Երկուշաբթի, 09. 03. 2026

spot_img

ԵԱՀԿ Դիտարկում Պիտի Իրականացուի Շփման Գիծի՝ Օմարի Լեռնանցքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն 21 օգոստոսին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում պիտի կայացնէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին՝ Օմարի լեռնանցքին մէջ:

Արցախի ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Պեթրիկան (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուսթըրը (Գերմանիա):

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման կայացման եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին