ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը համայն միութենականներուն անունով կը շնորհաւորէ իր կազմի անդամներէն՝ տիար Շահան Սեմերճեանի նշանակումը Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի ղեկավարութեան մէջ:
Լիայոյս ենք, որ տիար Շահան Սեմերճեանի նշանակումը աւելի բեղմնաւոր պիտի դարձնէ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի գործունէութիւնը:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ