«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ամերիկեան ընկերութիւն մը, որուն մասնագիտութիւնը հորերու պեղումներ են, յատուկ նաւ մը պիտի տրամադրէ Լիբանանին, որ պիտի ձեռնարկէ փորելու ընդծովեայ առաջին նաֆթային հորը, որ նաեւ պիտի պեղէ կազի փնտռտուքի համար: Այս գործողութիւնը պիտի սկսի տարեվերջին: Այսպէս յայտարարեց Լիբանանի ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանին:
Մինչ Պուսթանի Ուրբաթ օր ըրած ընկերային համացանցային իր գրառումին մէջ չնշեց միջնորդ կողմին անունը, սակայն հաւանականութիւնը մեծ է, որ այս գործողութիւնը կը կատարուի ֆրանսական Թոթալ ընկերութեան միջոցաւ:
Հակառակ այս աշխատանքին, կողմեր կան, որոնք կասկածով կը մօտենան պեղումներու արդիւնքին ինչ կը վերաբերի անոր առեւտրական պիտանելիութեան:






