Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Նախագահները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով Օգոստոս 20-ին լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հանդիպումին արդիւնքները: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, վկայակոչելով «Ռոսիյսքայա Կազեթա» թերթը, Փեսքով նշած է, որ  Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները Պրեկանսոնի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են շրջանային տագնապները, որոնց կարգին` ղարաբաղեան տագնապը:

Փեսքովի համաձայն, բանակցութիւնները եղած են յագեցած, կառուցողական եւ վստահելի:

Ըստ մամլոյ բանբերին, անդրադարձ կատարուած է շրջանային տագնապներուն` Պալքաններ, Լեռնային Ղարաբաղ, բաւական լուրջ խօսած են կլիմայի փոփոխութիւններու եւ Հիւսիսային բեւեռի իրավիճակին մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին