Մինչ Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման թեման ամէն օր աւելի թէժ կը դառնայ, զարմանքով կարդացի ազգային երեք կուսակցութիւններէն մէկուն՝ Հայաստանի կառոյցին յայտարարութիւնը երէկ, որ կ՛եզրափակուէր հետեւեալ միտքով.
«Հանրաքուէի ճանապարհով հասնել պետութեան շահերից բխող եւ հանրութեան կողմից ընդունելի որոշման»:
Ո՛չ սիրելիներ: Հազար անգամ ո՛չ: Հանրաքուէն, ըլլալով հանդերձ ժողովրդավարութեան կարեւոր յենարաններէն մին, անոր պէտք է դիմել վերաշրջելի (reversible) հարցերու պարագային միայն: Այսինքն, օրինակի համար սահմանադրութեան փոփոխութիւն, վարչակարգի ձեւի նախասիրութիւն, տուեալ օրէնքի մը անցկացում, ինքնորոշման խնդիր, եւայլն: Նշեալները իրենց ճակատագրականութեամբ եւ կարեւորութեամբ հանդերձ, կարելի է միշտ ալ վերատեսութեան ենթարկել եւ ի պահանջեալ հարկին, ժամանակ մը վերջ, դարձեալ հանրաքուէով մը եթէ պէտք է, շրջել արդիւնքը: Նոյնը չէ, պարագան Ամուլսարի հանքագործութեան: Ան գործընթացի մէջ դրուելու առաջին իսկ պահէն անշրջելի է (irreversible): Հետեւաբար չափազանց վտանգաւոր խաղ է, որուն արդիւնքները անվերահսկելի կրնան ըլլալ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի երկրի մը, ուր մենք գիտենք քուէն քանի դրամ կ՛արժէր ժամանակին: Այսօրուայ փոփիւլիզմի առկայութեամբ իրավիճակը աւելի եւս վտանգաւոր է: Հանքին օգտագործումով երկրին թէական զարգացման եւ կամ քաղաքացիին բարեկեցիկ կեանք ունենալու մասին ամբոխավարական ոեւէ յայտարարութիւն մը անոր «մասնագէտին» կողմէ այսօր, որ ի դէպ այնքան ալ ժխտական վերաբերմունք չունի Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցով, կրնայ իր լուրջ ազդեցութիւնը ունենալ քուէարկութեան արդիւնքին վրայ:
Հետեւաբար, այս եւ մեր հայրենիքին վերջին կտորին ապագային եւ գոյատեւման վերաբերող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցեր, ինչպիսին են նաեւ երկրին ապահովութիւնն ու Արցախի հիմնահարցը, թէկուզ յարգելի սակայն շատ յաճախ ոչ բանիմաց քաղաքացիի մը տրամաբանութեան կարելի չէ վստահիլ: Ի վերջոյ ժողովրդավարութեան բացթողումներէն ալ է այն վարկածը, ուր երկու յիմար, ձայներու մեծամասնութեան տրամաբանութեամբ կրնան յաղթել հանճարի մը…:
Կը մնայ, որ այս թեման մնայ իր զուտ մասնագիտական եւ գերառարկայական շրջագիծին մէջ, ու անոր օգուտներն ու վնասները քննարկուին գիտական ու բնապահպանական՝ զուտ մասնագիտական ոլորտին մէջ եւ ըստ այնմ շարժիլ:
Մենք դէմ չենք, մեր երկրին զարգացման: Ընդհակառակը: Ամուլսարը ապագայի համար պահ դրուած, սովետական միութեան ոսկիի կարեւոր պահեստներէն մէկն էր, որ այսօր մեր ժողովուրդին անկախ տնօրինութեան ներքեւ կը գտնուի: Սակայն, զգոյշ: Այդ տնտեսական զարգացման միջոցը, պէտք չէ ըլլայ արկածախնդրական, որուն իբրեւ արդիւնք մեր երկիրը ամբողջութեամբ… ամլանայ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ