«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաիի Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Աունի փոխադրութիւնը դէպի Պէյթ Էլ Տինի նախագահական ամառային ապարանքը, որ կը գտնուի Շուֆի մէջ ստեղծած է դրական մթնոլորտ մը, Ալէյի մէջ պատահած դէպքէն ետք:
«Շուֆը չի կրնար գոյատեւել առանց համակեցութեան» ըսաւ Ռաաի շարունակելով, որ Աունի փոխադրութիւնը դէպի Շուֆ համակեցութեան խորհրդանիշ մըն է






