«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Մաուլուտ Չաւուշօղլու Ուրբաթ օր յայտնեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Լիբանանի տնտեսութեան զարգացմամբ:
Ան այս խօսքերը արտասանեց, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը միջոցին:
Նշենք, որ Չաւուշօղլու Լիբանան ժամանած էր Հինգշաբթի գիշեր:






