Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. Ապրիլ 1ի Սուտ vs Ամենօրեայ Սուտ

Կը պատմուի, որ  Ռումանիոյ թագաւորներէն մին ատենին ուզած է Պուխարէսթի թանգարանը այցելել: Այցելութիւնը զուգադիպած ըլլալով Ապրիլ 1ին, թագաւորէն առաջ թանգարան փութացած է նշանաւոր նկարիչ մը, որ մուտքին՝ գետնին վրայ մեծ վարպետութեամբ նկարած է տեղական թղթոսկի մը, որուն վրայ կ՛ըսեն, որ կար նոյնինքն թագաւորին նկարը…:

Թագաւորը գետինը դրամ նշմարելով կը հրահանգէ իր օգնականին, վերցնել զայն: Շուտով կը պարզուի, որ ինք զոհ գացած էր Ապրիլ 1ի կատակին….:

Այս մէկը տարիներ առաջ պատահած է սիրելի ընթերցող երբ քաղաքացին կրնար կատակել իր իշխանաւորին հետ եւ ծուղակը ձգել զինք Ապրիլ 1ի սուտով մը:

Հիմա ամէն բան շրջուած է: Հիմա միայն իշխանութեան գլուխ գտնուողն է, որ կը խափէ իր ժողովուրդին շատ յաճախ գետիններն ու օդին մէջ «դրամներ» կամ տնտեսական մեծ խոստումներ «գծել» տալով կամ «ձրիօրէն» բաշխելով բոլորին…:

Այս երեւոյթը Ապրիլ 1ի անմեղ սուտ չէ, այլեւս բնականաբար, այլ՝ ամենօրեայ ոչ անմեղ սուտ…:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին