Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Տեսանկիւն. Գուշակութեան մը Առիթով…

Ստալինին վերագրուող հետեւեալ դրուագը կայ սիրելի ընթերցող. լսա՞ծ ես.-

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն, իր պահակագունդի սպաներէն մին իր գրասենեակը կը մտնէ ու իրեն կ՛ըսէ թէ, դուրսը ապագան կրահող գուշակ մը կայ, որ եկած է իրեն հաղորդելու իր կարգ մը գուշակութիւններուն մասին, որոնք կը վերաբերին պատերազմին յառաջիկայ օրերու ճակատագրին:

Ստալին կը հրահանգէ սպային, որ դուրս գայ եւ սպանէ գուշակը: Սպան վախով կ՛ենթարկուի հրահանգին:

Ստալին զինք կանչելով կը բացատրէ. «Այդ գուշակը, որ սպանեցիր խաբեբայ կեղծաւոր մըն էր: Ան եթէ իրապէս ապագան գուշակող մէկը ըլլար, նախ իրը գուշակելով այսօր՝ այստեղ չէր գար…:

Այսքանը դրուագին մասին սիրելի ընթերցող: Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին շեշտելով, որ նոյնն է պարագան այսօրուայ գուշակներուն, որոնք բախտաւոր մէկ պահի բերմամբ հասած են իշխանութեան: Անոնք երկրի մը բոլոր լծակները իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած ըլլալով հանդերձ ամենեւին վստահ ալ չեն, որ վաղը ինչ կը սպասէ իրենց անձին, ժողովուրդին եւ երկրին: Նոյն այս մարդիկը գուշակութենէ անդին ալ անցնելով երեսուն տարի վերջ նշանակուած ժամկէտով մը մեծ-մեծ խոստումներ կու տան:

«Քիչը գնաց, ու շատը մնաց» կ՛ըսէ մեզի բարեկամ Ռաֆֆի Տէմիրճեանի ֆէյսպուքի հեգնական մէկ գրառումը:  Արդարեւ կատարուած յայտարարութեան օրէն սկսեալ քիչը գնաց, ու շատը մնաց մինչեւ 2050 թուականի այն բարեբաստիկ օրը ուր, ըստ մեր գուշակին, մեր Հայրենիքը պիտի ունենայ բազմամիլիոն բնակչութիւն (երեւի հնդիկներով բնակուած), ան պիտի ունենայ միլիոնաւոր աշխատատեղեր (երեւի ոչ անպայման երկրին քաղաքացիներուն համար), զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի հասնի տասնեակ միլիոններու (յստակ չէ, թէ այս թիւը գումարումն է այն զբօսաշրջիկներուն, որոնք յառաջիկայ 30 տարուայ ընթացքին պիտի այցելեն մեր երկիրը, թէ այդ կը վերաբերի միայն 2050 տարեթիւին…:

Մեր պարագային սակայն անպայմանօրէն գուշակ ըլլալու պէտքը չունինք, լուրջ մտահոգութեամբ մը բարձրաձայն հաստատելու, որ երկարաժամկէտ խոստումներ տալով եւ ժողովրդային գինովութիւնը պահպանելու փորձերով չէ, որ պետութիւններ կը հիմնուին, այլ պետականաշինութեան ճամբուն վրայ, պիտանի աշխատակազմով մը հաստատուն եւ ծրագրաւորուած քայլեր առնելով եւ յստակ եւ իրապաշտ տեսլականով մը միայն…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին