Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ Գոհացուցիչ Արդիւնքներ Արձանագրեց Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ա. Դասակարգի Խումբերու 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Լիբանանի   տղոց պասքեթպոլի  Ա. դասակարգի, 23 տարեկանէն  վար  ախոյեանութեան  մրցումներուն մասնակցեցան 12 խումբեր:

Մասնակից խումբերը  բաժնուեցան  երկու խմբակներու, իւրաքանչիւր խմբակ՝ վեց խումբ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի խմբակին մաս կազմեցին  Սաժեսը, Շամվիլը, Պէյրութը, Մութահիտը եւ  Հուփսը:  Մրցումները  ընթացան երթուդարձի դրութեամբ: Զոյգ խմբակներէն  գլխաւոր երկու դիրքերը  գրաւող խումբերը  շարունակեցին տիտղոսին համար պայքարը:

 ՀԵԸ  Անդրանիկի խոստմնալից  կազմը խմբային  մրցումներուն  ընթացքին արձանագրեց  տպաւորիչ արդիւնքներ: Այսուհանդերձ  մեր տղաքը չկրցան  մուտք  գործել  «Ֆայնըլ Ֆոր»ի   փուլը: Ախոյեանութեան տիտղոցը  շահեցաւ   Հուփսը:

   Ախոյեանութիւնը ապացուցեց, թէ  ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ  օժտուած է  խոստմնալից  եւ հեռանկարային  մարզիկներով: Մեր տղոց արդիւնքները  գոհացուցիչ  ըլլալէ բացի, ապագայի համար  պահ մը  մտածել  կու տան, այլ  խումբերու նման, քանի մը  օտար մարզիկներով   համալրել  ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութը եւ  մասնակցիլ  Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան մրցումներուն:

 ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին