«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի խոստացած է, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը պիտի «տքնաջան աշխատի» յառաջիկայ օրերուն: Վարչապետին այս խօսքը եկաւ վարչապետարանին կողմէ յառաջիկայ հինգշաբթին կառավարական նիստի օր ճշդուելէն ետք:
Կառավարութեան նիստի օրակարգերուն վրայ կան 46 կէտեր: Նիստը ընթացք պիտի առնէ Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 11:30ին: Նիստը պիտի նախագահէ Նախագահ Միշէլ Աուն: Գումարման վայր ճշդուած է Նախագահական ամառնային նստավայրը՝ Պէյթ Էլ Տին:
Հարցերը իրենց բնականոն ընթացքին մէջ են ըսաւ Հարիրի եւ անոնք աւելի եւս պիտի բարելաւուին յայտարարեց ան, Պէյրութի օդակայանին մէջ ապահովական նոր կարգադրութիւններու բացման արարողութեան ընթացքին:






