«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի աղմկայարոյց մնալ Վանի, Մարտինի եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետներու պաշտօնանկութիւնը եւ վերջիններուս փոխարէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարներու նշանակումը։ Ինչպէս կը հաղորդէ Ermenihaber-ը, այս անգամ թեմային արձագանգած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մորկան Օրթակուսը։
«Ընտրուած քաղաքապետերը պաշտօնանկ ընելը եւ անոնց փոխարէն չընտրուած պաշտօնեաներ նշանակելը մտահոգիչ է։ Մենք մշտապէս կը խրախուսենք Թուրքիոյ հանդուրժողական դիրքորոշումը քիւրտ փոքրամասնութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան հարցը կը լուծէ ժողովրդավարութեան շրջագիծէն ներս»,- ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ 19 օգոստոսին պաշտօնէն հեռացած են Տիարպէքիրի քաղաքապետ Ատնան Սելչուք Մըզրաքլըն, Վանի քաղաքապետ Պետիա Օզգէօքչէն եւ Մարտինի քաղաքապետ Ահմեթ Թուրքը։ Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու եւ ահաբեկչութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու մէջ։
Քաղաքապետներու պաշտօնանկութիւնը քննադատած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, այդ շարքին՝ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։