«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սահմանադրական Դատարանի մնացեալ 5 անդամներն ալ նշանակել: Այս նշանակումով խորհուրդը ամբողջացաւ: Այս մասին յայտարարեց, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ: Նշենք, որ նիստը գումարուեցաւ Պէյթ էլ Տինի մէջ նախագահ Միշէլ Աունի ներկայութեամբ:
Լիբանանեան ուժերու առաջադրած դատաւորներու անուններէն միմ չնշանակուեցաւ: Այս մասին դժգոհեցաւ Լիբանանեան ուժերու նախարար Ռիչըրտ Գույումճեան, որ շեշտեց թէ իրենք նախապէս ցանկէն տեղեակ չէին: Ան ցաւեցաւ, որ բարոյականութեան պակասը կայ լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ:
Ըստ Ժարրահին օրակարգի վրայ եղող 46 կէտերուն մեծամասնութիւնը աւարտեցաւ կարգ մը կէտեր յետաձգելով յաջորդ ժողովին:






