«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեքշաբթի օր գումարած իր արտակարգ ժողովին ընթացքին Լիբանանի Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը հաստատեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է ինքնապաշտպանութիւնը իսրայէլեան ամէն ոտնձգութեան դէմ:
Ժողովը գումարուեցաւ Պէյթ Էլ Տինի նախագահական ապարանքին մէջ: Ժողովը գլխաւորեց Նախագահ Միշէլ Աուն: Ներկայ էին Վարչապետը առնչուած նախարարներ եւ պատասխանատուներ: