Շաբաթ, 17 Օգոստոս 2019-ին հանդիսաւորապէս աւարտեցան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համահայկական 7-րդ Մարզախաղերը:
Համահայկական 7-րդ Մարզախաղերուն մասնակցեցան 35 երկիրներու,161 քաղաքներու 5244 մարզիկներ:
Լիբանան, 170 մարզիկներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ 14 օրերու վրայ երկարող մարզախաղերուն, ներկայացնելով երեք լիբանանեան քաղաքներ՝ Պէյրութ, Պուրճ Համուտ եւ Անթիլիաս:
Լիբանանի պատուիրակութիւնը չորս մետալ յաջողեցաւ ձեռք բերել Համահայկական Մարզախաղերէն, որոնց երեքը ապահովեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմը՝ մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ:
ՀԵԸ-ի աննախընթաց յաջողութիւնը արձանագրուեցաւ փինկ փոնկի մրցումներուն, շնորհիւ Մարիանա Սահակեանի, Նինա եւ Աննա Մարգարեան քոյրերուն:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ-ի մարզուհիները այս աննախընթաց յաջողութեան առիթով: Մեր շնորհաւորութեան խօսքը կ’երթայ նաեւ ՀԵԸ-ի մարզական վարչական պատասխանատուներուն, Համահայկական Մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութեան ղեկավար Թոնի Ճունթոյեանին, ինչպէս նաեւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամ Շահան Սեմերճեանին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ