Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

«Գիտենք, Որ «Հըզպալլա» Պիտի Պատասխանէ». «Հաարէց»ի Վերլուծութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Գիտենք, որ Հըզպալլա անպայման պիտի   պատասխանէ»  այս  տողերը կը պատկանին իսրայէլեան  «Հաարէց»  պարբերականի  վերլուծաբան Ամուս Հարյէլին։

Վերլուծաբանը, որ   յայտնի է Իսրայէլ- Լիբանան     խնդիրներու  մասին իր վերլուծութիւններով նաեւ  յայտնած է, որ           Հասան Նասրալլայի  վերջին     խօսքէն  ետք եւ մինչեւ այս    պահը իսրայէլեան  ուժեր  կը գտնուին     ահազանգային վիճակի մը մէջ  յատկապէս Լիբանան-Իսրայէլ  սահմանային հատուածին վրայ։

 Հարյէլ     խօսելով  ապագայ զարգացումներուն մասին, նաեւ նկատել տուաւ, որ     շրջանի ընդհանուր վիճակը  կախեալ է  Հըզպալլայի     քայլերէն ու եթէ   կազմակերպութիւնը մեծ  քայլեր   կատարէ, ապա  Իսրայէլի    պատասխան-քայլը նոյնպէս     ծանրակշիռ կրնայ ըլլալ, բան մը  որ շրջանը կրնայ տանիլ  անկանխատեսելի    բարդութիւններու։

 

 Յիշեցնենք,  որ Նասրալլա   ելոյթ  ունենալով    սպառնալից ոճով  խօսած էր    եւ    վստահեցուցած, որ  իր կուսակցութիւնը ամէն գնով պիտի պատասխանէ իսրայէլեան       քայլերուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին