուլը երկարօրէն արձագանգեց, իսկ ազերիական մամուլը նենգափոխեց Յուշագրին բնագիրը եւ զայդ վերագրեց Արեւելեան Հայաստանի կառավարութեան…, որպէսզի յիշած չըլլայ «Արեւմտեան Հայաստան» եզրերն անգամ…։ Ազերի պետական մարդիկը եթէ չեն սիրեր BATI ERMENISTAN եզրերը, թող գործածեն՝ Օսմանեան Կայսրութեան 17-րդ դարու վարչական բաժանումներու քարտէզին վրայ օսմաներէնով գրուած ﺁﻳﺎﻻﺗﻲ ﺁﺭﻣﻨﺴﺗﺎﻥ ERMENISTAN EYALETI եզրերը…։
Արեւմտեան Հայաստանի անկախ ճանչցուած պետութեան իրաւական շարունակութիւնը եղող այս պետութիւնը յառաջապահ նոր Սփիւռքի համահայկական ոգիին, հայրենասիրական անկեղծ յանձնառութեան եւ ամէն գնով յաղթանակելու վճռակամութեան արգասիքն է։ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը իրաւասու ճանչնալու համար (Արեւմտեան Հայաստանը Թուրքիայէն պահանջելու), Տարագիր Արեւմտահայութենէն կը պահանջէ՝ կազմակերպուիլ կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր իրաւական անձնաւորութեան (personne juridique) մը մէջ։ Տարագիր Արեւմտահայութեան միակ ներկայացուցչական ընտրեալ մարմինը՝ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանն է եւ անոր կողմէ ընտրուած նախագահն ու անոր վստահութեան քուէն ստացած վարչապետը…։ Անշուշտ, 7-8 միլիոն հաշուող սփիւռքահայութեան մօտ 6 միլիոն Տարագիր Արեւմտահայութեան միայն 28 հազարի ձայները բաւարար չեն այս մարմինին տալու նաեւ՝ «կեդրոնական»ի եւ «միակ լիազօր»ի հանգամանքներն ալ։ Սակայն, փաստօրէն, միակ ընտրեալ մարմինն է (եւ կը մնայ), որ բոլոր համահայկական ոգի ունեցող, անկեղծ հայրենասէր եւ գործնապէս յանձնառու Տարագիր Արեւմտահայերը խտացնեն այս պետութեան գրանցեալ ու գործօն քաղաքացիներուն շարքերը։ Իսկ աւանդական կուսակցութիւնները, որոնք թերացան ու չպահպանեցին Նանսէնեան Անցագիրը, իրենց մեղքը կրնան մասամբ քաւել՝ եթէ խտացնեն այս պետութեան քաղաքացիներուն շարքերը, որպէսզի այդ պետութիւնը ունենայ Նանսէնեան Անցագիրի իրաւական ուժը…։
Այս պետութիւնը ստորագրեց եւ յարեցաւ այն բոլոր տիեզերական հռչակագրերուն եւ միջազգային պայմանակցութիւններուն (conventions), որոնցմէ կրնայ օգտուիլ։ ՄԱԿ-ի համապատասխան գրասենեակը պատասխանած է թէ ստացած է զանոնք։
Յառաջիկայ Հոկտեմբեր 5-ին, Հայ Նախկին Սպայից Միութիւնը, իր բոլոր միջոցներով, պիտի յարի այս շարունակուող պետութեան, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Սուրիոյ պետութեան հետ… եւ այս վերջինը կը քաջալերէ նաեւ՝ այս պետութեան վարչապետին ջանքերով կազմուած Կիլիկիոյ Ազգային Խորհուրդի գծով աշխատանքները, որոնց կը մասնակցին հայ, արաբ եւ ասորի դէմքեր ու կուսակցութիւններ (նաեւ՝ ղովմի-սուրի)։
Այս պետութիւնը մշակած է իր Սահմանադրութեան նախագիծը, որդեգրած է օրէնքներ եւ հրամանագրեր, որոնք հրատարակուած են հատորներով։
Այս պետութիւնը ունի իր պաշտօնաթերթը՝ «Հայրենիք», եւ հեռուստացոյցի կայանը։
Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող այս պետութեան քաղաքացիներն ու պաշտօնատարները կ՚աշխատին լուռ ու մունջ, առանց աղմկարարութեան, սպասելով որ Տարագիր Արեւմտահայութեան լրջախոհ եւ անկեղծօրէն յանձնառու ուժերը մասնակից դառնան իրենց հայրենաշէն սուրբ գործին։
Յառաջիկայ Հոկտեմբերի 5-ին, Հայ Նախկին Սպայից Միութեան յարումը այս պետութեան, կը սպասուի որ մեծ թափ տայ անոր զարգացումին ու զօրացումին։
Մենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի հետեւորդներս, երեսուն տարի կոչ ըրինք Տարագիր Արեւմտահայութեան զանգուածներուն՝ յարելու ՏԱՀՔ-ի ծրագրին, որպէսզի համահայկականօրէն ձեռնարկենք ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումին։ Զանգուածները եւ աւանդական կուսակցութիւնները անտարբեր մնացին։ Այս պետութեան նախաձեռնողները (2004-2019) սկսան՝ մասնաւորէն, հասնելու համար հաւաքականին, եւ՝ յաջորդական յաջողութիւններ արձանագրեցին ցարդ։ Այդ յաջողութիւնները տակաւին բաւարար չեն այս ընտրեալ ներկայացուցչական խորհրդարանին տալու «կեդրոնական»ի եւ «միակ լիազօր»ի հանգամանքները։
Տարագիր Արեւմտահայութեան ամէն անկեղծօրէն յանձնառու անդամին առաջնահերթ պարտականութիւնն է զօրացնել այս պետութիւնը, զայն դարձնելով նաեւ՝ ոչ միայն ընտրեալ, այլեւ՝ կեդրոնական եւ միակ լիազօր։